Արխիւ
Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան յայտարարեց, որ թրքական Eximbank-ը վերջերս ապահոված է 678 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սենտիքասիոնի վարկ։
Համաճարակի պատճառաւ ցնցուած համայնքային տնտեսական վիճակի ամենէն բեկումնային գծին վրայ կը գտուին սահմանափակ եկամուտ ունեցող մեր վարժարանները եւ անոնց ելեւմտական լուրջ բացերը։ Այս ուղղութեամբ Պատրիարքական Աթոռին դիմում ներկայացուցած վարժարաններու համար պատրաստուած է ուղեգիծ մը, որ կը ներկայացուի ստորեւ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործեն համաճարակի ծանր հետեւանքները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վրայ... Միջոցէ մը ի վեր այս հարցումը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայնքային շրջանակներու օրակարգը։ Մտահոգ սպասումի առկայ մթնոլորտին մէջ, երէկ, Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուեցաւ լուսաբանութիւն մը։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով դարձեալ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը առաւ զգայացունց որոշում մը, որ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համայնքէն ներս։ Այսպէս, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ յառաջիկայ օգոստոսին հրաժեշտ պիտի տան իրենց պաշտօններուն։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութիւնը կը ցոլացնէ վերջին շրջանին յառաջացած շարք մը խնդիրներ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ այս յայտարարութեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանը արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ աշխատած է միայն առցանց, իսկ իր համակարգիչներու գլխաւոր սերվերները կարգաւորուած են հեռավար կերպով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրեր առաջ պատահեցաւ շատ մասնագիտական դէպք մը, որուն հետեւանքները տակաւին երկար կրնան տեւել։
Խօսքը հարցազրոյցի մը ընթացքին ինծի հիւր եկած մասնագէտի մը կողմէ հնչած դիտարկումին մասին է, որ տակնուվրայ ըրաւ ամէն ինչ։
ԵՐԱՄ
Շաբաթ մը անց Երեւանի ճանապարհին էր արդէն Զանան։
Շատ կանուխ, դեռ լոյսը չծագած արթնցած եւ դուրս ելած էին Ֆարզատ քեռիի հետ. անձայն լքած էին տան բակը, որ իր տժգնութեամբ դրոշմուած պիտի մնար Զանայի մտքին ու յիշողութեան մէջ դեռ տարիներ. քալած էին Տարվազէ Ղարի նեղ ու խոնաւ փողոցներուն մէջէն, ելած դուրս, հասած հոն, ուր քեռին կը կայանէր խոշոր բեռնակառքն իր. ճամբայ ելած։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիրան Չրաքեան (1875-1921) ծանօթ է՝ «Ինտրա» ծածկանունով, ծնած է Կ. Պոլիս, ուսումը ստացած է Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն, ապա՝ Պոլսոյ եւ Փարիզի գեղարուեստից դպրոցներուն մէջ, իբր նկարիչ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Չեմ գթար ոչ մէկ բանի
Ոչ երէկը կ՚անցնի, ոչ վաղը կը ժամանէ,
Ոչ ներկաս կը յառաջանայ կամ ետ կը մնայ:
Ոչինչ կը պատահի ինծի:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ խորհրդանշական նախաձեռնութիւն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանները Անթիլիասէն կարդացին Հայ Եկեղեցւոյ բժշկութեան աղօթքը:
Հայաստանի Ազգային ժողովը ներկայ շաբթուան սկիզբին վաւերացուց Եւրոխորհուրդի՝ «Սեռական շահագործումէ եւ սեռական բնոյթով բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» խորագրեալ պայմանագիրը։ Այս փաստաթուղթը Հայաստանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր վէճի պատճառ կը դառնայ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը շարունակէ իր միջազգային գործընկերներու զօրակցութեան առարկայ դառնալ։ Այս ամբողջին մէջ, Հնդկաստանի կառավարութիւնը վերջին շրջանին հետեւողական ձեւով օժանդակութիւն կը կատարէ Հայաստանին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Դաշինքի աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն օժանդակութիւնները, որոնք քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ կը կատարուին ի նպաստ անդամ երկիրներու։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ պատահեցաւ նոր դէպք մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին վրայ կրակ բացուեցաւ Ատրպէյճանի մարտական յենակէտերէն՝ խոշոր տրամաչափերով զէնքերու միջոցաւ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ ներկայ պայմաններով քորոնաժահրի համաճարակը հակակշռի տակ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, որ համավարակի հինգերորդ շաբթուան դրութեամբ երկիրը կայուն բարելաւման հունի մը մէջ մտած է։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի շարունակէ մնալ բանտի մէջ։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի բաժանմունքէն ներս երէկ դատաւոր Աննա Դանիբէկեան հրապարակեց դատարանի վճիռը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ անոր կալանքին վերջ տալու պահանջին շուրջ։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեամբ պայմանաւորուած դժուարութիւններով:
Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի միջեւ կը կազմակերպուին քաղաքացիներու փոխանակումներ՝ իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուած մարդասիրական մօտեցումներով:
Յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին հերթական ուղեւորութիւններու կարելիութիւնը պիտի ընձեռուի փափաքողներու համար՝ թէ՛ ցամաքային եւ թէ օդային ճամբով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն օրէն ի վեր, երբ Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, ճիշդ այդ ժամանակէն քիչ անց զանազան շրջանակներու կողմէ քննարկման դրուեցաւ «Քոնվենցիա»ներու (պայմանագիր) հարցը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր կարեւոր տեղը ունենալ Հայաստանի զանազան խնդիրներ դիմագրաւող հասարակութեան մէջ։
Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ «Gerçek Hayat» պարբերաթերթի վերջին հրատարակութիւններով յառաջացած անհանգստութիւններու խնդիրը։