Արխիւ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Վիեննայի մէջ այսօր քննարկումներ կը ծաւալեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան) եւ Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կաս-պըրչիկ կ՚անդրադառնան Արցախի ճակատի բռնութեան նոր դէպքերուն եւ միջնորդական ջանքերուն։ Ըստ Ճէյմս Ուորլիքի, իրենք հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է դարձնեն առաջնահերթութիւն։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային նուիրուած յուշադրամ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յուշադրամի երեսակներէն մէկուն վրայ պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, որու ներքեւ արձանագրուած է յուշադրամի անուանական արժէքը՝ 1000 դրամ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչը լքեց իր պաշտօնը:
Պեռնար Շալանտ հրաժարեցաւ հայկական ընտրանիի վերջին շրջանի անբաւարար արդիւնքներուն բերումով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հացը, մարդուս համար սնունդ մը ըլլալէ շատ աւելի՜, կեանքի համազօր ու մերձիմաստ արժէք մը կը ներկայացնէ։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը առիթ հանդիսացաւ թարմ խմորումներու։
Կայծ Մինասեան. «Առողջ պատմագրութեան մը հասնելու համար ցեղասպանութիւնը պէտք է դառնայ պատմութեան առարկան»։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
«Համակարգային փոփոխութիւնները հնարաւոր են միայն այն պարագային, երբ իշխանական լծակները ըլլան համակցուած եւ գործեն միասին»։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, գլխաւորութեամբ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի, Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, Մարտի 27-ին, այցելեցին մեծանուն դերասան Պետրոս Ադամեանի (1849-1891) շիրիմը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէս մը, որ ձօնուած էր Ս. Զատկուան։ Մանկապարտէզի փոքրիկները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրնկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Գանատայի մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Տանաճեանը եւ ատենադպիր Յակոբ Արսլանեանը։
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամենէն կարեւոր հատուածը՝ վերջին շաբաթը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ եւ կ՚երկարի Ծաղկազարդին յաջորդող Երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերովբեան։ 80 տարեկան հասակին ան մահացած է անողոք հիւանդութեան պատճառով։
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին բախումներուն հետեւանքով մահացաւ հայ զինուոր մը՝ Յովսէփ Անդրէասեան (1995)։
Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքը սպանդի ենթարկած ռուս զինուորը՝ Վալերի Փերմեաքով պիտի դատուի Հայաստանի տարածքէն ներս։
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանի մրցումներուն ծիրէն ներս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ալպանիոյ հետ։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով։
«Ես ազգայնական չեմ, սակայն կատարուածը ցեղասպանութիւն մըն էր»։
Էթիէն Մահչուպեան վերապահութիւն յայտնեց Չանաքքալէի կարգադրութիւններուն շուրջ։
«Հայաստան պատրաստ է դառնալ նաեւ ասիացի գործարարներու շահերու կեդրոն»։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւարտեց դէպի Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Սլովենիա, Սլովաքիա եւ Ռումանիա։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։
Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի մեծ դահլիճի երդիքին տակ եզրափակիչ փուլի բովանդակալից քննարկումներ։
Բանկալթիի «Galeri Birzamanlar»ի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, ցուցադրուեցաւ «Կարօտ» ժապաւէնը, որ կը պատմէ հայր եւ որդի Օննիկ եւ Արա Տինքճեաններու ոդիսականը։