Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յոբելենական թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ կ՚ապահովեն նաեւ տուեալ ժողովուրդին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։ Ու մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, այս օրերուն, այդ թուականներէն ամենէն էականն է 1915-ը, որ արդէն մեր հաւաքական գիտակցութեան վրայ իր հաստատ ու ամուր կնիքը դրած է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ աշխարհը կը նշէ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու օրը: Ամէն տարի 18 ապրիլին այս օրուան ընթացքին աշխարհով մէկ զանազան միջոցառումներ կ՚իրականացուին՝ համաշխարհային ժառագութեան պահպանման առումով, յուշարձաններու այցելութիւններ, համաժողովներ, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու մաքրում տեղի կ՚ունենայ, կը կազմակերպուին կլոր սեղաններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Michel de Montaigne (1533-1592 թթ.) կ՚ըսէ, թէ՝ համբաւը արժէքի մը իրական ցուցանիշը չէ՛։ Իրապէս, համբաւը արժէքի մը տարրական մասը չի կրնար ըլլալ, քանի որ համբաւաւոր ըլլալ ի վերջոյ պատահական երեւոյթ մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ իր աշխատութեան 6-րդ գլուխին մէջ մանրամասն կը խօսի, թէ ի՞նչ պատճառներ մարդը հեռու կը պահեն ամուսնական կեանքէն, որովհետեւ մարդ արարածը ի բնէ կը սիրէ ամուսնութիւնը. «Մարդիկ ընդհանրապէս կը ցանկան ամուսնանալ, որդիս ծնանիլ, ընտանիք կազմել, միշտ կենդանի պահելով իրենց տան փառքն եւ տոհմական յիշատակն», կ՚ըսէ Հայրիկ:
Հայաստանի Ազգային ժողովը կը պատրաստուի փոփոխութեան ենթարկել՝ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքէ ներս բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքէ ներս համերաշխութեան վերականգնման մասին օրէնքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն Պերճ Քէօշէեանը, որ եղած է նախկին պոլսահայ մը։ Գերմանաբնակ հիւրին ընկերացաւ վաստակաւոր կրթական մշակ Նուարդ Էտիրնէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը չի կարողանար բնականոն բանակցիլ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ միջազգային գործընկերներու հետ, չի կարողանար կազմակերպել պետական համակարգը, որպէսզի պատրաստուի հերթական, անխուսափելի պատերազմին:
Հայաստան եւ Սէուտական Արաբիա համատեղ ջանքերով կը լրացնեն համագործակցութեան բացը:
Արարատ Միրզոյեան Ռիատի մէջ եւս ներկայացուց Երեւանի կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Մոսկուայի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն միջեւ փոխըմբռնում գոյացաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը սկսաւ հեռանալ՝ արդէն ամբողջութեամբ հայաթափուած Լեռնային Ղարաբաղէն:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Կովերու պարտէզ… Կովերու պարտէզ…
Վերջերս յաճախ հոլովուող անունդ՝ «Կովերու պարտէզ» արթնցուց մանկութեանս համով մէկ շրջանը, երբ մենք անհամբեր կը սպասէինք ամառնային արձակուրդին, որովհետեւ մեր առաջին պտոյտը քու քարքարոտ եւ տաքէն չորցած ցիրուցան խոտերուդ վրայ կ՚ըլլար…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վահէ Օշականի շուրջ 30 տարուան տագնապները կը շարունակուին (1)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները առիթ չեն փախցներ խօսելու պետութեան եւ պետականութեան մասին: Բնականաբար, շատ յաճախ այդ առիթները անտեղի կերպով կ՚օգտագործեն, այդպիսիով թէ՛ իրենք զիրենք նուաստացնելով եւ թէ իրենց խօսքը արժէզրկելով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախ.- պարզապէս պատմական յիշեցում մը։
1604-05-ին, շուրջ 300 հազար հայեր բռնագաղթի ենթարկուեցան դէպի Իրան եւ յատկապէս Սպահան եւ շրջակայ գիւղերը: Հայաստանի շէն եւ ծաղկուն Ջուղա քաղաքի բնակիչները օտար հողի վրայ հիմնեցին իրենց նոր քաղաքը՝ զայն անուանելով Նոր Ջուղա:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախ պարզ յիշեցում մը:
Աշխարհի վրայ կը գործածուին շուրջ եօթ հազար լեզուներ եւ նոյն թիւով ալ բարբառներ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամէն անգամ երբ դժբախտութիւն մը պատահի արաբական աշխարհին, կամ դժբախտութեան մը յիշատակը անցնի իր վրայէն, կամ կարդամ, լսեմ ու դիտեմ այս առիթով կատարուած ցոյց մը կամ քայլարշաւ մը, որ պաշտպանուած է գրեթէ բոլոր կողմերուն կողմէ, քանի որ սրտանց է, կը ղեկավարեն զինք շարք մը այս հարցի նշանաւոր մարդոցմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տեսէք թզենին եւ բոլոր ծառերը։ Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ՚իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է». (ՂՈՒԿ. ԻԱ 29-30):
Բնութիւնը ամբողջ դպրոց մըն է, եւ բնութեան մէջ ամէն մէկ երեւոյթ եւ էութիւն՝ ուսուցի՛չ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ իր «Տուն եւ ընտանիք» խորագրեալ գլուխը ի տարբերութիւն միւսներուն, կը գրէ աւելի երկար։ Խօսելով բարիի ու չարի մասին, Հայրիկ կը շեշտէ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յստակ տարբերութիւն դնելով դպրոցի ճամբով փոխանցուած կրթութեան եւ ծնողքի ճամբով փոխանցուած դաստիարակութեան միջեւ, ըսելով. «բարի դաստիարակութեան տուրքը՝ միայն ծնողաց սեպհական է, զի առտնին դպրոցին ծայրագոյն եւ բնական վարժապետ նոքա են»: