Արխիւ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ապրիլ 1975: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբ: Այդ օրերուն չէինք կրնար պատկերացնել, թէ պիտի սկսինք ապրիլ նոր փուլ մը՝ բոլորովին տարբեր, քան ինչ որ ունէինք Լիբանանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիտութիւնը երբեք «օրէնք»ը խափանելու կամ փոխելու չի ձգտիր, որովհետեւ բացարձակապէս անկարելի է այդ, այլ կը ձգտի ինքզինք անոր յարմարցնելու, անոր հետ համերաշխ գործելու, եւ մէկ խօսքով՝ անոր բացարձակ հեղինակութիւնը, իշխանութիւնը ճանչնալու, եւ անոր հպատակելու։ Բնական օրէնքներու գերիշխանութենէն ազատագրուելու միակ կերպն է անոնց հպատակիլ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արդէն իսկ հասանք տեղ մը, որուն գլխաւոր խորագիրը պիտի ըլլայ՝ «յետքորոնայի ժամանակները»։ Ի զուր չէ անշուշտ, որ նման գաղափար շրջանառութեան մէջ դրուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, ուր մէկէ աւելի անուանի վերլուծաբաններ յաջորդ տասնամեակներուն համար նախանշած են, թէ ամէն ինչ, որ տեղի ունենալ պիտի սկսի քորոնա համաճարակի վերջանալու փուլի առաջին ամիսներուն՝ պիտի տեղադրուի այդ ապառնի ժամանակին մէջ, որուն ընթացքին ալ տարբեր առումներով եւ յաճախ բազմակողմանի տեսանկիւններէ բաւական մեծ եւ ցնցիչ փոփոխութիւններ երեւան պիտի գան։
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Գերագոյն խորհուրդը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուց, թէ կը շարունակէ մնալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ յառաջացած են շարք մը ցաւալի լարուածութիւններ, որոնք խոր մտահոգութիւն կ՚ընկալուին ամբողջ սփիւռքին կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու համար սահմանուած միջոցները տակաւին երկար ժամանակ պիտի մնան ի զօրու։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ներկայիս համաճարակին կը յաջորդէ նոր գործընթաց մը, որ ունի նոր չափանիշներ։
Տիար Ատենապետ,
Համացանցային միջոցներէն ցաւով տեղեկացանք, թէ Խորհրդոյդ որոշումով Էսաեան լիսէի զոյգ տնօրէններ՝ Տիկին Սաթենիկ Նշանի եւ Տիկին Առլին Եշիլթեփէի պաշտօններուն վերջ տրուած են։
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այսօր մարդկային ընկերութիւնը ամբողջովին տարբեր հոգեվիճակի մէջ է, քան նախորդ ժամանակաշրջաններուն:
Ամէն մէկ ճգնաժամային իրավիճակ մարդ անհատին մօտ կը ստեղծէ տարբեր հոգեվիճակներ. հոգեվիճակներ, որոնք կը բխին մարդկային ընկերութեան վրայ ճգնաժամին պատճառած առարկայական թէ ենթակայական ազդեցութիւններէն:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Շուարեր-մնացեր եմ: Չեմ գիտեր թէ որո՞ւն խօսքին հետեւիմ… Գործի երթա՞մ, թէ՞ շարունակեմ տունը բանտարկուած մնալ,- հարց տուաւ բարեկամս, հեռաձայնին միւս ծայրէն:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Դարու բոլոր մարդոց պէս կեանքի եւ քաղաքկրթութեան հեւքը ինծի ալ արգիլած էր բնութեան կշռոյթով շնչել:
Սարսափազդու ժահրը, պետական որոշումով, ուրիշներու պէս զիս ալ տնարգելութեան դատապարտեց:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ ապրիլի 20-ին, անսպասելի չէր, հակառակ անոր, որ ստեղծուած տագնապին հետեւանքով ամերիկեան նաւթի գինին տարողունակ անկումը՝ բոլոր առումներով ալ կ՚արձանագրէր մրցանիշ հաստատող նոր թիւեր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ». վստահաբար այս հարցումը մեզմէ իւրաքանչիւրս մինչեւ այսօր գէթ մէկ անգամ հարցուցած է ինքն իրեն: Պատասխա՞նը, նայած մեր ներքին մարդուն, մեր ընկալումներուն, մեր համզումներուն եւ մեր ապրումներուն, որոնք ընդհանուր առումով հիմնուած են մեր ստացած կրթութեան ու դաստիարակութեան եւ ապրած միջավայրին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել Տիրան Չրաքեանի «Ինտրա» բանաստեղծական-մտածողական շունչով գրուած արձակներէն նմոյշ մը։
Հատուածը կը ներկայացնենք բնատիպին բոլորովին հաւատարիմ մնալով։ Արդարեւ, Ինտրա յաճախ բառերը ձեւափոխած է ազատօրէն՝ յստակ նպատակով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ծայր տուած վերջին տարակարծութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել սփիւռքեան շրջանակներու օրակարգը։ Այս իրավիճակին մէջ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան յայտարարեց, որ թրքական Eximbank-ը վերջերս ապահոված է 678 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սենտիքասիոնի վարկ։
Համաճարակի պատճառաւ ցնցուած համայնքային տնտեսական վիճակի ամենէն բեկումնային գծին վրայ կը գտուին սահմանափակ եկամուտ ունեցող մեր վարժարանները եւ անոնց ելեւմտական լուրջ բացերը։ Այս ուղղութեամբ Պատրիարքական Աթոռին դիմում ներկայացուցած վարժարաններու համար պատրաստուած է ուղեգիծ մը, որ կը ներկայացուի ստորեւ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործեն համաճարակի ծանր հետեւանքները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վրայ... Միջոցէ մը ի վեր այս հարցումը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայնքային շրջանակներու օրակարգը։ Մտահոգ սպասումի առկայ մթնոլորտին մէջ, երէկ, Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուեցաւ լուսաբանութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիրան Չրաքեան (1875-1921) ծանօթ է՝ «Ինտրա» ծածկանունով, ծնած է Կ. Պոլիս, ուսումը ստացած է Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն, ապա՝ Պոլսոյ եւ Փարիզի գեղարուեստից դպրոցներուն մէջ, իբր նկարիչ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Չեմ գթար ոչ մէկ բանի
Ոչ երէկը կ՚անցնի, ոչ վաղը կը ժամանէ,
Ոչ ներկաս կը յառաջանայ կամ ետ կը մնայ:
Ոչինչ կը պատահի ինծի:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ խորհրդանշական նախաձեռնութիւն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանները Անթիլիասէն կարդացին Հայ Եկեղեցւոյ բժշկութեան աղօթքը:
Հայաստանի Ազգային ժողովը ներկայ շաբթուան սկիզբին վաւերացուց Եւրոխորհուրդի՝ «Սեռական շահագործումէ եւ սեռական բնոյթով բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» խորագրեալ պայմանագիրը։ Այս փաստաթուղթը Հայաստանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր վէճի պատճառ կը դառնայ։