Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի «Լկրտածը» վէպին վերահրատարակութիւնը։ Սա հեղինակի անդրանիկ վէպն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1959 թուականին։
Ֆրանսահայ ուսանողներու նորաստեղծ միութիւնը կը քաջալերէ հայերէնի առաւելագոյնս գործածութիւնը:
Գործունէութեան սկիզբին որդեգրուած հիմնական նպատակներէն մին է՝ խթանել գիտական ու մշակութային կեանքը:
Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) հայկական բաժանմունքի եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ նախաձեռնութեամբ ներկայիս մշակուած է նոր ու կարեւոր ծրագիր մը, որ հետամուտ է սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման։ Սա վկայականի ծրագիր մըն է, որ կեանքի պիտի կոչուի 2020 թուականի դեկտեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2021 թուականի յունուարը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Յակոբեան ներկայացուց իր գլխաւորած յանձնաժողովի գործառոյթներն ու ծաւալած գործունէութիւնը։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուած առաջին հիւանդի պարագայի լոյսին տակ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ ժահրէն պաշտպանուելու հիմնական նախապայմանն է մաքրութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ ոգիով կը հաւաքուէին եւ ինչ էր ի վերջոյ այն ուժը, որ մերոնց մէջ դարի՜ւ-դարի՛ւ հաւաքուած էր ու կը սպասէր առիթի, որպէսզի զուլալ ձայնով դուրս գար ու ժայթքէր։
Առիթը միայն կտոր մը հաց, լաւ սեղան մը, բուրաւէտ ճաշերով «մասա» մը բանալը չէր։
Ապրիլի 5-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած հանրաքուէին ընդառաջ վարչապետը զանազան քաղաքներէ ներս հանդէս կու գայ իրերայաջորդ ելոյթներով:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Սահմանադրական ատեանի դատաւորները ցարդ եղած են Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կամակատարները:
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ «Արարատի եւ Անիի մոռցուած երեսը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը եւ ներկայացուեցաւ համանուն գիրքը։ Հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մշակութային գործունէութիւններու երրորդն էր այս մէկը։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մկրտուողի մը հոգեւոր մայրը եկեղեցին է, որու արգանդէն՝ Մկրտութեան աւազանէն կը ծնի քրիստոնեան։
Եթէ ընտանիքի նախընտրած կնքահայրը չի կրնար մասնակցիլ արարողութեան, զոր օրինակ՝ կը գտնուի արտասահման, ոեւէ մէկը կրնայ անոր փոխարէն մասնակցիլ արարողութեան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հոլանտայի մայրաքաղաքը՝ Ամսթերտամի կեդրոնական հատուածի փողոցները կոչուած են Հոլանտական Ոսկեդարու հռչակաւոր նկարիչներուն անուններով. 17-րդ դարու հոլանտական կերպարուեստի ոսկեդարը նշանակալի ազդեցութիւն ձգած է եւրոպական արուեստի զարգացման վրայ եւ մինչեւ մեր օրերը առկայ է այդ ազդեցութիւնը:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վեածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բեմին վրայ բարձրանալէն ետք, քահանան ի՞նչ կ՚աղօթէ:
Պատասխան. Նախ սարակաւագը կը յորդորէ Աստուծոյ փառք տալ, որ մեզ արժանի ըրաւ Իր Ս. Պատարագին մէջ օրհնել ու փառաբանել զԻնք. ապա, քահանան այս աղօթքը կ՚ըսէ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Ուիլիըմ Սարոյեանէ (1908-1981) պատմուածք մը։ Ուիլիըմ Սարոյեան, թէեւ հայախօս, սակայն գրած է անգլերէն։ Այս պատմուածին մէջ, ան կը պատմէ Ամերիկա գաղթած հայերու կեանքէն հատուած մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան լրագրողներուն յայտարարութիւններ ըրաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Պրիւքսել վերջին աշխատանքային այցելութեան լոյսին տակ։ Ըստ իրեն, Հայաստան եւ Եւրոմիութիւն ունին շատ ընդարձակ օրակարգ մը։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ շատ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ բացուած է «Տալի եւ Փիքասօ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 ապրիլ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ սպանացի Խոաքին Քափարոս։ 64-ամեայ Խոաքին Քափարոս նախապէս մարզած էր Սպանիոյ «Սեւիյյա» նշանաւոր ակումբը։
Եւրոպական Միութեան գանձատրումով ցարդ կեանքի կոչուած մեծագոյն ծրագիրը՝ Հայաստանի մէջ:
Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերէն ներս ծաւալուն աշխատանքները պիտի ընթանան մինչեւ 2023 թուականի մարտը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայէլ Միշուստինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետներու հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Նիկոլ Փաշինեան Կապան քաղաքի մէջ հանրահաւաքի մը կը մասնակցէր։
Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը (SIPRI) նախընթաց օր հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը՝ զէնքի համաշխարհային առեւտուրի վերաբերեալ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ վերջին հինգ տարիներուն (2015-2019) Հայաստան 415 տոկոսով աւելցուցած է զէնքերու եւ զինամթերքի ներածումները՝ նախորդ հնգամեակին (2010-2014) բաղդատմամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ դէպքը պատահած է երէկ ժամը 15.30-ի շուրջ։
Համայն աշխարհ սարսափի մատնուած է քորոնաժահրի հետեւանքով։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ալ հիւանդ մը վարակուած է քորոնաժահրով։