Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 31 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Պինալի Եըլտըրըմ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին, երէկ շարունակեց իր աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը Գերմանիոյ մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց Եւրոպական հարաւային աստղադիտարան եւ Միւնիխի Թեքնիկ համալսարան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը:
Ուաշինկթընի եւ դաշնակիցներուն առկայ տարակարծութիւններէն կրնան օգտուիլ Մոսկուան եւ Փեքինը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը մտադիր է մինչեւ ներկայ տարուան վերջը կամ յաջորդ տարուան սկիզբը ապահովել չորս հատ «Սու-30 ՍՄ» ռուսական ռազմաօդանաւ։ Ընդհանուր առմամբ Երեւան կը ձգտի ունենալ այդպիսի 12 ռուսական կործանիչ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Holiday Inn պանդոկներու յայտնի միջազգային ցանցը մուտք գործեց Հայաստանի շուկայ։ Երեւանի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կատարուեցաւ Holiday Inn պանդոկի բացումը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Ամենայն հայոց բանաստեղծի ծննդեան 150-ամեակը կը նշուի բազմակողմանի ձեռնարկներով:
Նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց. «Յովհաննէս Թումանեան 21-րդ դարու քաղաքացի մըն էր»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Ս-400 հրթիռային համակարգեր ապահովելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ վճռակամութիւնը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Ի գին ամէն բանի պիտի քանդենք ահաբեկչական նրբանցքը, որուն թոյլ պիտի չտանք մեր սահմաններուն վրայ եւ պիտի չյօժարինք այդ մէկուն»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խոնարհութիւնը առաքինութիւն մըն է, որ կը բխի սէրէն եւ կը տարածուի ամէն կողմ՝ ուր՝ սէր կայ։
Արդարեւ անկեղծ սիրով լեցուն սիրտեր միշտ խոնարհ են, քանի որ կը զգան ուրիշներու զգացումները, եւ ուրիշը կը նկատեն որպէս իրենց «Ես»ին ուրիշ մէկ երեսը։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հոգիի քաջութեան եւ հաստատութեան կրնանք հասնիլ.
ա) Մեր բանականութեամբ, որ կ՚օգնէ մեզի ըլլալ քաջ ու զօրաւոր:

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Փետրուար 19-ի այս օրը, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923), որ իր բարձրարուեստ ու անմահ ստեղծագործութեամբ՝ արժանաւորապէս նուաճեց պատուանդանը «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի կոչումին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդարանի դիւանը թողարկեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի վերջին հովուապետական այցելութեան։ Նորին Սրբութեան ուղեւորութեան շուրջ հաղորդած էինք զանազան տեղեկութիւններ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ շատ պակասներ կան անշուշտ, որոնց շատ ալ չեն անդրադառնար մարդիկ, տարուելով ամէնօրեայ զբաղումներու տարափէն։ Բայց միշտ կը զգացուի այդ պակասները լրացնելու պահանջքը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

20-րդ դարու ռիթմ եւ պլուզ ոճի ամենայայտնի երգերէն մէկը, որ Պեն Քինկը ձայնագրեց 1960 թուականին:
Քինկը այս երգը գրեց տպաւորուելով աւետարանական եկեղեցւոյ նոյնանուն հոգեւոր երգէն՝ 1905 թուականին գրուած, որուն, իր հերթին, հիմք կը ծառայէին տողեր սաղմոսէն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

Ն․

Փետրուարի 13-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը արդի հայ գրականութեան ճառագայթող դէմքերէն Շաւարշ Նարդունիի, որ ոչ միայն արեւմտահայերէնը բարձրացուց իր գեղեցկագոյն մշակման եւ յղկումի բարձունքին, այլեւ սփիւռքահայուն մէջ վառեց անմար կրակը «Հայաստան ամէն բանէ վեր» դաւանող գաղափարապաշտութեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայկական լրահոսին մէջ, վերջին շրջանին կարեւոր տեղ զբաղեցուց Հայաստանի օրհներգի փոփոխութեան նիւթը։ Թէկուզ եւ առաջին անգամը չէ, որ հայաշխարհը «ոտքի կ՚ելլէ» մերժելու, կամ ալ ողջունելու համար քայլերգի փոփոխութեան վերաբերեալ ընթացք առած խօսակցութիւնը, բայց եւ այնպէս, այս անգամ լսելի դարձած հակազդեցութիւնը բաւականին բուռն էր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ամէն տարի, երբ Տեառնընդառաջի օրը կը հասնի, Տէրունի տօնի առընթեր կը յիշենք նաեւ մեծանուն հոգեւորական մը, որ դարձած է ո՛չ միայն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ, այլեւ՝ հանուր Հայ Եկեղեցւոյ ռահվիրաներէն մին։ Այս սուրբ տօնին վախճանած՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքն է ան, որ ամէն առիթով ձեւ մը կը գտնէ պատգամելու եւ իր ձայնը լսելի դարձնելու համար՝ այցելու իր զաւակներուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կիրակնամուտ եւ հոգեճաշ՝ սգահանդէսի մթնոլորտով:
Համայնքային շրջանակները վշտակցութիւն յայտնեցին երախտաշատ բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

«Անթարա» լրատուական գործակալութեան պատկերասրահին մէջ, վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայաստան. առասպելներու երկիր» խորագիրը կրող լուսանկարներու երկշաբաթեայ ցուցահանդէսին փակումը, որուն շրջագիծին մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ «Անթարա» լրատուական գործակալութիւնը միասնաբար կազմակերպած էին հանդիպում-քննարկում` Ինտոնեզիայի աւելի քան 50 զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ լուսանկարիչ լրագրողներուն հետ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

Հայաստան եւ Քաթար կը ձգտին ռազմավարական գործակցութիւն ծաւալել շարք մը ոլորտներու պարագային:
Երեւանի եւ Արաբական պետութիւններու միջեւ շփումներու զարգացման համար կը նախատեսուին նոր քայլեր:

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

Ազգային պաշտպանութեան նախարարը մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին:
Հուլուսի Աքար. «Թուրքիոյ պայքարը ահաբեկչութեան դէմ կը շփոթուի քիւրտերու հետ յարաբերութիւններուն»:

Էջեր