Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակները ամբողջ աշխարհի մէջ կ՚ոգեկոչուին՝ մինչ համայն հայութիւնը կը խոնարհի անոնց նուիրագործուած յիշատակին առջեւ:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին ծաղիկներու կոյտ:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին ընթերցուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի պատգամը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն մարդ գի­տէ, թէ ի՛նչ է «բա­րի»ն եւ ի՛նչ է «ար­դար»ը։ Եւ դար­ձեալ կը կար­ծուի, թէ բա­րին եւ ար­դա­րը հա­մըն­թաց ար­ժէք­ներ, ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ են։
Ար­դա­րեւ, չեն սխա­լիր ա­նոնք, որ բա­րին եւ ար­դա­րը ի­րե­րա­մերձ ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ կը նկա­տեն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հայ իրականութեան մէջ լոյս տեսած են ազգագրութեան նուիրուած քանի մը պարբերականներ եւ թերթեր: Անոնցմէ առաջինը «Ազգագրական հանդէս»ն է՝ հայ ազգագրական առաջին պարբերականը, որ հրատարակուած է 26 հատորով եւ որուն բոլոր հատորները թուայնացման ալիքին հետ, համացանցի մէջ են՝ թուայնացուած տարբերակով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Կը տեղեկանանք, որ Թաքսիմ մարզակումբը ձեռնամուխ եղած է համերգի մը կազմակերպման։ Երէկ, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանը՝ ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզի, որ կը համակարգէ այս համերգային ծրագիրը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանն ու իր ընկերները։ Թաղականներուն ուղեկցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Sayın Aram Ateşyan
Türkiye Ermenileri Patrik Genel Vekili
Çok değerli Ermeni vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum. 
Birinci Dünya Savaşı’nın zor ve sıkıntılı şartlarında vefat eden Osmanlı Ermenilerini anmak üzere, bugün İstanbul Ermeni Patrikhanesi’nin çatısı altında toplanmış bu­lunuyorsunuz.

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

«Իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ Երեւանի շրջագայութեան պէտք է սկսի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն»:
Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան. «Փափաքեցայ անգամ մը եւս հպարտութիւն զգալ՝ տեսնելով մեր հնութիւնները»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ծանր Կիրակի մը: Եթէ ուզենք մէկ բառով բնորոշել. երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը ապա պիտի գրենք եւ ընդունինք, որ ծանր օր էր:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը տօնուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
Ազգային գերիշխանութեան տօնին զուգահեռ կը նշուի խորհրդարանի հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Զգօն Ծ. Վրդ. Տէր-Յակոբեանի «Սէր եւ ամուսնութիւն» աշխատութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Երաժշտական մարաթոն»ը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Այսօրուան պատանիներն ու երիտասարդները նախորդ սերունդներէն աւելի լեզուներ գիտեն եւ բոլոր ժամանակներէ աւելի հաղորդակցելու արհեստագիտական միջոցներու կը տիրապետեն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին, «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-հրապարակային ձեռնարկ՝ նուիրուած արեւմտահայ երկու տիտաններու՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ Գրիգոր Զօհրապի:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի: «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» Բ. տարի դասագիրքս յանկարծ աչքիս զարկաւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Հայ Եկեղեցին իր հիմնադրութեան օրէն իսկ միշտ տէր կանգնած է որբին, այրիին, կեղեքեալին եւ աղքատին։ Եկեղեցին թանգարանացած վայր մը չէ, այլ ան կենդանի, շնչող ու սփոփարար սպեղանի է իւրաքանչիւր հայորդիի համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթէ մը ի վեր Երեւանի մէջ էինք, ուր ականատես եղանք Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ծնունդ առած փոթորիկին։ Շուրջ երեք տասնամեակի անցեալ մը ունի Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը, որու կայացման գործընթացը զուգորդուած է ծայր աստիճան բարդ պայմաններով։ Երիտասարդ պետականութեան ու առաւել եւս երիտասարդ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ ներկայ տագնապալի իրավիճակը ունի յատկանշական բնոյթ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ զայն։ Քանի որ ո՛ւր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հո՛ն եմ՝ անոնց միջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018

Իսթանպուլի պետական օփերայի մանկանց երգչախումբը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու կարեւոր համերգներով։ Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, «Զորլու» առեւտուրի կեդրոնի սրահին մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գրաեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը, ըստ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի, միօրեայ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ շնորհաւորելու համար պետական աւագանիի երկու բարձրագոյն դէմքերը։

Էջեր