Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «ՀԱՅՃԱՐ»ի ներկայացուցիչները։ Անոնք, վարժարաններու երկրաշարժի տոկունութեան մասին իրենց յանձնուած պաշտօնին մասին տեղեկագիր յանձնելու համար կը գտնուէին Գումգաբու։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Ծանօթ է թէ, քորոնա համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները, մեր եկեղեցիները վերաբացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեանց ու յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն՝ հնազանդ մնալու պայմանաւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւններուն՝ առողջապահական դնչակապի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան ու հականեխիչներու գործածութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

- 15 -

Եթէ կը կարծես, որ քամիին խօսքերով զիս կը համոզես,
Ուրեմն՝ փաստերդ գրէ ջուրին վրայ:

- 16 -

Թռչունները ըսին իրենց կոկորդներուն.
Մի՛ յամառիք,
Որոշեցինք երգելէ դադրիլ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս ամէն գիտութեան մէջ, լեզուաբանութեան մէջ ալ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մանրամասնութիւնները, այսինքն նրբերանգները։ Շատ անգամ կը տեսնուին ուղղագրական եւ լեզուական սխալներ՝ որոնք ուշադրութեան առարկայ չեն ըլլար ընդհանրապէս, բայց կրնան փոխել ամբողջ հատուածի մը ներդաշնակութիւնը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշունը եկաւ սիրտս Արցախ ուզեց:
Ամէն օր կ՚ըսէի, թէ այս շաբաթ պիտի մեկնիմ: Սակայն ամէն անգամ խօսքերս կը մնային օդի մէջ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս օրերուն, երբ կը հայցենք աշխարհի զանազան ազգերու մտաւորականութեան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, կը փնտռենք մանաւանդ ռուս մտաւորականութեան ձայնն ու նեցուկը աշխարհաքաղաքական այս խժդժութեան մէջ, որուն կեդրոնը դարձան Արցախն ու Հայաստանը: Պատահական չէ ռուսական մտաւորականութեան յառած մեր հայեացքը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

 -Ո՜վ Ռոնտա. աղօթքը չ՚օգնե՞ր միտքի մաքրութեան:
Աղօթքը առանձինն բաւարար չէ: Մարդ եթէ իր աղօթած ժամանակ մէկ քիլօ խունկ վառէ, մինչ իր միտքը վատ մտածումներով լեցուն է՝ պիտի չօգտուի, որովհետեւ հրամանը միտքէն կ՚ուղղուի դէպի սիրտը, որով մարդը հրէշ կը դառնայ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մարդ որքան լեզուներ գիտնայ խօսիլ՝ ա՛յնքան մարդ է», կ՚ըսէ առածը։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «լեզու խօսիլ» կամ աւելի լայն առումով, «լեզու գիտնալ»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը քննարկելով պատերազմի վերսկսելէն ի վեր առաջին անգամ: Փութին Էրտողանի հետ խօսակցութեան ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ Անգարա՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ, դրական դեր կը ստանձնէ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Միջազգային մետիան խայտաբղէտ համայնապատկերի մը վրայ կը ցոլացնէ Արցախի պատերազմը:
Համաշխարհային հեղինակութիւններ մանրամասնօրէն կը մեկնաբանեն տարածքաշրջանային նոր հաւասարակշռութիւնները:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին ամբողջ սաստկութեամբ։ Գրեթէ երեք շաբաթէ ի վեր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները կ՚ընթանան ծանր հետեւանքներով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Արցախի պատերազմական գործողութիւններու ծանր իրավիճակին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդէս եկաւ հայ ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ ըսաւ. «Մեր հայրենիքի համար վճռական օրեր են։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մոլորակը կեցած է:
Շունչերնիս պահած կը սպասենք իրադարձութիւններու զարգացման: Գիտենք, վստահ ենք, մեր սիրտը կը վկայէ... սակայն երբեմն անհամբերութիւնը չի ձգեր համբերելու:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շարունակենք խորհրդածել Հայ լեզուի նրբերանգներուն մասին։ Հայ լեզուի նրբերանգները կը յայտնուին մանաւանդ ուղղագրական կանոններու մէջ։ Ուստի այս նրբերանգներէն օրինակներ կ՚ուզենք ներկայացնել Բենիամին Թաշեանի «Լսարան հայ լեզուի» գիրքէն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

Forbes հանդէսը հրապարակած է աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող դերասանուհիներու ցուցակը։ Այսպէս, աշխարհահռչակ դերասանուհի Սոֆիա Վերկարա տարեկան 43 միլիոն տոլար եկամուտով գլխաւորած է աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող դերասանուհիներու ցուցակը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

Գիտնականները նախազգուշացուցած են COVID-19-ի համավարակի ժամանակ լուացքի վտանգաւորութեան մասին։ Այսպէս, անգլիացի գիտնականները յայտարարած են, որ կանայք աւելի հակուած են վարակուելու քորոնաժահրով, քանի որ աւելի շատ զբաղուած են տնային գործերով եւ մասնաւորապէս, աւելի շատ լուացք կը լուան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

Աշխարհի գեղեցկագիտական խոշորագոյն աշխարհահռչակ ընկերութիւններէն մին՝ L՚Oreal, ծրագրաւորած է փակել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մանրածախ վաճառքներու առանձին կէտեր, որպէսզի վերակառուցաւորուի իր բարձր դասակարգի գործառնութիւնները համավարակի պայմաններու մէջ սպառողներու գործելակերպի լուրջ փոփոխութիւններու կապակցութեամբ: Այդ մասին, հաղորդած է Bloomberg-ը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

Քորոնաժահրի համավարակի ընթացքին հարկաւոր է շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնել երեխաներու սննդակարգին ու դիմադրողականութեան համակարգին, քանի որ սխալ մթերքի ընտրութիւնը կրնայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ փոքրիկի դիմադրողականութեան համակարգի վրայ եւ դառնալ անկման պատճառ՝ դարձնելով երեխան աւելի խոցելի զանազան հիւանդութիւններու յարուցիչներու նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն յոյս յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կողմերը կը պահպանեն հրադադարի դրութիւնը։ Երէկ, Կարմիր խաչի Եւրոասիոյ տարածքաշրջանային տնօրէն Մարթին Շուէփ Ժընեւի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Մենք կը յուսանք, թէ հրադադարի վերաբերեալ մարդասիրական համաձայնութիւնը կը պահպանուի եւ այդ մէկը էական թեթեւացում մը կ՚ապահովէ բոլոր անոնց, որոնք տուժած են»։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս առաւօտ հրապարակեց տեսաուղերձ մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Այսօր օրհասական պահ է. հայրենիքը պահելու կամ չպահելու։

Էջեր