Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին մօտ եր­կու տե­ղե­կագ­րեր պատ­րաս­տուե­ցան հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ «Միլ­լի­յէթ» օ­րա­թեր­թի ե­րէ­կուան հա­ղոր­դում­նե­րով, խորհր­դա­րա­նի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին կող­մէ պատ­րաս­տուած են այս տե­ղե­կագ­րե­րը, ո­րոնց­մէ մին կը վե­րա­բե­րի հա­յոց Սփիւռ­քին, իսկ միւ­սը՝ հայ­կա­կան հար­ցի կա­պակ­ցու­թեամբ կող­մե­րու պնդում­նե­րուն եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Բ. Աշխարհամարտի աւարտին Կարմիր բանակին կողմէ նացիներուն դէմ տարուած յաղթանակին 70-ամեայ յոբելեանը:
Մոսկուայի տօնակատարութիւններուն շրջագծով նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի հետ:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

​Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դասու հիմնադրութեան 102-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 79-րդ կրկնակ տարեդարձները փայլուն անցան:
Եշիլգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահած արարողութիւններուն ընթացքին:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

CIA-ի նախկին նախագահը պիտի աշխատի Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար:
Փորթըր Կոսս պայմանագրով ստանձնած ծառայութիւնները պիտի մատուցանէ անժամկէտ:
Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Հե­տա­խու­զա­կան ծա­ռա­յու­թեան՝ CIA-ի նախ­կին նա­խա­գահ Փոր­թըր Կոսս յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի աշ­խա­տի Թուր­քիոյ ի նպաստ։ Նա­խա­գահ Ճորճ Պու­շի իշ­խա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն պաշ­տօ­նա­վա­րած Փոր­թըր Կոսս մաս­նակ­ցե­ցաւ այն լո­պին­կի խմբա­կին, որ ԱՄՆ-ի մէջ աշ­խա­տանք կը տա­նի Թուր­քիոյ ի նպաստ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քա­կան մկրտու­թեան եւ պսա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Խո­րա­պէս տպա­ւո­րիչ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ տեր­սիմ­ցի տաս­ներ­կու պա­տա­նի­նե­րու եւ չա­փա­հաս­նե­րու Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան ըն­թաց­քին։ Մկրտու­թեան յա­ջոր­դեց ա­նոնց շար­քին եր­կու զոյ­գե­րու Ս. Պսա­կի խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Յայտ­նի նկար­չու­հի Ի­տա Գահ­րա­մա­նի ջրա­ներ­կե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցուե­ցաւ Նշան­թա­շըի «Մար­քի» կա­հոյ­քի եւ գե­ղա­րուես­տի սրա­հին մէջ։ Սա Ի­տա Գահ­րա­մա­նի չոր­րորդ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է։ Ան մեր կեր­պա­րուես­տի աշ­խար­հի այն­քան հա­մակ­րե­լի դէմ­քե­րէն մին է եւ կը շա­րու­նա­կէ միշտ պատ­նէ­շի վրայ մնալ այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

​Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոր ժողովածուի շնորհանդէսը:
«Ferah Tut Yüreğini» գրքի գինեձօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ անմոռանալի վարպետի այրին Անայիս Եալտըզճեան:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

 Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին վեր­ջերս ընդ­հա­նուր մաք­րու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կուած էր՝ Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեա­նի նուի­րատուու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեան մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի նուի­րեալ ա­նուն­նե­րէն մին է։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Վեհ. Հայրապետը մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ուաշինկթընի Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նե­րե­լը ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է, ըն­տիր մար­դու գործ է։ Բայց նե­րե­լու, նե­րո­ղա­միտ ըլ­լա­լու ի­մաս­տը ի՞նչ է։ Ար­դա­րեւ նե­րե­լը, իր լայն ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր պա­տի­ժի մը կամ հատու­ցու­մի մը թո­ղու­թիւն տալ՝ ո­րոնց պատ­ճառ ե­ղած յան­ցան­քը ջնջուած է։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պեց ման­կանց գար­նա­նա­յին խրախ­ճանք մը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրո­ցի ման­կա­պար­տէ­զի սա­նե­րուն ա­ռըն­թեր այս ձեռ­նար­կին հրա­ւի­րուած էին թա­ղե­ցի մա­նուկ­ներ, ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին յա­ջորդ կրթա­կան շրջա­նին ման­կա­պար­տէզ յա­ճա­խել եւ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի մթնո­լոր­տը շնչե­լը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Նէճ­տէտ Էօ­զէլ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ձա­կուր­դի մեկ­նե­ցաւ՝ են­թար­կուած ըլ­լա­լով վի­րա­հա­տու­թեան։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան տասն­հինգ օրուան հա­մար մեկ­նած է ար­ձա­կուր­դի։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան 7-րդ նա­խա­գահ Քէ­նան Էվ­րէն շա­բա­թա­վեր­ջին կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն՝ 98 տա­րե­կան հա­սա­կին։ Ե­րեք տա­րիէ ի վեր Ան­գա­րա­յի մէջ, «Կիւլ­հա­նէ» զի­նուո­րա­կան բժշկա­կան ա­կա­դե­միոյ մօտ դար­ման­ման տակ էր Քէ­նան Էվ­րէն, ո­րու ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը շա­բա­թա­վեր­ջին վատ­թա­րա­ցաւ անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն եւ ան հրա­ժեշտ ա­ռաւ կեան­քէն:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ե­րէկ, Սա­մա­թիոյ մէջ սկսաւ միջ­միու­թե­նա­կան 26-րդ «Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» պաս­քէթ­պո­լի մրցա­շար­քը։ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան եւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան խում­բե­րուն մի­ջեւ։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ Պահպանողական կուսակցութիւնը։ Ընտրողներու շուրջ 65 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքին Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութիւնը ապահովեց՝ առանձինն իշխանութեան գլուխ գալու համար բաւարար երեսփոխանական աթոռները։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին, պատճառ դառնալով զոհերու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան հերթապահութիւնը կատարելու ժամանակ, երէկ, ժամը 15.10-ին, մահացաւ հայկական կողմէն Յարութիւն Ղամբարեան (1995)։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցոյթ­նե­րու մէջ։ 

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

​Ուաշինկթընի աշխատանքային շփումները աւարտելէ վերջ, նոյնպէս աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա մեկնած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Եւրոասիոյ գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անհրաժեշտ համարեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ազ­գա­յին մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ար­դա­րու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան միջկ­րօ­նա­կան ա­ղօթ­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին պատ­գա­մով։ Իր խօս­քին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նշեց, թէ Հա­յոց ե­ղեռ­նի ոճ­րի ահ­ռե­լիու­թեան եւ ա­հա­ւո­րու­թեան դի­մաց նսե­մա­ցան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին վի­ճա­կած տա­ռա­պան­քի եւ կո­րուստ­նե­րու միւս դրուագ­նե­րը։ 

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ դէպի Ուաշինկթըն կատարուած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթին. «ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»:

Էջեր