Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Պէյրութի Տիւրզի համայնքի հոգեւոր կեդրոնէն ներս կրօնապետներու հանդիպում:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը մասնակիցներուն փոխանցեց իր պատգամը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը ներկայիս լոյս ընծայած է նոր գործ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, հրատարակչութեան բաժինը Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսակէտէ կարեւոր կը նկատէ սկզբնաղբիւրի բնոյթով փաստաթուղթերու հրապարակումը՝ «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» մատենաշարի միջոցաւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն կ՚այցելէ Աւստրալիա։ Երէկ, Քամպերայի մէջ Մասիս Մայիլեան հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էրիք Ապեթսի հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ահաւասիկ եկաւ այն օրը, երբ Վարսիկի ու Կարոյի սիրող սրտերը Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի շղթայուին։ Զոյգը գեղեցիկ հայկական հարսանիք ունեցաւ։ Հրաւիր-ւած էին բոլոր ազգականները, ընկերներն ու բարեկամները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչըրի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան անպաշտօն այցելութեամբ կը գտնուի Անգլիոյ մէջ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերու ներածումը կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անհանգստութեան պատճառ դառնալ։ Ուաշինկթըն ներկայիս Անգարայէն յամառօրէն կը պահանջէ այդ համակարգերը գործնական օգտագործման վիճակի չբերել։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը տեւեց աւելի քան 6 ժամ. ծանրաբեռնուած օրակարգ:
Թուրքիա ամենայն վճռակամութեամբ կը հետապնդէ Սուրիոյ տարածքին մէջ խաղաղութեան միջանցք մը ստեղծելու հարցը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հայկական արտադրութեան պահածոները աւելի քան տասն օրէ ի վեր վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյի նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Նազար Հանչէր մեզի կը տեղեկացնէ.-
Հայաստանի մարմնամարզի ազգային հաւաքականը պարապումներու համար շաբաթավերջէն ի վեր կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ Եւրոխորհուրդի Իսթանպուլի պայմանագրին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵԽ-ի այդ պայմանագիրը կը վերաբերի կանանց դէմ կամ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման եւ համապատասխան պայքարին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հալէպի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Սուրիահայ 17-ամեայ երիտասարդ մը զոհ գնաց կրակոցին։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Շանթ Քէօշկէրեան սպաննուած է Հալէպի Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն վերջնականօրէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Մեծ կղզիի յունաց պատմական որբանոցի վերականգնման համար կը նախատեսուի շուրջ հինգ տարի եւ առնուզան 40 միլիոն եւրօ ներդրում:
Եւրոպական պատկան մարմինները տեղեկագիր մը հրապարակեցին՝ մասնագէտներու կողմէ տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ: Եւրոպայի ամենամեծ փայտաշէն կառոյցի փրկութեան առաջադրութեամբ մշակուած ծրագրի հիմնական նպատակն է տարածքը վերաշահիլ եւ շէնքերը դարձնել անվտանգ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան իր երկրորդ նիստը գումարեց Գումգաբուի մէջ. շուրջ 4 ժամ:
Պատրիարքարանէն հերթական նամակը կ՚ուղարկուի պատկան իշխանութիւններու՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ անզուգական պատկերը կու տայ սիրոյն երբ կ՚ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, սէրը ծառայասէր է, ան չի նախանձիր, չի պարծենար, գոռոզաբար չի հպարտանար, տգեղ գործ չ՚ըներ, չի փնտռեր իր շահը, չի բարկանար, անոխակալ է, չի հրճուիր անիրաւութեամբ, այլ կը խայտայ ճշմարտութեան մէջ։ Ան կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-7)։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եւ այն, թէ Միածինը Գառնուկ կը կոչէ, ասիկա տասը պատճառով.
Նախ՝ որովհետեւ գառնուկը մաքուր կենդանի է, նմանապէս մեր Տէրը Իր էութեամբ մաքուր էր, որովհետեւ մարմինով Աստուած է:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգ մասերէ բաղկացած «Չեռնոպիլ» շարժանկարը կը շարունակէ ցնցել հեռատեսիլն ու համացանցը: Ընդամէնը վերջերս համաշխարհային առաջնախաղ ունեցող այս դիպաշարը իր դիտումներուն քանակով գերազանցած է «Գահերու խաղը», ամերիկեան հատուածային շարժանկարի դիտումներուն ցուցանիշները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Գումգաբու, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ զանազան ժամանակաշրջաններով Հայաստանի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած վեց զինուորներ, որոնք յառաջիկայ շրջանին դարմանման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ զինուորները պիտի ստանան անհրաժեշտ բուժում եւ վերջոյթներու փրոթեզ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդոց դիմագրաւած դժուարութիւնները ընդհանրապէս արմատախիլ ընելու փոխարէն՝ ակներեւ է, որ մեծ պետութիւններ միշտ կ՚ուզեն հակամարտութիւններու տաք գօտիներ պահել եւ բազմացնել: Սակայն այդ վայրերուն մէջ բնակող մարդոցմէ ոմանք բոլոր ձեւերով կառչած են կեանքին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հին խօսք է ու զայն զանազան առիթներով լսած եմ. «Եթէ լեզուն մեռնի, մենք ալ հետը պիտի մեռնինք...»։ Իրօք կա՞յ այդպիսի բան, կամ այսօրուան բաւականին խճճուած աշխարհին մէջ, երբ մէկ կոճակով կարելիութիւն կը ստեղծուի ամենահեռաւոր երկիրներու պետական գրադարանները մուտք գործել, որքանով ժողովուրդի մը լեզուն կը պայմանաւորէ, կամ աւելի կ՚երաշխաւորէ ժողովուրդի մը ինքնութիւնը։

Էջեր