Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անթալիայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Անգարա եւ Մոսկուա յառաջիկայ շրջանին պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի դռնփակ նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով։ Այս շաբաթավերջին արդէն կը նշուի երջանկայիշատակ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման քառասունքը՝ մինչ իր յաջորդի ընտրութեան ուղղեալ ժողովները արդէն ընթացքի մէջ են Զմմառի մէջ։
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Այսպէս, 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները՝ դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած աւանդական հանդէսով մը։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 30 յունիս 2021 թուականին հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քաղկեդոնի թեմի առաջնորդ Էմմանուէլ Մետրապոլիտին հետ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հասաւ Հռոմ, ուր դիմաւորուեցաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ դեսպան Կարէն Նազարեանի կողմէ:
Սրբազան Պապը այսօր Վատիկանի մէջ կը հիւրընկալէ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները՝ երկրի տագնապալի կացութեան պայմաններուն ներքեւ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Եդուարդ Գովան։
Անուն մը սիրելի, անուն մը յարգելի եւ անուն մը անմոռանալի։
Ան լրացուցած ըլլալով իր կեանքի օրերը, առյաւէտ բաժնուեցաւ զինքը սիրող ու յարգող անձնաւորութիւններէն, մեզմէ՝ բոլորէս։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Միշտ կը մտածեմ, որ «երիտասարդ» մնալու գրաւականը, մարդու ներքին լոյսն է։ Իմ պարագային՝ սենեակս։ Աշխատասեղանս։ Համակարգիչիս ճերմակ պաստառին եւ անոր հայերէն տառերուն դիմաց:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Յառաջաբան-յօդուածին մէջ նշած էի, որ վերնագրի «շարժ» բառը պէտք է նկատի առնել ոչ միայն իր ֆիզիքական-իրական իմաստով, այսինքն տեղափոխման կամ գաղթի, այլ նաեւ վերացական-իմացական առումով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Թերեւս ամէն հայու ականջին հասած է այս նախադասութիւնը. «Եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը գոցենք հայոց պատմութեան վերջին էջը»: Ստեղծուած ծանր կացութիւնը կու գայ ապացուցելու, թէ շատեր թերահաւատօրէն մօտեցած են այս պնդումին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայութիւնը պատմական ճամբաբաժանի մը առջեւ կանգնած է բոլոր առումներով ու բոլոր ժամանակներու կտրուածքով։ Արցախի երկրորդ պատերազմին ծանր հետեւանքները պետական ցնցումէ կամ քաղաքական տագնապէ շատ աւելին կը նշանակեն հայ իրականութեան տեսակէտէ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Հանդէսին մասնակցեցան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, դպրոցի մատակարար մարմնի անդամները, տնօրէնուհիները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Օտեսայի (Ուքրայնա) Հայկական մշակութային կեդրոնի կիրակնօրեայ դպրոցի եւ մանկապարտէզի սաները։ Հանդիպման սկիզբին կեդրոնի տնօրէնուհի Աննա Գէորգեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի եւ մանկապարտէզի գործունէութեան շուրջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զմմառու պատմական վանքի դարպասները արդէն շուրջ տասն օրէ ի վեր փակ են։ Պատմական պահ մըն է. Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը պատրաստուի ընտրել իր 21-րդ պատրիարքը, որ յատկապէս Տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի (վախճանեալ՝ 2015 թուականին) օրերէն սկսաւ կրել կաթողիկոս-պատրիարք տիտղոսը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի ելմտագէտ-հաշուապահ Եդուարդ Գովան, որ իսկական հեղինակութիւն մը կը համարուէր այդ բնագաւառէն ներս։ Յառաջացած տարիքի բերումով Եդուարդ Գովանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական խանգարուած էր։
Ֆէրիգիւղի մէջ վաղը երեկոյեան նախատեսուած է համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու. «Պոլսահայ կրթական համակարգը դժբախտաբար կ՚ընթանայ դէպի սնանկութիւն»:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի զանազան մարզերուն եւ բնակարաններուն մէջ խնդիրներ յառաջացած են ոռոգման եւ խմելու ջուրի հետ կապուած։ Այնպէս չէ, որ խնդիրը նոր է։ Որքան կը յիշեմ, ամրան ջրամատակարարման խափանումներ եղած են՝ անկախ վարչախումբերու եւ իշխանութիւններու բնոյթէն։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է շարունակէ շփումները Ռուսաստանի հետ։ Մերքել երէկ Պերլինի մէջ յայտնեց, որ Մոսկուայի իշխանութիւններու հետ ուղղակի շփումները հնարաւորութիւն պիտի տան նաեւ խօսիլ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ առկայ առաւել վիճայարոյց նիւթերու շուրջ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ընտրուեցաւ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան։ Այս վերջինը կը յաջորդէ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեանին, որ 2006 թուականէն ի վեր կը նախագահէր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ հերթական գրառումներով հանդէս եկաւ՝ երկրի սահմաններու առկայ ծանր կացութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաջողութեան համար։ Ուաշինկթընի շնորհաւորականը Երեւան հասաւ՝ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան վերջնական արդիւնքի պաշտօնական հրապարակումէն անմիջապէս վերջ