Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

«Հայճար» միութիւնը երէկ նշեց իր հիմնադրութեան 18-րդ տարեդարձը, ինչ որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն Ուաշինկթընի մէջ են։ Այսօր, Սպիտակ տան մէջ, անոնք կ՚ընդունուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կոնստանդին Թ. խաղաղ ճանապարհով Անիին տիրելու համար 1044 թուականին Գագիկը Պոլիս հրաւիրեց։ Երիտասարդ թագաւորը վտանգը զգալով՝ չէր փափաքեր երթալ.

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 97 տարիներ առաջ՝ 20 փետրուար 1928 թուականին, Գահիրէի մէջ շինուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինութեան առիթով «Լուսարձակ» շաբաթաթերթը Բ. տարի, թիւ 64-ի հրատարակութեան մէջ կը գրէ.

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վախը՝ անծանօթին նկատմամբ, սոսկալի յուշերու, ձախողութեան հաւանականութեան եւ առանձին մնալու մտահոգութեան ծնունդն է։

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Հնակարկատին մեծ ասեղը փոքրիկ տղուն բերած վարդագոյն ծաղկաւոր կօշիկը կը նորոգէր։ Քրոջ կօշիկն էր. քանիերորդ նորոգուիլն էր՝ չէր գիտեր, բայց գիտէր, որ իր կօշիկին վիճակն ալ երանելի չէր...

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը կը տեւէ շաբաթ մը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

Շիշլի մարզակումբը ճատրակի մրցաշարք մը կազմակերպած է ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Այս նախաձեռնութեան գծով մարզակումբին հետ համագործակցած է Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 8, 2025

Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝ Սօնա Սարուխանեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կայսեր ընծաներով վարձատրուած՝ Պետրոս կաթողիկոս վերադարձաւ Հայաստան, բայց 1024 թուականներուն ան հեռացաւ Սեբաստիոյ Սենեքերիմ թագաւորի մօտ եւ այնտեղ մնաց մինչեւ 1029 թուականը, երբ առ ժամանակ Կարսի Աբաս թագաւորի մահուան առթիւ վերադարձաւ Անի։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Բոլորը չէ, որ կը սիրեն ամառը ճանապարհորդել․ տօթը, հեւքը, ամառնային աղմուկը, խճողուած օդակայանները, ճանապարհներու փոշին՝ շատերը ետ կը պահեն ճամբորդութեան գաղափարէն, սակայն նոյնինքն ամառն է, որ հռչակուած է իբրեւ ճանապարհորդութեան եղանակ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Մի քանի օրեր առաջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր գործընկերներէն Վարանդին հետ ներկայ գտնուեցանք «Պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները հայոց պատմութեան ընթացքին» խորագրեալ բանախօսութեան, այն սպասումով, որ ըլլայ անաչառ պատմական վերլուծութիւն մը՝  ինչ որ հեռու էր մեր ակնկալութենէն: 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ահա՛ ետդարձի միւս ճամբաս.  

Դէպի «Սեւան» վերադառնալու համար սուրճ խմած պահուս մեր նստասենեակին պատերուն կը նայիմ ես. չզարմանաք.  բան մը, որ ընելու համար ոչ թէ վազելու, այլ՝ դանդաղ առաւօտի մը կարիք կ՚ունենամ ես։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցնող օրերուն Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս ականջալուր եղայ իրողութեան մը, որ մէկ կողմէ խռովք պատճառեց, իսկ միւս կողմէ մտորումներու գիրկը նետեց եւ առիթ հանդիսացաւ այս տողերը գրելու:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոսիս վանքը, ուր մասնակցեցաւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պայծառակերպութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ ունէր եռօրեայ ծրագիր մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց աշխարհի շուրջ յիսուն երկիրէ աւելի քան վեցհարիւր սփիւռքահայ երիտասարդ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ շուտով կրնայ հանդիպում մը ունենալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան. «Եկեղեցին պիտի շարունակէ առաքելութիւնը՝ անկախ հալածանքի չափէն»: «Ելքեր միշտ կ՚ըլլան, երբ ըլլայ կամք, քաջութիւն, խոհեմութիւն եւ պետականամէտ մտածելակերպ», կ՚ըսէ Սրբազանը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2025

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ - Արաբերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արդեօք պատահականութի՞ւն էր, որ ես անոր հանդիպեցայ, հիմա, նոյն այն տեղը, ուր առաջին անգամ դիտեցի զինք;

Էջեր