Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր արժէքներն ու բարքերը ահաւոր կերպով սկսած են անկում ապրիլ, եւ այդ անկումին որպէս հետեւանք դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի քաոսի մը, որ յայտնի չէ, թէ դէպի ո՛ւր կ՚երթայ այս ամէն ինչը:
Բարոյականութիւն, սկզբունք, արժէք, հաւատք, նուրիուածութիւն, հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն, այս բոլորը կարծէք անցեալին վերաբերող երեւոյթներու վերածուած ըլլան, եթէ չըլլան մատներու վրայ հաշուող մարդիկ, որոնք խենթերու նման տակաւին կը շարունակեն կրել այս յատկութիւնները եւ հակառակ կեանքին պարտադրած պայմաններուն, ամուր կառչած կը մնան այս յատկութիւններուն, հաւատարիմ մնալով իրենց մարդ կոչումին:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ երէկ անցուցին հաճելի օր մը։ Տղաքը հաւաքաբար այցելեցին «Աքուափարք», Ֆլորիա։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ, եթէ իր երեսէն Հայը անհետանայ վերջնական չքացումով: Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած, եթէ Հայը արդիւնաւորէ, անգամ մը եւս, իր հանճարին թաքուն ուժերը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան սեմին մէկտեղուեցաւ մանուկներու եւ տարեցներու հետ:
Նորին Սրբութիւնը այցելեց Էջմիածնի բարեգործական ճաշարանն ու «Քիւրքճեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնը, ուր յանձնեց նուէրներ:
Անգարայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթավերջին կը մեկնի Մոսկուա:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի միջեւ նոր հանդիպման մը հաւանականութիւն:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Սպանիա, ուր ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ տեղւոյն հայութեան կողմէ։ Սպանիոյ մէջ հայութեան հետքերը կը հասնին մինչեւ 16-րդ դար։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Պաղտատ։ Իր հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ։ Նախապէս չէր յայտարարուած այս այցելութեան մասին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Նոր տարուան առաջին օրերուն կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Մոսկուայի մէջ կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Բանբեր Մարիա Զախարովա. «Քրեմլին կ՚ընէ իրմէ կախեալ ամէն ինչ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ապահովելու համար»:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Մեծ մարգարէ մը յայտնուեր է մեր մէջ, Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է» (Ղկ 7.16)
«Դուն քու գալուստիդ խորհուրդը առաջուց գուշակեցիր Իսրայէլի մարգարէներով զորս ընտրեցիր. անոնք Ս. Հոգիին միջոցաւ բազմաթիւ օրինակներով խօսեցան. ողորմութիւն եւ մեղքերու թողութիւն տուր մեզի, Փրկիչ» (Շարական)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ սխալ որոշումներ տալ, սխալներ գործել մարդ էակին համար բնական պէտք է համարուին, քանի որ ան թերութիւններ ունեցող, բայց միեւնոյն ժամանակ խորհող՝ բանաւոր էակ մըն է։ Եւ ահաւասիկ, սխալ խորհող, սխալ գործող բայց իր սխալին անդրադարձող եւ իր գործած սխալէն դաս առնող մարգարէ մը՝ Յովնան մարգարէ, որուն մասին Աստուածաշունչը կը վկայէ Դ. Թագաւորաց գրքին մէջ։
Հոլիվուտի մէջ ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին Սայաթ Նովայի մասին ժապաւէն մը արտադրելու ուղղութեամբ:
Ուրոյն բեմագրութիւնով մը աշուղին դերը պիտի կատարէ Յովհաննէս Պապախանեան: Նկարահանման համար կը փնտռուի հովանաւոր մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ Էրտողան շնորհաւորեց Ալիեւի ծննդեան տարեդարձը եւ անոր մաղթեց առողջ, երջանիկ կեանք մը։
Ամանորի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այցելեց Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցի էութեան շուրջ միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելի լաւ լուսաբանուի»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ վճռակամ մնալ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու ուղղութեամբ։ Ան աւելցուց, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանձինն չէզոքացնելու ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։
Պատրիարքական Աթոռը Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ ուրախակից՝ քաղաքիս քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ այցելեց Ֆէնէր, ուր ընունուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. յունաց պատրիարքին կողմէ:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը, որ միեւնոյն ժամանակ սարկաւագներու տօնն է։ Այս առթիւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած Աւետարանական սերտողութիւններու մասնակիցներն ու թաղի յարակից մարմիններու անդամները նախընթաց օր համախմբուեցան Նոր տարուան առթիւ։ Այս առթիւ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ մը՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վաղը՝ դեկտեմբերի 27-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին պիտի տօնէ Յիսուս Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն՝ Ս. Պետրոսի ու Ս. Պօղոսի յիշատակութեան օրը։ Ամէն տարի վերոշիյեալ սուրբերուն յիշատակի օրը կը տարբերի. կը նշուի Սուրբ Ծնունդին նախորդող աւագ տօներուն ժամանակ։ Ս. Պօղոսն ու Ս. Պետրոսը Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն էին։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէնը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Հայկակ Արշամեան. «Երիտասարդութեան հետ այլեւս ուրիշ ձեւով պիտի աշխատինք, որովհետեւ նոր սերունդը չ՚ուզեր լսել ծանօթ պատմութիւնները»: