Արխիւ
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կապ հաստատեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց թրքահայ համայնքին կողմէ «Մենք մեզի կը բաւենք» հանգանակութեան բերուած մասնակցութեան համար - Համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ պետութիւնը դեղօրայքի օժանդակութիւն կը կատարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ հինգշաբթի օրը պատկերն է արարչութեան հինգերորդ օրուան, երբ Արարիչը ստեղծեց ձուկերը եւ թռչունները։ Այս օրը ունի նաեւ հինգերորդ ժամանակաշրջանի խորհուրդը՝ երբ Իսրայէլի զաւակները կերան զատկական գառը, մկրտուեցան ամպի եւ ծովի մէջ, անապատի մէջ կերան երկինքէն իջած մանանան եւ ըմպեցին վիմաբուխ աղբիւրներէն։ (ԵԼՔ. ԺԲ, ԺԶ, ԺԷ)։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աւագ շաբաթուայ մէկ օրը այս տարի համընկնեցաւ Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնին ու Հայաստանի մէջ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրուան: Աւագ շաբաթուան խորհուրդին գումարուեցաւ նաեւ Աւետման տօնի խորհուրդը, որ դժուար եւ տագնապալի այս օրերուն առանձնակի ջերմութիւն պարգեւեց հայ մայրերուն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համավարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարին։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա տեղեկացուց, որ երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համավարակի զոհերու թիւը բարձրացած է 812-ի։ Երէկ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 24 հազար 900 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 4 հազար 117 նոր վարակեալ։
Նախագահներ Արմէն Սարգսեանի եւ Սի Ծինփինի միջեւ վերջին օրերուն փոխանակուեցան նամակներ:
Համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Չինաստանէն Հայաստան ուղարկուեցաւ բժշկական օժանդակութիւն:
ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ վերջին օրերուն Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ աստղագէտ փրոֆ. Յակոբ Թէրզան։ Սփիւռքեան մեծանուն եւ մեծատաղանդ գիտնականներէն մին էր ան, որու կողմէ աստղագիտութեան բնագաւառին բերուած նպաստը կը համարուի անփոխարինելի։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ կը ջանայ առաւելագոյն հոգեւոր ծառայութիւն մատուցել իր աշխարհացրիւ հօտին՝ մանաւանդ Աւագ շաբթուան ներկայ օրերուն։
ԱՐԵԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշխարհի երեսին կան շատ տաղանդաւոր, մեծանուն, նշանաւոր ու մարդկային բարձր յատկանիշներով օժտուած մարդիկ։ Սակայն բոլոր թուածներս անձի մը մէջ՝ հազուագիւտ երեւոյթ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ չորեքշաբթին յիշատակն է արարչութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած ըսաւ.- Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէսզի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէսզի երկրի վրայ լոյս տան։ (ԾՆՆԴ. Ա 14-15)։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ երկրէն ներս առաջին անգամ քորոնաժահրի համավարակէն բուժուածներու թիւը աւելի բարձր է՝ քան վարակուածները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փաշինեան յայտնեց, որ պարէտատունը կը շարունակէ պահպանել զգուշաւոր լաւատեսութիւնը։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրէ վարակուածներու թիւը հասած է 34 հազար 109-ի։ Ցարդ համավարակի զոհ գացած է 725 հոգի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Հայը ուրախ կ՚ըլլայ իր ազգակցէն օգնութիւն ստանալով կամ անոր օգնելով։ Սա ներմիութենական բնազդ մըն է, որ այս շրջանին, բնականաբար, ակնկալութիւններն ու սպասումները կը բազմապատկէ համայնքային կառոյցներէն, որոնք, դժբախտաբար, շատ ալ պատրաստ չէին այս արտակարգ իրավիճակը դիմագրաւելու։ Բայց ո՞վ պատրաստ էր այսպիսի անակնկալի մը, որ կը պատահի հազար տարին անգամ մը: Տեսէ՛ք, քրիստոնեան դարերէ ի վեր առաջին անգամ Սուրբ Յարութիւնը պիտի չկարողանայ տօնել եկեղեցիներու մէջ»:
Զգուշութիւն, ո՛չ թէ յուսալքութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ՝ Աւագ շաբթուան առթիւ, Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն քորոնաժահրին տարածումը եւ սարսափը համամարդկային միջպետական ճգնաժամ մը ստեղծեց:
Բնութեան դէմ անկարող եւ անհաւասար ուժերով պայքարող մարդկային գիտութիւնը ձեւով մը պարտուած է մինչեւ օրս:
ԵՐԱՄ
Եւ այսպէս, 26 դեկտեմբեր 2003-ին, լուսաբացէն քիչ առաջ, երկրաշարժը գլուխը վեր էր ցցեր Զանայենց քաղաք Պամի տակէն։ Աւերի մատներ էր զայն ու շրջակայ ամբողջ Գերման նահանգը հարաւային Իրանի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գացած է մեր համայնքէն երիտասարդ գործիչ մը՝ Յակոբ Պալթայեան։ Սա, դժբախտաբար, անժամանակ մահ մըն է, որ վրայ հասած է դարմանումի շրջանին Յակոբ Պալթայեանի առողջական վիճակի վատթարացումով եւ ի վերջոյ հունէ դուրս գալով։
Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը համաճարակի մթնոլորտին մէջ հրամայական կը համարէ օժանդակութիւններու փութացումը:
Ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ եւ գործակից ընկերները հետեւողական ջանքեր կը գործադրեն ներկայ դժուարին շրջանին՝ ընկերային զօրակցութեան ճանապարհին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ, Լոս Անճելըս քաղաքի հայաշատ շրջաններէն Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն ներս պաշտօնապէս գործի ձեռնադրեցին երեք անդամներ։
Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան կը զօրակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Էտուարտօ Էօրնէքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսներէն է, որոշած է 250 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել երկրի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած հանգանակութեան ի նպաստ։