Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ սիրոյ վրայ խօսելով՝ մեզի կարեւոր դաս մը կու տայ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզնար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ՚ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար, հապա ճշմարտութեան խնդակից կ՚ըլլայ…». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-6)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սակայն, կայ այս բոլորէն աւելին. կը հաւատանք, որ օրէնք մը, ուսուցում մը շատ աւելիով արժէք ու իմաստ կ՚ունենայ, երբ զայն քարոզողներն ու պարտադրողները առաջին հերթին իրե՛նք յանձն կ՚առնեն ի գործ դնել՝ նախքան բարձրաձայնելն ու գործադրելը.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոլսոյ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները՝ որոնք Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ շնորհաւորութեան փութացած էին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէ ներս պաշտօնավարող աշխարհական աշխատակիցներու հետ համախմբուեցաւ՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ Կիրակոսեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիա նահանգէն ներս ծագած մեծ հրդեհները այս շրջանին վերածուած են աղմկայարոյց իրադարձութեան՝ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ դիւրացնել Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հարցերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պետականակեդրոն մտածելակերպի վիթխարի՝ անժամանակ ու անժամանցելի ժառանգութիւն կերտած հսկայ մը, որու հետքը կը բիւրեղանայ դարերու հոլովոյթին մէջ:
Յոբելեան մը՝ արժանի համազգային ուշադրութեան եւ վերածուելու երախտագիտութեան մատուցման առիթի. Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 80-ամեակը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի «Կալլիքա» թուային գրադարանը թուայնացուած եւ ազատ ընթերցման դրած է 1914 թուականին Պոլսոյ մէջ տպագրուած գիրք մը, որ կը կրէ «Յուշարձան Մ. Պէշիկթաշլեանի. Մեծ բանաստեղծին կեանքն ու գործը» եւ կը ներկայացնէ արեւմտահայ բանաստեղծ, թատերագիր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը իբրեւ քերթող, հայրենասէր, ուսուցիչ, թատերագիր, եղբայրութեան քարոզիչ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը լիբանանահայ դերձակ մը խանութ մը վարձած՝ իր մասնագիտութեամբ աշխատելով, իր ապրուստը կը հայթայթէ:
3 յունուար 2025-ի առաւօտեան, երբ աշխատանքի կ՚երթայի, տեսայ, թէ Աբօն իր խանութն է՝ արդէն աշխատանքի վրայ:
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ա՜խ, եթէ թախծոտ մարդը կարենայ երթալ: Ո՞ւր սակայն: Կարեւոր չէ…, կարեւորը եթէ կարենայ երթալ…: Անիմաստ տեղ չորս պատերուն մէջ կլոր-կլոր դարձաւ, ապա անկողինին վրայ ինկաւ…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կրկնուած է. մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով եւ տարբեր յատկութիւններով։
Բայց ո՞վ այս կոչումին համաձայն կը գործէ։
Հաւանաբար այս հարցը ամենէն դժուար լուծելի հարց մըն է։ Եւ այս հարցը մարդկային խղճի եւ մարդասիրական ըմբռնումի արտայայտութիւն մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մենք ազգ մըն ենք, որ ունինք բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք տիրացած են մեր խոր սիրոյն ու յարգանքին, սակայն այդ ակնածանքը կուրութեան չ՚առաջնորդեր մեզ (պէտք չէ առաջնորդէ), որովհետեւ անոնք մտաւորական ո՛ր բարձրութեան վրայ ալ գտնուին, չունին Պապին անսխալականութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին։ Իրաքեան Քիւրտիստանի վարչապետը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը աւարտեց իր շփումները Պոլսոյ մէջ։ Ան վերջին օրերուն հովուական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան՝ Արքեպիսկոպոսարանի Պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառի իշխանական նշաններու տուչութեան եւ այդ պաշտօնին մէջ վերահաստատման արարողութեան առթիւ։
ARA KOÇUNYAN
Türkiye Ermeni toplumunun sıcak gündemi 2025 yılının başında Surp Pırgiç Hastanesi Vakfı Yönetim Kurulu için beklenen seçime odaklı.
Patrikhane tarafından Kumkapı’daki bayramlaşma toplantısında ortaya çıkan tablo cemaatin sağduyulu kesimlerince temkinle karşılandı.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տաղաւար տօներու կը յաջորդեն մեռելոց ոգեկոչումը։ Անշուշտ այս բնական է, քանի որ տաղաւարի ուրախութեան պէտք է մասնակցնել, քանի որ անոնք ալ՝ հանգուցեալները կ՚ապրին հոգիով եւ եթէ ոչ մարմնապէս, բայց հոգեպէս միշտ ներկայ են մեր մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս կը նկատեմ, որ մեր ժողովուրդին մէջ իրապէս ալ գոյութիւն ունի «ոչխարի հոգեբանութիւն» ըսուածը, որով պատրաստ ենք մեր համաձայնութիւնը տալ նոյնիսկ այնպիսի գաղափարներու եւ մտածումներու՝ որոնց մասին նուազագոյն իմացութիւնը անգամ չունինք: Այս մէկը ուշադրութիւնս սկսաւ գրաւել աւելիով այն ժամանակ, երբ տեսայ համացանցի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն արձագանգը որոշ արտայայտութիւններու նկատմամբ. օրինակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Նոր տարուան ուղերձի ուղիղ եթերը կը նայիմ. տակաւին վարչապետը հազիւ ողջոյն ըսած արդէն մի քանի անձեր իրենց համաձայնութիւնը կը յայտնեն անոր ըսածներուն՝ այն պարագային, երբ տակաւին վարչապետը բացի ողջոյնէն բան ըսած չունի:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած հանդէսը բացառիկ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Մանկապարտէզի հինգ դասարանները հանդէսի յայտագիրը այնպիսի ոգեւորութիւնով մը գործադրեցին, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքի տօնական հրճուանքը բազմապատկուեցաւ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ներկայ տարեմուտին աւանդութիւնները վերակենդանացան՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի պայմաններով։ Ս. Ծնունդի տաղաւարին առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթ մը, որով տօնական բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։