Արխիւ
Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ընդդիմութեան զօրքերուն միջեւ նոր բախումներ Հալէպի մերձակայքին:
Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմը կը պայմանաւորէ Սուրիոյ մէջ արիւնալի դէպքերու ծագումը. լուրջ թիւով զոհեր:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբեք հարցուցա՞ծ էք, թէ ուր կ՚երթայ մարդկութիւնը: Եթէ հարցուցած էք, առանձին չէք: Հաւանաբար մեզմէ շատեր պատասխանած են այս հարցման՝ ըսելով, որ «մարդկութեան ընթացքը լաւ չէ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 37)։
Չէ՛ անցած հրաշքի դարը, եւ ոչ ալ կ՚անցնի. ուստի պէտք է իրատես ըլլանք եւ վստահինք Տէր Յիսուսի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր յաջողութեան համար պիտի ստեղծենք նոր պայման մը՝ նոր սահմանում մը. «առողջ դժգոհութիւն». ձախողութենէն յաջողութիւն անցնիլը կախուած է բաւարարուածութենէն, ինչպէս նաեւ առողջ դժգոհութենէն. իր էութեան մէջ առողջ դժգոհութիւնը մտածելակերպ է, որ կը հաւասարակշռէ դժգոհութիւնն ու գոհունակութիւնը.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Փաստ է այլեւս, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ճգնաժամի մէջ է:
Անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին եղած որոշումներն ու յաճախակի փոփոխութիւնները բնական է, որ պիտի բերէին այս ճգնաժամը, որովհետեւ գործող իշխանութիւնները սեփականաշնորհած են ՀՖՖ-ն (Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիա), որով եւ առնուած բոլոր որոշումներն ու եղած նշանակումները անտրամաբանական, չկշռադատուած, ազգային հաւաքականի շահերուն հակասող որոշումներ եւ նշանակումներ եղած են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ». (ՅՈՎՀ. Ը 12)։
Լոյսը, արդարեւ, ամենէն արագընթաց եւ ամենէն արագ տարածուող եւ շրջապատը պատող բնական երեւոյթ մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութեան ճամբուն վրայ դժուարութիւնները անխուսափելի են, սակայն, պէտք է լաւապէս հասկնալ, թէ այս սխալները արդիւնք են արտաքին հանգամանքներու, թէ ոչ սեփական հոգեբանութեան, որովհետեւ դժուարութիւններու մեծամասնութիւնը արտաքին հանգամանքներէ աւելի ծնունդ կ՚առնէ բացասական մտածողութենէն, վախէն, որոնք մեծապէս կ՚ազդեն մարդու ընտրութիւններուն եւ որոշումներուն վրայ:
Քրիստոնեայ աշխարհը հետզհետէ կը համակուի Ս. Ծննդեան տօնի բարձր տրամադրութեամբ։ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, ամէն տարի կը կազմակերպուին Ս. Ծննդեան տօնավաճառներ՝ որոնք միշտ կը համախմբեն հոծ թիւով մարդիկ։ Այդ նախաձեռնութիւնները թէ՛ պայմանաւորուած կ՚ըլլան տօնական մթնոլորտով եւ թէ, իրենց հերթին, կը պայմանաւորեն տօնական հրճուանք։
Մշակութային արէժքներու ոչնչացումը եւ իւրացումը կը շարունակուի զանազան տարածաշրջաններէ ներս:
Կոստանեան. «Հայաստանի տեսակէտէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ժառանգութեան վրայ յարձակումները»:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեան վերջերս այդ առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ իր առաջին ուղեւորութիւնը կատարեց՝ դէպի Հարաւային Ամերիկա։ Իննօրեայ այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու կանգառներն էին՝ Պուէնոս Այրէսը, Մոնթեվիտէոն եւ Սան Փաուլոն։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժինը նախընթաց օր կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ համախմբեց Է. եւ Ը. դասարաններու սաներն ու ծնողները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան կնքած է մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանը, որու ընկերացան Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Լիանա Սահակեան-Էօզպիւլպիւլ։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն ընդառաջ խնամակալները խմբագրատունս այցելեցին հանրային կարծիքը լուսաբանելու առաջադրութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գեղարքունեաց թեմի երիտասարդ առաջնորդը սրբազան դառնալէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան. «Բարեբախտաբար, ժողովուրդը երբեք չի կորսնցներ իր զգօնութիւնը, ապաւինած է իր հաւատքին եւ այդ իմաստով մեծապէս կարեւորուած է մեր հոգեւոր առաքելութիւնը»:
Երեւանի եւ Վարշաւիոյ ղեկավարութիւնները առանցքային կը համարեն գործակցութեան աշխուժացումը:
Հայաստան-Լեհաստան յարաբերութիւններու ապագան կը կառուցուի՝ հաշուի առնելով նաեւ Եւրոմիութեան վերաբերեալ ծալքերը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի յառաջիկայ դեկտեմբերի 25-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցիլ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին, որ կը կազմակերպուի Ռուսաստանի հիւրընկալմամբ։
«1964-ի աքսորներու 60-րդ տարելիցն ու պոլսեցի յոյները» խորագրեալ ուշագրաւ խորհրդաժողով:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի խօսքով սկսաւ ծրագիրը, որ ընդգրկեց նաեւ երկու վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չեն կրնար պարգեւատրուիլ անպատժելիութեամբ։ «Եթէ արդարութիւնը չհաստատուի, ապա այս պարագան պատճառ պիտի դառնայ սերունդներու միջեւ բեկման, ինչ որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը պիտի խոչընդոտէ», համոզուած է Ֆիտան։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շաբաթավերջին ձեռադրուած վեց նոր հոգեւորականները:
Նորին Սրբութիւնը երիտասարդ եկեղեցականներուն յորդորեց բարձր պահել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բարի հեղինակութիւնը: