Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս աշխարհի մէջ տրամաբանութիւն պէտք չէ փնտռել, որովհետեւ այդ մէկը փնտռելը ինքնին անտրամաբանական է, իսկ եթէ այդ մէկը փորձէք փնտռել Հայաստանի մէջ, ապա… ձեր մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը քայքայուած է եւ գուցէ անբուժելի ախտով մը կը տառապիք:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Աստուածաբանական եւ ընկերաբարոյական նիւթեր. Բ. հատոր», Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդին՝ Տ. Մակար արք. Աշգարեանի թարգմանական արգասիքի պտուղներէն մէկն է, որ լոյս տեսած է 2025-ին, Հալէպ:
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը այս տարի եւս քէրմէս մը կազմակերպեց՝ Ամանորի ընդառաջ։ Ծնողաց միութիւնը երկար տարիներէ ի վեր այս աւանդոյթը կը տեւականացնէ՝ աջակցելու համար դպրոցի շարք մը կրթական ծրագրերուն։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը այս շրջանին կը նշուի հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ առաջնահերթ տեղ գտնելով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ վերջին շրջանի հերթական յայտարարութեամբ՝ այս անգամ դիւանապետ Տ. Արշակ արք. Խաչատրեանի բանտարկութեան բերումով։
Ֆրանսա եւ Չինաստան պիտի զարգացնեն համագործակցութիւնը՝ համաշխարհային տագնապներու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Փարիզի եւ Փեքինի այս մտադրութիւնը հասունցած է՝ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան մթնոլորտին մէջ։
Ռուսաստան եւ Հնդկաստան հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ իրենց համագործակցութեան նոր ծաւալներու վերաբերեալ ծրագրերուն շուրջ։ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին նոր խմորումները թափ ստացած են՝ միջազգային յարափոփոխ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Գերմանիա։ Դէպի Պերլին վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը նախատեսուած է դեկտեմբերի 9-10-ին։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ մասնակցած էր կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այցելեց Լիբանան ու Վատիկանի յատուկ եւ հոգատար վերաբերմունքը ցոյց տուաւ այդ բազմաչարչար ու գեղեցիկ երկրին: Լիբանանի քրիստոնեայ ժողովուրդը իւրայատուկ եւ մոգական կապուածութիւն մը ունի Հռոմի եկեղեցիին՝ բազմաթիւ հանգամանքներէ բխած։
Երէկ յետմիջօրէին, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալուեցաւ Կլոպալ յարաբերութիւններու ֆորումին (GIF-GRF) կողմէ:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Ծրագրի մեկնարկը բնորոշեց երէկուայ առցանց ծաւալուն քննարկումը՝ բազմակողմանի կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտին մէջ:
Երէկ, դէպի Եւրոպա կարճատեւ ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայայի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը նախ մեկնեցաւ Ժընեւ, ուր կեցութիւնը տեւեց օր մը։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի շէնքէն ներս Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը՝ կալանքի պահանջով ձերբակալեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետը:
Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան կը բանտարկուի 7 տարուայ վաղեմութեամբ կասկածի մը հետքով: Գործողութիւնը վրայ հասած է, երբ Վեհափառ Հայրապետը կը գտնուի արտասահմանի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու քսանեօթ անդամներ երէկ հանդէս եկան ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը, որով անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նկատմամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
2008 թուականին Գերմանիոյ մէջ նկարահանուած է «Ալիքը» (Die Welle) ժապաւէնը, որու բուն նիւթն է հասարակութեան մէջ լիազօրութիւններու չարաշահումը, զանգուածային հետեւողականութիւնը եւ բռնապետութեան գործադրման ահռելի դիւրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տէ՛ր թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ։ Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 8-9)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային պատմութեան մէջ քաղաքականութիւնը միշտ ալ նկատուած է «վտանգաւոր», որովհետեւ իւրաքանչիւր քայլ ու որոշում կրնայ վիճակագրական ըլլալ եւ հասարակ խօսքն անգամ կրնայ զէնքի վերածուիլ:
Տարուան վերջին ամիսը արդէն իր հետ բերած է Ամանորի ոգեւորութիւնը։ Թէեւ տակաւին բաւական երկար ժամանակ մը կայ մինչեւ Կաղանդ, սակայն, համայնքէն ներս բարձր տրամադրութիւնը գետի նման վարարիլ սկսած է։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Արա Չընարն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։