Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ողջախոհ անձը գիտէ իր մէջ պահել ամբողջականութիւնը կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն, որոնք զետեղուած են իր մէջ։ Այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ «ներքին միութիւն»ը անձին, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Իսթանպուլի կուսակալութիւնը երէկ իսկ պաշտօնապէս իրազեկուեցաւ նախօրէին Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ ժողովի գումարման եւ դիւանի կազմութեան մասին: Պատրիարքարանէն նահանգապետարան ուղարկուած նամակը ստորագրեցին տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու:
Մինչ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի աշխատանքները թափ կը ստանան աստիճանաբար, բոլորին ուշադրութիւնը տակաւին առաջին քայլափոխին կեդրոնացած է երկու հիմնական առաջնահերթութեան վրայ. կանխել ժամանակի կորուստներն ու երաշխաւորել արդարութիւնը: Գումգաբուի մէջ հերթական նիստերը նախատեսուած են ամէն երկուշաբթի:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընտանիքը որպէս ընկերութիւն, անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Արդարեւ ընտանիքը անհրաժեշտ է մարդուն համար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Արան ու Անահիտը տակաւին դպրոցական տարիներէն սկսեալ սիրահարուած էին անմոռաց սիրով մը։ Իսկ զիրար ճանչնալէ տասնհինգ տարի վերջ, անոնք որոշած են սուրբ պսակով ամրագրել իրենց միութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Թուրքիա ժամանած Հայաստանի քաղաքացիներու մասին յօդուածաշարքիս կը սկսիմ խնդրի ակունքներէն։ Նախքան յաջորդ յօդուածով քննելը, թէ ինչո՞ւ յատկապէս դէպի Թուրքիա, կ՚արժէ հարց տալ՝ ինչո՞ւ արտագաղթ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Տրապիզոնի մէջ երէկ ոստիկանութեան կողմէ ձեռբակալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը։ Մաքսանենգութեան պայքարի բաժանմունքի ոստիկանները ունեցան լսում մը, ըստ որու այդ անձը ապօրինի ճանապարհով ծխախոտի արտադրանք եւ ոգելից ըմպելի մտցնել կը ջանար Թուրքիա։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Թիֆլիզ։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ ոգեկոչման յուզումնախառն արարողութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ դիւանագէտ ու պատմաբան Արման Կիրակոսեան յետ մահու պարգեւատրուեցաւ պետական բարձր կոչումով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Թոփգաբուի պալատէն ներս, Այա Իրինի տաճարի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը կոչուի՝ «Աղթամար. Սուրբ Խաչ եկեղեցի»։ Անատոլուի թաքնուած յուշարձաններու յայտնաբերման, ծանօթացման նպատակով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ թէեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին միջազգային բեմահարթակի վրայ ունի մեծ ճանաչում։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019

Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական փառատօնը առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։ Այս ծրագիրը ձօնուած է երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։ Կազդուրման կայանը վերջին տարիներուն մեր համայնքի նոր սերունդին արձակուրդ ապահովելու առընթեր, Գնալը կղզիի մէջ ընկերամշակութային շարժումներու ծնունդ կու տայ, ինչ որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը, որ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը վերստին շնորհաւորեց Պերեճիքլեանը՝ ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաղթանակին առթիւ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

«Ստեղծարար Հայաստան»ը («Creative Armenia») եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) սիրով կը յայտարարեն 2020-ի «Creative Armenia-AGBU Fellowship»երու մեկնարկը՝ մէկամեայ ծրագիր, որ ստեղծուած է նպաստելու աշխարհի նորարար հայ արուեստագէտներուն: Նիւթական եւ խորհրդատուական ամբողջական փաթեթ տրամադրող այս ծրագիրը նորարար արուեստագէտներուն ստեղծագործական վերելքի հասնելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

Զարեհ Սինանեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կրիկորի Քարասինի եւ Միխայիլ Միշինի հետ:
Ռուսաստանի մեծաթիւ հայ համայնքը ունի մեծ ներուժ մը եւ լիարժէքօրէն համարկուած է երկրի կեանքի ոլորտներուն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

Սուրիոյ գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Արտաքին գործոց նախարարութիւն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման ճանապարհին երէկ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը եւս։ Նախընտրական գործընթացի համար ամուր ենթագետինի մը պատրաստութեան առումով կարեւոր աղիւս մը կը համարուի Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի կազմութիւնը։ Այլեւս համակարգը սկսած է բանիլ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

Համայնքային եւ եկեղեցական մարմիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 17 յուլիս 2019, չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած հաւաքոյթին կազմուած Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը իր անդրանիկ նիստը գումարեց 22 յուլիս 2019, երկուշաբթի, ժամը 17.00-ին՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը Գումգաբուի մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը՝ նախագահութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի:
Դիւանը կազմուեցաւ գլխաւորութեամբ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի: Պատկան իշխանութիւնները կ՚իրազեկուին հերթական անգամ՝ մինչ գործընթացի շարունակութեան այլեւս կ՚ակնկալուին աւելի գործնական քայլեր։
Առաջին ժողովի լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ հսկայական աշխատանք մը պէտք է կատարուի եկեղեցիներու ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Հոգին «ներքին մարդ»ուն Տէրն է։ Արդարացումը, ծնունդ տալով «ներքին մարդ»ուն, իր հետ կը բերէ սրբացումը ամբողջական էակին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Ֆրանսացի ուսուցիչ եւ գրող Ժան-Փոլ Պրիկելի ահազանգ կը հնչեցնէ ֆրանսերէնի նահանջի եւ ձեւազեղծման ի տես: Իր յօդուածին խորագիրն է. «Պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, ոչ կլուպի-պուլկան»: Եթէ ֆրանսացին կ՚ահազանգէ, ի՞նչ պէտք է մտածէ եւ ընէ հայը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), երբ օտար բառերով խճողել հայերէնը կամ օտար լեզուով խօսիլ եւ գրել յառաջդիմութիւն կը համարուին, այսինքն՝ դասակարգ կը փոխենք, կ՚ըլլանք բանգէտ եւ ազնուական, կը ծալենք եւ կը նստինք վրան մեր ինքնութիւն-հարազատութեան:

Էջեր