Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ՝ պահանջք մը անոր բնութեան։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) նոր կրթաթոշակներ սահմանեց՝ Օքսֆորտի համալսարանէն ներս դասական հայագիտական հետազօտութիւնները խրախուսելու նպատակով։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ հայկական երաժշտութեան երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ֆրանսացի նախարարը օր մը առաջ ալ զրուցած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արա Այվազեանի հետ։
«Կարիք չկայ մտածելու, թէ Անգարա եւ Պաքու ո՛վ կը տեսնեն՝ որպէս հակառակորդ»:
Ռուսաստան մօտէն կը հետեւի Կարսի մէջ նախատեսուած ռազմափորձերու իրադարձութիւններուն:
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի կոչ ուղղեց, որպէսզի Եւրոմիութիւնը աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուի Հարաւային Կովկասի առկայ մարտահրաւէրներու կարգաւորման։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ գործնական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին վերաբերեալ հարցեր։
«Սիւնեցիները իրենց մորթին վրայ կը զգան ենթակայութեան խայտառակ համաձայնագրին հետեւանքները»:
«Մետաքսի ճանապարհ»ի վերականգնման ծիրէն ներս Սիւնիք մէկ կողմէ կրնայ Չինաստանը կապել Եւրոպայի հետ, իսկ միւս կողմէ կրնայ կտրուիլ Իրանէն: Ըստ Վահէ Յակոբեանի, Հայաստանի այժմու կառավարութիւնը կը ջանայ հասնիլ Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանի գործունէութեան կասեցման: Ընդդիմադիր մամուլը միշտ կը մատնանշէ վտանգներ:
Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսի շեշտեց գերիներու անվտանգ վերադարձի կարեւորութիւնը:
Ուաշինկթընի նոր վարչախումբը ջանքերը կ՚աշխուժացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տեւական լուծման նպատակով:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պրիւքսել։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին խոր տարաձայնութիւններ յառաջացած են՝ այս այցելութեան վերագրուեցաւ բացառիկ նշանակութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութիւններով երէկ կատարուեցան կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան ազատուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ նորանշանակ դեսպան Ալեքսանտր Քոմիուքը։ Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յղեց բարեմաղթութիւններ եւ ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած են ջերմ յարաբերութիւններ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն ընկերացաւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։
ԵՐԱՄ
Կնճռոտ ձեռքերով բռնած բազրիկը պատշգամի, Մինաս պապիկը դիմացի լերան, եւ անկէ ալ անդին կը նայի։
Ամիս մը առաջ է գիւղը յայտնուեր նոր սահմանի բերնին։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պատմութիւնը մի՛ գրեր ոտանաւորով,
Քանի զայն յօրինողը զէնքն է
Եւ յօրինողը տենդի դող չ՚ունենար,
Երբ կոչէ իր զոհերը,
Ան չի լսեր կիթառին մեղեդին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքով՝ մարդը իր իմացականութիւնը եւ կամքը ամբողջովին կ՚ենթարկէ Աստուծոյ։ Իր ամբողջ էութեամբ մարդը իր հաւանութիւնը կու տայ Ինքզինք յայտնող Աստուծոյ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկ անոնք որոնք կ՚ըսեն երբ ծերանանք այդ ատեն կը զղջանք, իրենք վստա՞հ են, որ զղջալու առիթ պիտի ունենան: Ո՞վ երաշխաւորած է իրենց, որ յանկարծակի չմահանան:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան այսօր կը նշէ իր ծննդեան 32-րդ տարեդարձը։ Ֆութպոլի աշխարհէ ներս բազում նուաճումներ արձանագրած, եւրոպական յառաջատար ակումբներու մարզաշապիկը կրած Հենրիխ Մխիթարեան որդին է Խորհրդային Հայաստանի մեծանուն խաղացողներէն մէկուն՝ Համլէթ Մխիթարեանի։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ կը պատրաստուի շրջագայութեան մը ձեռնարկել դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ։ Այս շրջագայութիւնը նախատեսուած է յաջորդ շաբթուան մէջ։
Փաշինեան պնդեց, որ ընդդիմադիրները կը վտանգեն գերիներու վերադարձը:
Հայաստանի իշխանութիւնը կ՚առաջարկէ արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկել՝ նոյն վարչապետով: