Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ վարակուած է քորոնաժահրով, դրական հունի մը մէջ կը բոլորէ իր մեկուսացման շրջանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վարակուած ըլլալու վերաբերեալ լուրը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր հոգեւորականաց դասէն՝ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Մեր հոգեւոր հայրերու շարքին ան հերթական վարակեալն է դժբախտաբար։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեծանուն հայ արեւելագէտ, իրանագէտ, բանասիրութեան եւ արեւելեան լեզուագիտութեան ասպարէզին մէջ իր անջնջելի աւանդը ձգած գիտնական Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէասի ծննդեան 175-ամեակը լրացաւ: Միջազգային գիտական աշխարհին մէջ եւ հայագիտական աշխարհէն ներս չյիշուեցաւ անիրաւօրէն անտեսուած այս գիտնականը:

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱԼՍԱՆ

Արդեօք ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ մեր ամենահիմնական պարտաւորութիւնները իրարու եւ մեր մոլորակի նկատմամբ լուսաբանուէին 1800-ականներու սկիզբին ապրած փիլիսոփայի մը կողմէ։ Կրնայ տարօրինակ թուիլ, որ տասնամեակներ առաջ, գերմանական դասական փիլիսոփայութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն Ճորճ Վիլհելմ Ֆրիտրիխ Հեկել շատ բան պատմած է մեր կեանքի մասին։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ժամանակին, սեւին սեւ, ճերմակին ճերմակ եւ այլ զանազան գոյները կը կոչուէին իրենց գոյնով առանց նկատի առնելու որեւէ խտրականութիւն կամ յետին նպատակ, մինչեւ այն ատեն երբ Միացեալ Նահանգներու սպիտակամորթները, 1600-ական թուականներէն սկսեալ, Ափրիկէէն բերին սեւամորթ մարդիկ, իրենց արտերուն մէջ ստրկաբար ծառայեցնելու համար եւ զանոնք կոչեցին արհամարհական անուններով:

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն շուրջ կարծիքը շօշափեցինք հրապարակախօս ու լրագրող Լուսինէ Յովհաննիսեանի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բ.- ՄԱՆԿԱՊՂԾՈՒԹԻՒՆ.- Թէեւ վերջին տասնամեակին, մանաւանդ «զարգացած» երկիրներուն մէջ աճ արձանագրեց մանկապղծութիւնը, սակայն կը հաւատանք, թէ այդ մէկը նորութիւն մը չէ աշխարհի պատմութեան համար. այնպէս ինչպէս գողութիւնը, պոռնկութիւնը, ստախօսութիւնն ու սպանութիւնը գոյութիւն ունէին հազարաւոր տասնամեակներ առաջ, նոյնպէս մանկապղծութիւնը կար, կայ ու ցաւ ի սիրտ պիտի ըլլայ նաեւ յառաջիկային՝ ինչպէս միւսները:

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ այն աշխարհական աշխատակիցներուն հետ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներուն մէջ կը պաշտօնավարեն։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յովհաննէսի Աւետարանին 2-րդ գլուխի 1-11 համարներուն մէջ կը կարդանք Կանայի մէջ տեղի ունեցող հարսանիքի մը մասին, ուր ներկայ էր նաեւ Տէր Յիսուս Իր մօր՝ Մարիամի, Իր եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ: Այդ հարսանիքի ժամանակ է, որ մեր Տէրը Իր առաջին հրաշքը գործեց ջուրը գինիի փոխելով:

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ մուտք գործեցի համացանցի արգիլուած ու խափանուած աշխարհը՝ սեւցանց (darkweb), ուր կարելի է գտնել գրեթէ ամէ՛ն բան, ինչ որ հակառակ է օրէնքին ու օրինականութեան:

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյթ մը, որ ձօնուած էր մօտաւոր անցեալին մահացած հրապարակագիր եւ իրաւաբան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին։ Լիբանանահայ Գրական շրջանակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու յայտագրի գործադրումը սկսաւ Անի Քեսթենեան-Պասեթի ողջոյնի խօսքով։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Արմէն Սարգսեան մասնակցութիւն կը բերէ «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ-2022» միջազգային ֆորումին:

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ նոր փորձի մթնոլորտին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը: Մոսկուայի քննարկումները տեւեցին շուրջ մէկուկէս ժամ եւ երեք մայրաքաղաքներն ալ անմիջապէս արձագանգեցին այս ժամադրութեան:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու համար լիարժէք կարգաւորման առաջադրութեամբ բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմանի: Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի յաջորդ տեսակցութեան վայրն ու թուականը պիտի որոշուին դիւանագիտական միջոցներով, անոնք ուղիղ կապ պիտի ունենան:

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ապրեցայ իր ամբողջութեամբ։ Պատերազմին ժամանակ հետաքրքական էր, թէ կեանքը երբեք չկեցաւ։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանահայ վերլուծաբան Աշոտ Բագրատունիի կարծիքը շօշափեցինք Լիբանանի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կարեւոր իրադարձութիւններուն շուրջ։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Քուէյթի եւ շրջակայքի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022

Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի պաշտօնական հաստատման յոբելեանը:
Տարուայ տեւողութեան նախատեսուած են հոգեւոր ձեռնարկներ, եկեղեցական տօնախմբութիւններ եւ հրատարակութիւններ:

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022

Ցաւով վերահասու եղանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ յետմիջօրէի ժամերուն պաշտօնական զեկոյց մը հրապարակեցին այս մասին։

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022

Անգարայէն եւ Երեւանէն դրական պատգամներ կը տրուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ, այս փուլին որեւէ խօսք կամ ակնարկութիւն չկայ Զանգեզուրի միջանցքի խնդրայարոյց օրակարգին շուրջ:
Թուրքիա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս թարմ մեկնարկ. այսօր յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի սպասուած առաջին ժամադրութիւնը Մոսկուայի մէջ:

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած լուրջ տագնապին վերաբերեալ ահազանգը արձագանգ գտաւ նաեւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ, որ անդունդի եզրին հասած թերթիս յարատեւման պայքարին զօրակցելու նպատակով ծաւալուն հարցազրոյց մը հրատարակեց մեր գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:
«Ներկայ պահուն որեւէ անհատի կամ որեւէ կառոյցի պարտական չենք։ Ունինք այն վստահութիւնը, թէ ստեղծուած կացութիւնը ձախողման մը հետեւանքը չէ։ Մեր կոչը կը խարսխենք այն տրամաբանութեան վրայ, թէ ժամանակաւոր խնդիրները պէտք չէ թոյլ տանք, որ մեզմէ անժամանակ, մշտական արժէքներ խլեն։ Եթէ չունենանք գիտական, մշակութային, լրատուական կամ կրթական զանազան կառոյցներ, որոնք նոր ժամանակներուն յարմար գործունէութիւն կը ծաւալեն, մեր պատմութիւնն ալ կորսուելու սպառնալիքի ենթակայ է, որովհետեւ պատմութիւն ըսուածը ներկայ պահը կենսունակութեամբ ապագային շաղկապելու, ապագայի հետ օղակելու երեւոյթ է: Եթէ չկարողանանք այս պատմական լրատուամիջոցի ապագան պատրաստել, կը նշանակէ, որ անոր պատմութիւնն ալ մսխած պիտի ըլլանք»:

Էջեր