Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019

«Դարերու հոլովոյթի փորձառութիւնը կը վկայէ, թէ հեշտընթաց չեն հանդուրժողութեան ճանապարհները»:
«Անհնար է Աստուած փառաբանել՝ առանց մարդու կեանքի, անոր աստուածաստեղծ պատկերի հանդէպ նուիրական զգացումի»:

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019

Պիշքեքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը:
Մնացականեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Թուրքիոյ միակողմանի դիրքորոշման վրայ:

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Այսօրուան մեր ընկերութիւնը բաժնուած է երկու հսկայ հակադիր խումբերու: Եթէ փորձենք այդ խումբերուն անուն մը տալ, հետեւեալը կ՚ունենանք. ազատամիտներ եւ պահպանողականներ (պահպանողականներուն մասին առանձին յօդուածով պիտի անդարադառնամ):

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Լա­ւա­գոյն» բա­ռը ի­մաս­տա­ռատ բառ մըն է, ի­մաս­տա­լից, որ իր մէջ կը բո­վան­դա­կէ օգ­տա­կա­րը, յար­մա­րա­գոյ­նը, բա­րին եւ շատ մը ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց կը կա­րօ­տի մարդ՝ իր կա­տա­րե­լու­թեան ճամ­բուն վրայ։
Կայ նաեւ «զօ­րա­ւո­րա­գոյն»ը, եւ զօ­րա­ւո­րա­գոյ­նը միշտ «լա­ւա­գոյն»ը չէ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, յա­ճախ «յո­ռե­գո՛յն»ը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձած էինք, «ազատութիւն»ը իր ամենալայն իմաստով, կամքին եւ իմացականութեան մէջ արմատացած «կարողութիւն»ն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր, կը նշանակէ։ Ուստի ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանէն դուրս գտնուող տիպական հայկական շունչ ունեցող գիւղերու շարքին է Այնճար հայկական աւանը։ Լիբանանեան Պեքաա հովիտին մօտ գտնուող եւ ութսուն տարուան կեանք ունեցող այս բնակավայրը կը յատկանշուի մի քանի ազդակներով, որոնց ամենէն յատկանշականն այն է, որ գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը բնիկ մուսատաղցի է, եւ անոնք բոլորն ալ ցայսօր կը շարունակեն պահպանել ու ապրիլ իրենց տոհմիկ աւանդութիւններով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Համշէնցիներու հետ առաջին շփումս վերացական էր՝ «Վովա» ձայնասկաւառակի միջոցով։ «Վովա»ն 2005 թուականին թողարկուած երաժշտական ալպոմ մըն է, որ կը պարունակէ տասներեք երգեր ու երկու պարային մեղեդիներ, բոլորն ալ համշէնական։ Ազգագրական երաժշտութեան լաւ օրինակ մըն է ան. թէ՛ լեզուն (մեծ մասամբ), թէ՛ քերթուածները, թէ՛ երաժշտութիւնը եւ թէ խումբին հիմնական երաժիշտները Համշէնէն սերած են։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

Տեսակցեցաւ՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ոսկիի յայտնագործումը հնագոյններէն է։ Անոր պատմութիւնը կը սկսի աւելի քան Քրիստոսէ 2700 տարի առաջ։ Անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ ազնուագոյն այս մետաղը ոչ միայն գերող ապրանքային տեսք ունէր, այլեւ դիւրութեամբ կը մշակուէր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը վերջերս Մալաթիայի մէջ մասնակցութիւն բերաւ ներկայ եղանակի կարեւոր խաղերուն։ Առաջին երկու հանդիպումներէն 7-4 արդիւնքով յաղթական դուրս եկան շիշլիցիները եւ այսպէսով ապահովեցին մրցաշարքի յաջորդ փուլերուն մասնակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սամաթիոյ ընտանիքը այս շրջանին մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրի՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի հովանաւորութեան ներքեւ գործող մանկապատանեկան խումբի մօտալուտ համերգներու պատրաստութեան բերումով։ Այսպէս, 11 եւ 13 յունիս թուականներուն, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան Սահակեան մանկանց երգչախումբի համերգները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի այցելութիւնը՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալուեցաւ Շարժայի կառավարիչ Շէյխ Տքթ. Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիի կողմէ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

Փաշինեանի խօսքով, այդ նպատակը կեանքի կը կոչուի հետեւողականութեամբ ու մտաւոր աշխատանքով:
Կառավարութիւնը կը ձգտի Հայաստանը դարձնել տաղանդներու համար դրախտ, կան անսահմանափակ հնարաւորութիւններ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019

Սահմանադրական ատեանը այսօր օրակարգի վրայ կ՚ունենայ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցերը:
Բարձրագոյն դատարանը կը քննարկէ կրօնական ու խղճի ազատութեան դէմ ոտնձգութիւններու վերաբերեալ դիմումը:

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ելեկտրոնային գիրքի մը շնորհանդէսը: Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը թուայնացուցած է Հեղինէ Մելիք-Հայկազեանի՝ 1905 թուականին Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսած արժէքաւոր յուշագրութիւնը՝ «Պտոյտ մը Ճաբոնի մէջ» խորագրով եւ զայն կը ներկայացնէր հանրութեան:

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019

Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Հանդէսը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ դպրոցէն ներս։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Էօրնեքեան» հանրակրթական դպրոցի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններէն 4 աշակերտներ։ Հարկ է նշել, որ այս դպրոցը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքեւ։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Սպիտակ տան մէջ ան ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ օգնական եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի հարցերով աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019

Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի հիմնախնդրին:
Տրիան Մամետեարովի հետ զրուցելու ժամանակ կանգ առաւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլերու կարեւորութեան վրայ:

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019

Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երաժշտական այս տարուան մարաթոնին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 180 պատանի եւ երիտասարդ։ «Երաժշտական մարաթոն 2019» խորագրեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019

Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու կոմիտէի 129-րդ ժողովը Հելսինքիի մէջ:
Կառոյցի 70-ամեակին առթիւ Մնացականեան ընդգծեց, որ ժողովրդավարական հասարակութեան այլընտրանքները աղէտալի են:

Էջեր