Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Երախտագիտութիւն»ը այն ազնիւ զգացումն է՝ որով մարդ իրեն եղած բարիքը չի մոռնար։ Արդարեւ, երախտագէտ մարդը շնորհակալութեան զգացումով կը տոգորուի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթընէն կէս գիշերին հասած լուրերէն առաջ, մինչ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, հայկական համացանցի զանազան էջերու վրայ հաւանական կը համարուէր հրադադարի մը հաստատումը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շարժանկարի սիրահարներու գրեթէ բոլորին ծանօթ տաղանդաշատ ու հանճարեղ բեմադրիչ Ինկմար Պերկման, անգնահատելի հետք թողած է շարժանկարի ոլորտէն ներս եւ կը համարուի «գոյապաշտ շարժանկար»ի հիմնադիրը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

17 տարեկան երիտասարդ մը՝ Ուիլիըմ Մէքէյ կը հեռանայ տունէն համալսարան երթալու, ուսանելու համար։ Ան ունի հաւատացեալ մայր մը. բարեպաշտ եւ հաւատարիմ իր հաւատքին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

Նախագահներ Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հերթական հեռախօսազրոյցը:
Ըստ Սերկէյ Լաւրովի, Մոսկուա կ՚ակնկալէ, որ Թուրքիա ազդեցութիւնը օգտագործէ հրադադարի հաստատան համար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջի Ուաշինկթընի խտացեալ շփումներուն լոյսին տակ, այս անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարչախումբի մեծ ջանքերով, Հայաստան եւ Ատրպէյճան երրորդ անգամ վերահաստատեցին մարդասիրական հրադադարը: Համաձայնութիւնը թէեւ այս առաւօտեան ժամերուն մտաւ ուժի մէջ, սակայն դաշտի վրայ սպասումները չեն արդարանար: Հակամարտութեան գօտիէն ներս տեղի կ՚ունենան բախումներ: Արցախի աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքու միշտ խախտումներ կը կատարէ ու կ՚իրականացնէ նոր յարձակումներ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այս հինգշաբթի ժամադրուած են Ժընեւի մէջ՝ համաձայնեցնելու համար ժամանակացոյց մը կարգաւորման գործընթացը յառաջ տանելու նպատակով, ղեկավարներու կողմէ ընդունուած հիմնական սկզբունքներու համապատասխան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հերթական պատգամը փոխանցեց Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրապարակուած տեսաուղերձի մը ձեւաչափով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Բանաստեղծ, վաւերագրող ու լրագրող Տիգրան Պասկեւիչեան ծնած է Երեւան 1965 թուականին: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

«ՖԻՖԱ»ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, շարունակեց մնալ 101-րդ դիրքին վրայ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

«Եւրոպայի լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով նախընթաց օր տեղի ունեցան բազմաթիւ ֆութպոլի հանդիպումներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանին, իր կարգին մրցում կատարեց նաեւ, Ա. խմբակէն «Ա. Սէ. Ռոմա», որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ «Եանկ Պոյզ»ին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

Երէկ, Վիեննայի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Ժողովին ժամանակ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով մարտերը կը շարունակուին։ Այս առաւօտ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուած է յարաբերաբար կայուն-լարուած իրավիճակը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ չեն համընկնիր Մոսկուայի եւ Անգարայի դիրքորոշումները։ «Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները միշտ չէ, որ կը համընկնին՝ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները 30 տարուայ ընթացքին արդիւնք չէ տուած, ապա սա չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

«Արցախէ ներս ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը ընդունելի է հայկական կողմին համար»:
Փաշինեան. «Ինչպէս Ատրպէյճանի պարագային՝ այնպէս ալ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական երկխօսութեան պատրաստ ենք»:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին նոյն իրաւունքները։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի կողմէ։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Խոստովանանք որուն հաւատալ պէտք էր։ Լսելի կը դարձնենք Նարիմանովը ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի գիտնան, թէ ի՛նչ ըսին եւ սակայն ի՛նչ կը կատարեն այսօր։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այս օրերուն կարեւորագոյն մակարդակի շփումներ տեղի կ՚ունենան Երեւանի մէջ։ Արցախի երկու նախկին նախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բոլոր՝ երեք նախկին նախագահները «գլուխ-գլխի» տուած կը քննարկեն վերջին զարգացումները։

Էջեր