Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2022

Շաբաթավերջին Մեծ կղզիի մէջ բացուեցաւ կղզեբնակ նկարիչներու աւանդական ցուցահանդէսը, որ այս տարի 77-րդ անգամ կազմակերպուած է։ Կղզեաց մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որու կազմակերպչական աշխատանքները գլուխ հանուած են Թալին Էթեմէզի կողմէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

Երբ Հարաւային Կովկասէ ներս ուժերու վերադասաւորման գործընթացը ամբողջ թափով կը շարունակուի, Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմանին վրայ բացուեցաւ Բարեկամութեան կամուրջը։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհի (անշուշտ՝ նոյնպէս Հայաստանի եւ Արցախի) մէջ ամէն օր կը գտնուին մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով անվերադարձ կը լքեն իրենց բնակարանները, հայրենիքը: Ոմանք կամաւոր, ուրիշներ դաւադրաբար տարհանուելով, կ՛երթան, կը հեռանան՝ իրենց հետ տանելով թանկագին յիշատակներ:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր իրադարձութիւնը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոնին։ Ճիշդ է, որ կարգ մը թէժ կէտերու մէջ լուծման որոշ հեռանկարներ կ՚ուրուագծուին, բայց եւ այնպէս, ընդհանրական առումով շրջանը կը շարունակէ հեռու մնալ ամբողջական խաղաղութեան մը հասնելու դրոյթներէն։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են. Առակաց գիրքէն 11.30-12.4: Զաքարիայի մարգարէութենէն 2.10-13: Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած 2-րդ նամակէն 6.16-7.1: Ղուկասու Աւետարանէն 1.39-56:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահանջք մը անոր բնութեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ղարաբաղը որո՞ւ կը պատկանի... ո՞վ է անոր իսկական տէրը:
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ազատամարտ» թերթը իր հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 1918-ը թուականի թերթի երկրորդ էջին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ինչպէս յայտնի է նախկին Կովկասի մաս կազմող Ղարաբաղի նահանգը վէճի նիւթ էր Հայաստանի եւ Ատրպատականի կառավարութեանց միջեւ՝ որոնց երկուքն ալ նոյն նահանգին մասին սեփականութիւն կ՚առարկէին»:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022

Երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Երկար տարիներէ ի վեր աւանդութիւն ձեւաւորուած է, որ ամրան ամիսներուն զանազան ձեւաչափերու մէջ կղզիի վրայ կը կազմակերպուին այս անունով ձեռնարկներ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Յետմարդասիրութիւնը (posthumanism) կը քննադատէ դասական մարդասիրութիւնը եւ կը կարեւորէ կեանքը, ոչ թէ մարդիկը։ Անդրմարդասիրութիւնը (transhumanism) կապ չունի յետմարդասիրական հայեացքներու հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մանր անձրեւ մը հեռաւոր աշնան մը մէջ,
Թռչունները կապոյտ են... կապոյտ
Եւ արտը՝ տօնական:
Մի ըսեր, որ ամպ մըն եմ օդակայանին մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը «անձ» մըն է եւ ասիկա՝ հաւասար չափով բոլոր մարդոց համար՝ հասուն կամ անչափահաս, այր մարդու եւ կին մարդու, քանի որ բոլորն ալ ստեղծուած են «ըստ պատկերին եւ նմանութեան Անձ»՝ Աստուծոյ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատեր ըսելէն չձանձրացան, սակայն մենք նոյն յանկերգը լսելէն ձանձրացանք. ո՞ւր է մտաւորականութիւնը... Ինչքա՜ն տարօրինակ ազգ է չէ՞ հայ ժողովուրդը. կ՚ուզէ մտաւորական ունենալ, սակայն չ՚ուզեր զինք լսել, կ՚ուզէ եկեղեցիներ ունենալ, սակայն չ՚ուզեր աղօթել, կ՚ուզէ դպրոցներ ունենալ, սակայն չ՚ուզեր իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկել եւ այսպէս շարունակ շա՜տ բան կ՚ուզէ հայը՝ առանց երբեք ուզելու:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

Թերթիս աշխատակիցներէն բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ շուրջ երկու շաբաթ այցելեց քաղաքս, արդէն վերադարձաւ Երեւան։ Նախընթաց օր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքը առնելով ան մեկնեցաւ եւ արդէն վերադարձած է իր պաշտօնին գլուխը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնէն ներս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ զարագացումներու սպասել. արդեօք Մերձաւոր Արեւելքի պայթուցիկ մեծ տակառը ամբողջապէս կրնա՞յ պայթիլ։
Այս հարցադրումը վերջին օրերուն հիմնական օրակարգի կը վերածուէր, երբ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան ծիրին մէջ տեղի կ՚ունենային զարգացումներ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

Էրտողան, Զելենսքի եւ Կութերես երէկ քննարկեցին պատերազմի փութով կասեցման հեռանկարները:
Ուքրայնա բանակցութիւններու սկսելու համար պայման դրած է՝ Ռուսաստանի կողմէ գրաւուած տարածքներուն ազատուիլը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան այսօր երեկոյեան հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս։ Ան Երեւան կը վերադառնայ աւարտած ըլլալով իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Իսթանպուլի մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

Երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ եզրափակուեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախկին գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի ի յիշատակ կազմակերպուած մարզական փառատօնը, որ վերջին օրերուն մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Պապատաղի գաւառապետ Պերք Աճառին։ Ինչպէս ծանօթ է, Պերք Աճառ մեր համայնքի անդամներէն է եւ նախընթաց օր պաշտօնապէս Տենիզլիի Պապատաղ գաւառակի գաւառապետի պաշտօնին կոչուած էր։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները այս օրերուն կ՚ողջունեն թերթիս աւագ սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի աշխատակցութեան վերսկսիլը։ Քանի մը օրէ ի վեր խմբագրութեանս հետ կապ կը հաստատեն մեր ընթերցողները, որոնք ուրախութիւն կ՚արտայայտեն՝ թերթիս սիւնակներուն մէջ տէր հօր գրութիւնները վերստին գտնելու բերումով։

Էջեր