Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը մոլեռանդ հայեր գուցէ ջղագրգռուին այս տողերէն, սակայն ամէն ժամանակէ աւելի այսօր ժամանակավրէպ կը նկատենք «Հայկական հարց» ըսուած խնդիրը, լաւապէս գիտակցելով, որ նման հարցի մը անտեսումը բարոյաքում մըն է իւրաքանչիւր հայու համար:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Ճաբոնի աւագ հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Անգարա եւ Երեւան վերահաստատեցին յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը:
Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս շօշափուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը: Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձան նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային բնոյթով հարցերու: Հարաւային Կովկասի օրակարգով ասուլիսներ:
Անգլիոյ Թագաւորական պարտիզագործական ընկերութեան կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ պարտիզպանութեամբ զբաղող երեխաները աւելի յաջող եւ խելացի են՝ քան միւսները։
Գիրքերը մեր կեանքի անփոխարինելի արժէքներն են, որովհետեւ զանոնք մեզ կը գրկեն լաւ ընկերոջ մը պէս, մեզ կը վերաբերին յաջող բժիշկի մը նման, կը բանան մեր մտահորիզոնը եւ կ՚ուղղորդեն մեզ՝ առանձին չեն թողուր…
Արցախի հերոս եւ նախկին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեան յայտարարեց. «Մեծ քայլերով կ՚երթանք դէպի պատերազմ»։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութիւնը։ Մայրաքաղաք Պաղտատի շփումները աւարտելէ վերջ, Վահագն Խաչատուրեան ուղղուեցաւ Էրպիլ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հիւսիային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ։
Արարատ Միրզոյեան ԱՆթալիայի մէջ՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ Պերլինի երկօրեայ քննարկումներու աւարտին:
Պերպոք. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան խաղաղութեան պայմանագրի խիզախ ու դժուարին ճանապարհով»:
Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի կանգնեցուի ֆրանսահայ անմոռանալի հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ Մայրաքաղաքի համանուն հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի այս արձանը՝ ի նշանաւորումն Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին։
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած 93-րդ համագումարով գործի պիտի լծուի նոր առաջին դէմքը:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահի պաշտօնին մէջ Պերճ Սեդրակեանին պիտի յաջորդէ Սեմ Սիմոնեան:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Հոլանտայի դեսպանութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Եափ Ֆրետերիքսը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց նորանշանակ հաւատարմատարը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի իր առաքելութեան արդիւնաւորման համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փրօ Օրիէնթէ» հիմնարկէն Էրնսթ Միւլլէրն ու Ռայմընտ Օրթնըրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Միջեկեղեցական բաժնի պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ԱՔ կուսակցութեան Կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու Ուղուր Սինան Շէնը։ Ներկայ էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեղքը յանցանք մըն է ընդդէմ բանականութեան, ճշմարտութեան եւ ուղիղ խղճմտանքին։ Ան, թերացում մըն է ճշմարիտ սիրոյն դէմ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ, կարգ մը բարիքներու թիւր փարումի հետեւանքով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասնիններորդ օրն է:
Այսօրուընէ սկսեալ, մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ պիտի կիսուինք Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերէն պահքի մասին գրած մտածումներով, անոնց մասին ամփոփ խորհրդածութիւններ կատարելով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հասարակութիւնները վերահսկելու հիմնական գաղափարն է՝ մարդոց միտքը կեդրոնացնել անօգուտ բաներու վրայ։ Այսպէսով վանդակի ներքեւ վազող, բայց տեղ մը չհասնող մուկի նման մարդիկ կը յոգնեցեն իրենց միտքը՝ մտածելով միայն անիմաստ ու անօգուտ նիւթերու շուրջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւելի քան դար մը առաջ, Յովհաննէս Թումանեան գրի կ՚առնէր իր յայտնի «Մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ» տողերը, սակայն վերջերս կ՚անդրադառնամ, որ մեր ազգին մէջ հոգի կու տայ նաեւ գործերն ու մարդուն արժէքը. մոռացութեան կը տրուին նաեւ անձեր, որոնք մօտիկ անցեալին կը պատկանին:
Բնութեան ծանօթանալու համար երբեք ուշ չէ եւ բազում պատճառներ կան անոր մօտենալու, մտերմանալու համար։ Ըստ էութեան, բնութիւնը մարդիկ կը մղէ աւելի հանգիստ եւ երջանիկ զգալ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դէմ։ Վերջին շրջանին Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ իր խօսոյթը խստացուցած է այս դաշինքին դէմ՝ Հայաստանի առկայ յուսախաբութիւններուն հետեւանքով։
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ աշխատանքներ Պերլինի մէջ:
Նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով բանակցութիւններ կը վարեն՝ Աննալենա Պերպոքի հիւրընկալմամբ: