Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը շարունակուին եռակողմանի ձեւաչափով բազմաբնոյթ ուղղութիւններով նիւթերու քննարկումները:
Արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Միխէյիլ Ճանելիծէ եւ Էլմար Մամետեարով կարծիքներ կը փոխանակեն տարածքաշրջանային համագործակցութեան շուրջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Հայաստանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» ազգային օփերայի եւ պալէի թատրոնը երէկ երեկոյեան հանդիսաւորապէս բացաւ նոր խաղաշրջանը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Հայկական կերպարուեստի 25 գլուխ գործոցներ՝ Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառէն ներս:
Մինչեւ ամսավերջ պիտի շարունակուի ձեռնարկը, որու բացման պատուոյ հիւրն էր Վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին ընթացքին արտայայտուեցաւ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր ելոյթի սղագրութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Իսթանպուլի հայ համայնքի օրերը Հայաստանի մէջ» ծրագրի 2017 թուականի փուլը նշանաւորուեցաւ մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի սաներուն անմոռանալի ու գերազանց համերգով, որ ձօնուած էր Յովհաննէս Չեքիճեանի 90-ամեայ յոբելեանին եւ որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կենդանի առասպել երաժիշտ մը՝ Տիգրան Մանսուրեան:
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը հերթական յաղթանակը տօնեց երեւանի օփերայի բեմին վրայ եւ արդարօրէն արժանացաւ երախտագիտութեան մետայլի:
«Արամ Խաչատուրեան» սրահի երդիքին տակ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան անդրադարձաւ մշակոյթներու միջեւ կառուցուած կամուրջներու: Մենակատարներն ալ պարգեւատրուեցան՝ ծափահարութիւններու տարափի մթնոլորտով:
Ֆէրիգիւղցիներու ուղեւորութեան իմաստը լիարժէք արտայայտութիւնը գտաւ՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի նուիրական կամարներուն ներքեւ կատարուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութեամբ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնութեան գիր մը ուղարկեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ օրհնութեան գիրը, զոր ընթերցեց դպրապետ Սեդրակ Սարկաւագ Տավութհան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն

Սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք համահայկական 6-րդ համաժողովը պարտ էր որակական յաւելումներով համախմբել մասնակիցները. սակայն, որոշ հերթականութեամբ կայացող այս համաժողովները կարծէք օրկանական կապով մը չեն զօդուած իրարու եւ իբրեւ հետեւանք՝ որակական չափելի վիճակ մը կարելի չէ փնտռել:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Քարին տակ գիւղէն ոչ հեռու, դիմահայեաց լանջին, հերթական տարին է, որ կ՚աշխատին խումբ մը հնագէտներ: Անոնք արդէն հասցուցած են, առնուազն հնագիտական շրջանակներու մէջ, շրջանառութեան մէջ դնել նոր անուն՝ Քարին տակի քարանձաւը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջոյնի խօսք մը փոխանցեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ պատգամը, զոր ներկայացուց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր՝ 5 Սեպտեմբերին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ - AGBU) Լոնտոնի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի «Սոհօ» պանդոկի ցուցադրութիւններու սրահին մէջ կը կայանայ «Ոսկան Երեւանցի» շարժանկարի ցուցադրութիւնը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վիշտ, ցաւ, տառապանք. այս բոլորը կեանքին անբաժանելի եւ անխուսափելի իրողութիւններն են։ Ասիկա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, քանի որ չկա՛յ մարդ՝ որ դիմաւորուած չըլլայ անոնց՝ երկար եւ կամ կարճ ժամանակով մը իր կեանքին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը կ՚ամփոփէ քառորդ դարու արդիւնքները:
Արա Վարդանեան. «Մեր կառոյցը արժանացած է համայն հայութեան ճանաչման ու եղած՝ միշտ արդիական»:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

Այս առաւօտ ժամը շուրջ 07.40-ին պայթում մը տեղի ունեցաւ Իզմիրի մէջ։ Քաղաքի Պուճա գաւառակէն ներս, «Տենիզքենթ» սիթէի մօտակայքին պատահեցաւ այս դէպքը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Երեւանի մօտ Եգիպտոսի դեսպանութեան, վերջերս Հայաստան այցելեցին խումբ մը եգիտպացի լրագրողներ: Լրագրողներու պատուիրականութեան գլխաւոր նպատակն էր յատուկ նիւթեր պատրաստել Հայաստանի մասին, եւ յատկապէս, կեդրոնանալ զբօսաշրջութեան ոլորտին վրայ, ինչպէս նաեւ յօդուածներ հրատարակել եգիպտական մամուլի մէջ. տեղւոյն լայն հասարակութիւնը իրազեկելու համար Հայաստանի տարբեր կողմերուն մասին եւ քաջալերել հանդիսանալու երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջային յաւելեալ կապեր հաստատելու կապակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը՝ Տաւուշի մարզի Իջեւան շրջանին մօտակայքը, Ենոքաւան գիւղէն 3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ լայն անտառներով պատուած, խորհրդաւոր վայր մը կայ, որ մանաւանդ վերջին տարիներուն գրաւած է թէ՛ հայ, թէ՛ օտար այցելուներու ուշադրութիւնը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ՝ «Բնութեան այն հիանալի՜ համակարգը, անջրպետի ներդաշնակութիւնը, լոյսին ազդեցութիւնը, ամէն տեսակ ապրող-կենդանի էակի գոյութիւնը եւ գործունէութիւնը՝ անվերջ հրաշքներ են»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Արեւմտահայ գրականութեան վիթխարիներէն Գրիգոր Զօհրապի սոյն հատորին գրութիւնները լաւագոյնս կը բացայայտեն մեր առօրեայ կեանքը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Չեն թողնում, բալէս, որ էնտեղ՝ մի քիչ հեռու, քաղաքին մօտ գնամ ու պամիտորներս մի քիչ թանկ վաճառեմ, թէկուզ 100 դրամի:
Եօթանասունը անց մամիկին հնչիւնները մի առ մի կը կրկնուին մտքիս մէջ, պատկերն ալ կարծես դաջուած է բիբիս վրայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

«Շիրակի էսքիզներ» հանրապետական պարային 4-րդ մրցոյթ-փառատօնի կալա-համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 28-ին, Կիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի դահլիճին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017

«Հնչիւն եւ լռութիւն. երաժիշտը եւ նուագարանը դարերու հոլովոյթին մէջ» ժամանակաւոր ցուցադրութեան փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան թանգարան-կաճառին մէջ։

Էջեր