Արխիւ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում.- Գիրքի մը մէջ հետեւեալ հարցումին հանդիպած եմ. յստակեցում կ՚ուզեմ:
«Ի՞նչ էր Յիսուսի աւարտը յարութենէն ետք»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
-Զը՛նկ, զը՛նկ, զը՛նկ... տը՛նկ, տը՛նկ, տը՛նկ…
Խեղճ կուզիկին անվախճան յանկերգն է աս, փողոցները դանդաղ-դանդաղ ժուռ եկած ատեն, գինովի ինքնամփոփ, ինքնամոռաց գնացքովը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Փարիզի Դպրոցասէր միութեան վարժարանի եւ Մարսէյլի Համազգայինի դպրոցի աշակերտները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ֆրանսահայ աշակերտներուն, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ քառասունի։ Աշակերտներուն ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ֆրանսահայ բարերարներէն Սարգիս Պետոյեան։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այս առաւօտ Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու։ Յունաց Պատրիարքը Ս. Զատկի կապակցութեամբ ջերմ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց մեր համայնքին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի անձին մէջ։ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին կ՚ընկերանար միաբան հայր սուրբ մը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Նիւ Եորքի մէջ վերջերս համերգ մը տեղի ունեցած է նախկին պոլսահայ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի ծննդեան 75-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Այս փառաշուք ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի, Հայ օգնութեան ֆոնտի, «Հայ ժողովուրդի անմիջական օգնութիւն»ի եւ Հայկական ռատիօժամի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Դիտարկումներ՝ Սուրբ Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած տօնական ընդունելութենէն։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան դրական պատգամներ փոխանցեցին համայնքային շրջանակներուն։
23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը տօնուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ։
Ազգային գերիշխանութեան տօնին զուգահեռ կը նշուի խորհրդարանի հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձը։
Թուրքիա շաբաթավերջին մեծ ցնցում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած ահաբեկչական յարձակման վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, չորս զինուորներ նահատակուեցան ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով, ինչ որ խոր յուզում եւ ցասում յառաջացուց երկրին մէջ։
Երէկ, առաւօտեան ժամերուն աշխարհ ցնցուեցաւ Սրի Լանքայէն հասած ահաբեկչական ահաւոր յարձակումներու շարքի մը լուրերով։ Այսպէս, մայրաքաղաք Քոլոմպոյի մէջ նոյնաժամանակ ութ ռմբակոծում տեղի ունեցաւ։
Ուքրայնայի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա արդէն ընտրութեան երկրորդ փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկաւ Վլատիմիր Զելենսքի։
Cumhurbaşkanı Sayın Recep Tayyip Erdoğan'ın, Paskalya münasebetiyle yayımladıkları mesajları aşağıda sunulmaktadır:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։ Տաղաւարի առթիւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ, բոլորը զիրար ողջունեցին տօնական աւետիսով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը պայքարներով եւ փորձութիւններով լեցուն է, ինչպէս նաեւ անակնկալներով։ Արդարեւ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու համար «յատուկ ծրագիր» մը ունի, որ մաս կը կազմէ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
2019-ի Ս. Յարութեան տաղաւարի նախասեմին արդէն իսկ հասած ենք եւ Յարուցեալ Փրկիչը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կը կամենայ իր Աստուածային կեանքի պատգամով զօրացնել մեր հոգիները։ Տօնական մթնոլորտը արդէն իսկ սկսած է մեզ ներգրաւել Ս. Գիրքի տողերու իմաստին, որոնց խորհուրդին գլխաւոր կիզակէտը կը հանդիսանայ Ս. Յարութեան խորհուրդը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Վասնզի Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ» Ղուկաս 13:31
«Քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» Ղուկաս 13:34
«...Եւ դուք չուզեցիք» Ղուկաս 13:34
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գարունը իր զով թեւերով պարուրեց մեզ դարձեալ, հայրենի զգլխիչ գարնան մեղեդին լսելի է ամէնուրեք. պատշգամէն ներս կը հոսին թռչուններու գեղգեղանքը, նորափթիթ տերեւներու թարմ կանաչը աչք կը քթթէ, ծաղկած ծիրանիները, կեռասենիները անզուգական գեղեցկութեամբ մը կ՚օժտեն այս պաստառը. արեւը վերէն ժպիտով կը հետեւի անցուդարձին:
Դուրսէն լսուող պոռչտուքը կ՚ընդհատէ պահին գեղեցկութիւնը:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«Յամենայն ժամ զմահն Յիսուսի ի մարմին մեր կրեսցուք, զի եւ կեանքն Յիսուսի ի մարմինս մեր յայտնեսցին… Այսուհետեւ մահ ի մեզ զօրանայ, եւ կեանք՝ ի ձեզ»։ (Բ. ԿՈՐՆԹ. 4։10-11)
Պօղոս առաքեալ, Եփեսոսի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (2.5)։ Առաքեալին այլ նամակներուն մէջ եւս շեշտուած յիշեալ հաստատումը, նպատակը կը կազմէ Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան, եւ հետեւաբար, առանցքը՝ քրիստոնէական հաւատքին։
Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ իր հաւատացեալ հօտին։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։
Թրքահայութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարը տօնախմբեց աւանդական շուքով. մեր բոլոր եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Գումգաբուի ընդունելութեան ժամանակ համայնքային խնդիրներու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան շինիչ մթնոլորտով - Իսթանպուլի կուսակալին կողմէ Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորանք։