Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019

Հանրապետութեան նախագահը երէկուան դրութեամբ ժամկէտ նշեց Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի լուրջ խնդրին շուրջ:
Էրտողան. «Մեր բոլորին համար ամենանախընտրելին է, որ Եփրատի արեւելքին այս քայլը առնենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր բարեկամներուն հետ»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

Հայաստանի Ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յատկանշական ձեռնարկ մը:
Վերամուտի այժմու շրջանին կը ներկայացուին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ հրատարակուած այբբենարաններ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

Անգլիոյ մէջ BREXIT-ի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն խորացնել քաղաքական տագնապը։ Վարչապետ Պորիս Ճանսըն իրերայաջորդ հարուածներու կ՚ենթարկուի խորհրդարանէն ներս։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

«Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու օգտագործման ճանապարհին քայլեր:
Թուրք զինեալ ուժերու անձնակազմը սկսած է մասնագիտական ուսում ստանալ Կաթչինայի ռուսական խարիսխին մէջ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի անողոք եւ անվերջ պայքարին մէջ յաղթական հանդիսանալու համար պայմա՛ն է ինքն իր ուժերուն վստահիլ, ինքզինք զօրաւոր զգալ եւ առանց վհատելու շարունակել պայքարիլ։ Արդարեւ պայքար մղելու համար անհրաժեշտ է ուժ, զօրութիւն եւ յարատեւութիւն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կեանքի մասին շատ խօսուած է: Կեանքի մասին շատ գրուած է:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երբ սեպտեմբեր եկաւ
Մենք պայուսակ բռնեցինք,

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի այնքան սիրուած բարերարներէն, յայտնի գործարար Ասատուր Բարունակեան։ Սա իսկապէս անժամանակ եւ ցնցիչ կորուստ մըն է։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

«Շիրակ» օդակայանի շրջակայքին ազատ առեւտուրի գօտի մը պիտի ստեղծուի:
Հայաստան-Իսրայէլ համագործակցութեամբ կարեւոր նախագիծ մը կեանքի կրնայ կոչուիլ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կոչ ուղղեց, որպէսզի Իրանի վրայ ուժեղացուին ճնշումները՝ միջուկային գործարքի յայտնի հարցերուն բերումով։ «Այժմ Իրանի հետ բանակցելու ժամանակը չէ, Իրանի վրայ ճնշումը ուժեղացնելու ժամանակն է», ըսաւ Պենիամին Նեթանիյահու։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ողջո՜յն աշխարհ, ես Զաւէնիկն եմ։
Իմ այս փոքրիկ, փոքրիկ կեանքին մէջ առաջին անգամ իմ հայրիկէս հեռու մնացի։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

21 օգոստոսի «Մութի մէջ լոյս» վերնագրեալ յօդուածիս մէջ ներկայացուցած էի Հայաստանէն Պոլիս եկած գաղթականներու «ինքնաշէն» դպրոցի՝ Հրանդ Տինք վարժարանի գոյացման պայմաններն ու պատմութիւնը, եւ խոստացած՝ որ «դպրոցի կրթական ծրագրի ու աւելիին մասին» պիտի գրեմ յաջորդ սիւնակով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ։ Անցեալ ամառ քահանայական կոչման արժանանալէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քառասնօրեայ ապաշխարութեան ու պատրաստութեան շրջանէ անցած նորաօծ տասներկու քահանաներն էին անոնք։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Իտլիպի յարձակումները գաղթականաց նոր ալիք մը կրնան ստեղծել Թուրքիոյ առջեւ:
Refugees International կեդրոնի հրապարակած տուեալները ցոյց կու տան մղձաւանջ մը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Անգլիոյ վարչապետը երէկուան դրութեամբ մեծամասնութիւնը կորսնցուց խորհրդարանէն ներս:
Առանց համաձայնութեան BREXIT-ի համար Պորիս Ճանսընի յամառութիւնը անորոշ կացութիւն ստեղծած է Լոնտոնի քաղաքական բեմահարթակին վրայ: Վաղահաս ընտրութեան ձեռնարկելու համար ալ անհրաժեշտ է փոխըմբռնում մը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեան կարեւոր պաշտօնի մը եւս նշանակուեցաւ կազմակերպութենէն ներս։ Այսպէս, ան դարձաւ ՄԱԿ-ի բազմալեզուութեան հարցերով համակարգողը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները Հայաստանէն վերջ ուղեւորուեցան դէպի Արցախ։
Նախագահ Բակօ Սահակեան կանգ առաւ միջազգային գործընթացներուն Ստեփանակերտի մասնակցութեան խնդրին վրայ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի մահուան արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Աբիկ Հայրապետեանի յուղարկաւորութիւնը վաղը կէսօրուան ժամերուն տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Վան, ուր պիտի հանդիսապետէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին։ Ինչպէս ծանօթ է, անվըտանգութեան պատճառներով վերջին տարիներուն Աղթամարի տարեկան պատարագները յետաձգուած էին։

Էջեր