Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի հիւպատոսարանէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը։ Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիսի, որ աւարտին կը հասցնէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը քաղաքէս ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ:
Նիստի մասնակիցները լաւատեսութիւն յայտնեցին ընտրութիւններու արդիւնքով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ՝ համայնքային խնդիրներու լուծման առումով:

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Քրիստոնեայ ժողովուրդներու միասնութիւնը կարեւոր է՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ։
Վարչապետ Փաշինեան հիւրընկալեց Աւստրալիոյ առաքելական եկեղեցիներու առաջնորդները, որոնք այցելեցին Հայաստան։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մինչ այդ, Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի «Տըրքսեն» մասնաշէնքէն ներս իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հաւաքոյթի արձագանգներն ալ կը շարունակուին։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ ՍԾՏՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 38-րդ նիստն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի տանտիրութեամբ

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին Էրտողան եւ Պահչելի արժեւորեցին 24 յունիսի ընտրութիւններով երկրէն ներս ստեղծուած քաղաքական իրադրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին նիստը սկսաւ այս առաւօտ:
Զօհրապ Մնացականեան կը վարէ ժողովը, որուն կը մասնակցին նաեւ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն պատուիրակութիւններ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ համաձայնեցան հանդիպիլ ՆԱԹՕ-ի 11 յուլիսի գագաթաժողովի օրերուն Պրիւքսելի մէջ՝ շեշտելով ռազմավարական կապերը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

- Սուրբերու յիշատակութեանց քարոզները «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով կրճատելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ 
- Ոմանք սրբոց յիշատակութիւնները աւելորդ համարելով՝ ամենայն վստահութեամբ կը կրճատեն զանոնք, եւ հազիւ իւրաքանչիւր տունի առաջին մէկ-երկու բառերը արտասանուած՝ զայն կ՚ընդմիջեն «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով, որ այս ձեւով իր իմաստէն ալ կը պարպուի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու էքիւմենիք պատուիրակութիւնը։ Այս միջեկեղեցական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Սիտնիի Բիւզանդական կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռապըրթ Արքեպիսկոպոս Ռապաթ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան կողմէ՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Հենրիխ Մխիթարեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ պատանի մարզասէրներու կողմէ:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղի անուանական խաղալիքները հրապարակի վրայ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քիչով, զոր օրինակ՝ մէկ հացով շատեր կշտացնել, միայն հաց մը բաժնելով եւ բաշխելով շատեր կերակրել եւ յագեցնել՝ իրապէս խորհուրդ մըն է, իր ամենալայն եւ ընդարձակ առումով։ Արդարեւ ընտանիքը՝ ուր հացը կը բաժնուի եւ կը բաշխուի, նոյն հացով ընտանիքի բոլոր անդամները կը կշտանան, եւ այն ճաշասեղանը՝ որուն շուրջ կը հաւաքուին ընտանիքի անդամները, ինքնին խորհուրդ մը ունի իր մէջ, այդ իսկ պատճառով է, որ ընտանիքը «առտնին եկեղեցի» մը կ՚անուանուի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Հայ ժողովուրդը, մայիսի 18-ին ոգեկոչեց մահուան 37-րդ տարելիցը իր մեծատաղանդ գրողներէն եւ աշխարհահռչակ արժէքներէն Ուիլիըմ Սարոյեանի (1908-1981)։ Հայերէն լեզուով չգրեց Սարոյեան։ Ստեղծագործեց ամերիկեան գրականութեան աւանդներուն համահունչ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս ալեկոծեալ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, անցեալ 24 մայիսին տեղի ունեցած էր Թեմական խորհուրդի ժողով, որու աւարտին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 24-25 յունիսին շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս ան տեսակցեցաւ ֆրանսական աւելի քան երկու տասնեակ խոշոր ձեռնարկութիւններու եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդուս համար որքա՜ն դժուար է ճշմարիտին անդրադառնալ, երբ սուտերու եւ պատրանքներու մէջ թաղուած՝ անոնք «ճշմարիտ» կը կարծէ։ Նո՛յնն է պարագան լոյսի համար. երբ մարդ խաւարի մէջ կը գտնուի, եւ երբեք չէ՛ ճանչցած լոյսը, կը նախընտրէ մնալ միշտ խաւարին մէջ եւ կը մերժէ լոյսին բարիքները։

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018

Հայաստանն ու Արցախը քաղաքական փոխկապակցութեան մէջ են եւ, մէկուն կամ միւսին կեանքին մէջ յառաջացած ալեկոծումները ուղղակի կերպով անդրադարձ կ՚ունենան միւսին վրայ: Երբ Հայաստանի մէջ ծայր տուաւ թաւշեայ յեղափոխութեան շարժումը, անխուսափելիօրէն ան իր անդրադարձը պիտի ունենար նաեւ Արցախի վրայ:

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018

Հայապահպանո՞ւմ: Սփիւռքի մէջ ամէն օր, ամէն տեղ կարելի է լսել այս բառը: Զայն բացառապէս կ՚արտասանեն նոյն ինքն հայապահպանները՝ ինքնակամօրէն ստանձնելով բառի վերարտադրութեան պարտականութիւնը:

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018

Հայաստանի ներքին քաղաքական նոր կլիմային մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ կը շարունակուին գործողութիւններն ու բացայայտումները։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն ձերբակալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահ, նախկին զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան։

Էջեր