Արխիւ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ համախմբեց երկրի շարք մը նախկին վարչապետները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, «Վարչապետներու ակումբ» կոչուած այս հաւաքոյթը առաջինը եղաւ իր նմաններու շարքին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան երէկուան հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ որպէս իր արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ընտանիքին կողմէ երեք արժէքաւոր ներկայացուցիչներ՝ Անի Սարաճան, Սարօ Սիրականեան եւ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեան։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախագահները անդրադարձան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ համագործակցութեան ընթացքին։
Մեսուտ Թուֆանի եւ Զաւէն Խաչիկեանի գործերը կը ցուցադրուին Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Կարսի, Կիւմրիի եւ պատմական Անիի նկարահանումներուն փայլուն արդիւնքը կը գործէ խոր տպաւորութիւն ցուցահանդէսի բոլոր այցելուներուն վրայ - Ձեռնարկը բացուեցաւ Աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաքի խօսքով։
Թուրքիոյ Մասնաւոր վարժարաններու միութեան այս տարուան համագումարը բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ մեր համայնքին տեսակէտէ։
«Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը երէկ շարունակուեցաւ Փարիզի Հրէից ողջակիզման թանգարանին մէջ:
«Ժամանակ-տարածութիւն, ցեղասպանութեան գործընթացին հանգրուանները» խորագրեալ նիստին առընթեր, խօսուեցաւ նաեւ վկայութիւններու շուրջ:
Ֆրանսահայ յայտնի խմբավար Ալէն Ալթընօղլու կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Ծանօթ է, որ ան նախկին պոլսահայ ընտանիքի մը որդին է։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հանդիսադիր Հայր Սուրբը այս առթիւ տուաւ նաեւ քարոզ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոն ուր կայ իրաւունք, իրաւունք վայելում եւ ազատութիւն, հոն կայ նաեւ պատասխանատուութի՛ւն։
Արդարեւ, աշխարհի ստեղծագործութիւնը եւ մարդ արարածին արարչութիւնն ալ հիմնուած է այս մշտնջենաւոր սկզբունքին վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախագահները անդրադարձան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ համագործակցութեան ընթացքին։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, որ անդրադարձաւ երբեմնի հայաբնակ գաւառներու այժմու մշակութային հետքերուն։
Կարէն Ջանիբէկեան յուղարկաւորուեցաւ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ:
Հոգեհանգստեան կարգին նախագահեց Տ. Յովնան Եպիսկոպոս Յակոբեան:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ թեքնիկ աջակցութեան վերաբերեալ համաձայնագրի մը նախագիծը պատրաստուած է՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս։
«Թերաքքի» հիմնարկի վարժարաններուն նախաձեռնութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ճատրակի միջվարժարանային մրցաշարք մը։ 24-րդ անգամ կազմակերպուած այս աւանդական մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղին համար պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ նշանակուած վարչութիւնը պաշտօնի կոչուած է Մարտի 1-ի դրութեամբ։
Տաղանդաշատ արուեստագէտ Մերի Մուն (Հայաստան) այս օրերուն կը մասնակցի «Մամութ արթ փրոճեքթ 2015» հեղինակաւոր ցուցահանդէսին, որ կը կայանայ «Աքքէօք հոլտինկ»ի հովանաւորութեամբ։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ ան ելոյթ մը ունեցաւ Միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (CSIS) երդիքին տակ։
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ սահմանի վրայ լարուածութիւն ստեղծելու միջոցաւ Ատրպէյճան կը փորձէ լուծել քանի մը խնդիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։