Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օր մը, անժամանակ ցանկութեամբ լի,
Ուզեցի երգել հին երգս կարօտեալի,
Որուն տողերը երիտասարդ տարիքիս,
Չափած էին անյատակ խորութիւնը սրտիս։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ակռայ հանելու նշանակութիւնը մանուկին համար: Ակռաներուն դուրս գալու ժամանակները: Անկանոն ակռայ հանելը: Ակռայ հանելուն հետ առընչութիւն ունեցող հիւանդութիւններ: Տաքութիւն, փորլուծութիւն, ջղային երեւոյթներ: Առողջապահութիւն ակռայ հանելու ընթացքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարմինը՝ հանգիստի, հոգին՝ խաղաղութեան եւ սիրտը ուրախութեան պահանջքը ունի։ Արդարեւ, մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ են՝ հանգիստը, խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս հաստատումը թող զարմանալի չթուի, սակայն աշխարհի վրայ անասունները աւելի երջանիկ կ՚ապրին՝ քան մարդիկ, որովհետեւ փաստացիօրէն մարդ արարածը անասունի հանդէպ աւելի գութ ունի, քան իր նմանին հանդէպ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՚ունենայ: Բերձորի միջանցքին վրայ, Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ՝ Հակարի գետի կամուրջին կից Ատրպէյճան իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է։
Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կը շարունակուին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները:
Ուաշինկթըն Պաքուէն եւ Երեւանէն կը խնդրէ դիտարկել՝ ինչպէս լաւագոյնս պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը. երկարատեւ ու կայուն համաձայնութիւնը խաղաղութեան հիմքի վերածելու հեռանկարով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրեր առաջ համացանցի վրայ շատեր տարածեցին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքթատի Ռիատ տուած պաշտօնական այցելութեան լուսանկարները։ Դամասկոս-Ռիատ յարաբերութիւնները ո՛չ միայն պիտի բարելաւուին, այլ պիտի դառնան ռազմավարական։
ՀԲԸՄ Լոս Անճելըսի մէջ մեծարեց Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր հայազգի մեծանուն գիտնականը:
Տքթ. Արտեմ Փաթափութեան մեծ համակրանքով ու բարձր գնահատանքով շրջապատուեցաւ կալայի մասնակիցներուն կողմէ:
Թուրքիա-Հայաստան քաղաքացիական երկխօսութեան վերաբերեալ կարեւոր տեղեկագիր մը հրապարակուած է «whatisnext.blog» կայքէջին վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, երէկ, Ուաշինկթընի մէջ սկսան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան վերջերս հիւրընկալեց բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը, որու ընտանիքը այցելեց Սուրբ Քաղաք։ Ինչպէս ծանօթ է, Սեւան Տէյիրմենճեան վերջին տարիներուն կ՚ուսուցչագործէ Երուսաղէմի Հայոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններուն մէջ։
Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ շաբաթավերջին յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մէջ։ «Բերայի ձայներէն դէպի քայլեր» խորագրեալ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ «Կրան Բերա»ի համալիրէն ներս, որ Սերքըլ տ՚Օրիանի պատմական շէնքն է։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի համայնքային գործիչ Նշան Գարա այս շրջանին կարեւոր ծրագիր մը կը հովանաւորէ Հայաստանի մէջ։ Ծանօթ է, որ Նշան Գարա՝ որպէս վարչային եւ մտաւորական տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում մը կը բերէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին:
Պատրիարքական Աթոռի միաբան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը գտնուէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, շաբաթավերջին հրաժեշտ առաւ Մոնրէալէն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆինլանտիոյ Լուտերական-Աւետարանական եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ աւարտեցաւ Ֆրանսախօսութեան աւանդական միամսեակը: Մարտ-ապրիլ ամիսներուն Ֆրանսախօսութեան համաշխարհային օրերու առթիւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած է աւելի քան 500 միջոցառում, որոնցմէ մէկ մասը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, որ նոյնպէս Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ է:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հակառակ որ վաղամեռիկ Բեգլար Նաւասարդեան բանաստեղծ չէր եւ առաւելապէս ճանչցուած էր հռչակաւոր դաշնակցական գործիչ Վահան Նաւասարդեանի տղան ըլլալով, իր այս բանաստեղծութեամբ պարզունակ ու անմիջական ոճով եւ մաքրամաքուր ժայթքումով մը կը ներկայացնէ իրմէ առաջ եկած հայ սերունդին դիմագիծն ու կազմած հոգին սփիւռքի ընդմէջէն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ծնող-զաւակ յարաբերութեան մասին Առակագիրը բան կ՚ըսէ՞:
Պատասխան. Այո՛. ան կը գրէ. «Յիմարը իր հօրը խրատը կ՚անարգէ, բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ՚ըլլայ» (Առ 15.5):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը տեսնուի, որ քինախնդիր եւ ոխապահ մարդոց անօրէնութիւնը աւելի ահեղ է եւ իրենց չարութիւնը աւելի ծանրակշիռ, քան բոլոր մեղքերը եւ անօրէնութիւնները, քանի որ բոլոր մեղքերը եւ անօրէնութիւնները երբեմն բուռն կերպով կը բոցավառին եւ երբեմն կա՛նգ կ՚առնեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքի մէջ նկատած եմ, որ «Ժամանակ չունիմ» ըսող մարդիկ, ընդհանրապէս ժամանակ ունեցողներն են, որոնք անկարեւոր հաճոյքներու համար եւ զեխութեան համար մի՛շտ ժամանակ ունին, սակայն կարեւոր գործերու պարագային չունին: