Արխիւ
Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւններու առկայ լարուած իրավիճակին մէջ Եգիպտոսի խորհրդարանը կը պատրաստուի իր օրակարգին վրայ ընդգրկել բանաձեւ մը, որով նախատեսուած է Թուրքիոյ դատապարտումը՝ 1915-ին հայոց դէմ իրագործուած կոտորածներուն բերումով։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած Օկիւն Սամաստ վերջերս դիմում մը ներկայացուց Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանին, ուր կ՚ընթանայ այս գործին վերաբերեալ դատավարութիւնը։ Ներկայիս այդ ատեանին մօտ ընթացքի մէջ է հանրային պաշտօնեաներու զանցառութիւններուն նիւթը, որ այս գործի ընդհանուրին մէջ ունի առանցքային նշանակութիւն։
Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան ութերորդ անպաշտօն ժողովը:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր շրջանակային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին յաջորդ ամիս:
Սերժ Սարգսեան կրնայ տեսակցիլ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ եթէ հանդիպումը օգուտ մը բերէ:
Սէրկէյ Լաւրով եւ Ժան-Մարք Էյրօ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց կանանց հաւաքոյթ մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Նաքքաշթեփէի «Պրիճ» ճաշարանին մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 3:
Երեւանի ղեկավարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի առկայ ողբերգական վիճակին մէջ առաջին հերթին կը գերադասէ հայ համայքներուն անվտանգութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն պահ որ կ՚ապրինք, ահաւասիկ այդ պահերուն ամբողջութիւնը «կեանք»ն է։ Ուրեմն մենք «կեանք»ին մէջն ենք, անով է որ կը շարունակենք մեր ընթացքը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերադարձաւ՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։ Ինչպէս ծանօթ է, ան երէկ հանդիպում մը ունեցած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 2:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Սփիւռքը պէտք չէ իր հայապահպանման պատասխանատուութիւնները թողու Հայաստանի վրայ, առանց մէկուն միւսը չի կրնար ապրիլ»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աս ի՞նչ գէշ հոտ մը լեցուեր է նորէն մեր ննջասենեակը,- աչքերը շփելով կը դժգոհի Սարան:
-Կ՚երեւի այսօր նորէն տոտիկ պիտի եփեն,- կը շարունակէ Հռիփսիկը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վիշտ» եւ «գեղեցկութիւն». իրարու բոլորովին հակառակ, թերեւս երբեք իրարու չհամաձայնող, իրարու հետ արտասանել նոյնիսկ անկարելի երկու իրողութիւն…։
Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի սաները ուշագրաւ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն միջազգային մրցոյթներու շրջագծով։ «ԹՈՒՄՕ»էն խումբ մը սաներ վերջերս դարձան «Արեւորդի» միջազգային բնապահպանական 6-րդ փառատօնի «Մանկապատանեկան» անուանակարգի յաղթող։
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները վաղը պիտի հնչեն Կիւմրիի մէջ նախատեսուած մասնաւոր համերգի մը ընթացքին։ Այսպէս, Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները պիտի նուագուին քաղաքի «Սեւ բերդ» ամրոցէն ներս։
Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Ազատ Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացումը խանգարեց ԵՓԿ-ի ծրագիրը:
«Եփրատի վահան» գործողութիւնները կը պայմանաւորեն տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները:
Մոլտավիոյ Փոխ-վարչապետ, արտաքին գործոց եւ Եւրոպայի հետ համարկման գծով նախարար Անտրէյ Քալպուր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։ Սա Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումն էր։
Այսօր, Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հանդիպումը, որ ութերորդն է իր նմաններու շարքին։ Այս հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի տանտիրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան եւ Եդուարդ Նալպանտեան Պրիճիթ Պրինքի հետ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5-6 Դեկտեմբեր թուականներուն եւ ան պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած են Պինալի Եըլտըրըմի հանդիպումները՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յաջորդ շաբթուան մէջ այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Ամենաբարձր մակարդակի այս այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ երկու երկիրներու համատեղ օրակարգին վրայ կը գտնուին շարք մը կարեւորագոյն ծրագրեր, որոնք կրնան փոխել տարածքաշրջանային համագործակցութեան կլիման։