Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2018

Պոլսահայ երաժիշտներու Երեւանի մէջ կազմակերպուած ելոյթը անմոռանալի դարձաւ ունկնդիրներուն:
Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու յաջող կատարումներով գրաւեցին երաժշտասէրներու սիրտը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Կը տեղեկանանք, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած է համայնքային յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան։ Որոշ ժամանակէ մը ի վեր Արէտ Երկանեան կը տառապէր մէջքի շրջանի սաստիկ ցաւերէ, որոնց հետեւանքով հասած էր գրեթէ անշարժունակութեան եզրին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Türkiye Ermeni Okulları Birliği adı verilen girişim çerçevesinde, cemaat basını aracılığıyla izlediğim çalışmaların genel gidişatıyla ilgili derin bir endişe taşıdığımı kamuoyuyla üzülerek paylaşmaktayım. Geçtiğimiz günlerde bu kapsamda düzenlenen çalıştay esnasında ismimin ima edilmesi, bu girişimin VADİP şemsiyesi altında yürütüldüğünün belirtilmesi bu açıklamayı zorunlu kılmış bulunmaktadır.

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Այս աշուղական երգին հնչիւնները յաճախ կարելի է լսել Հանրապետութեան հրապարակին զուգահեռ, Նալպանտեան փողոցի անցումին մուտքէն իսկ: Վաթսունն անց, սպիտակահեր տղամարդ մը, իր տեղը գրաւած է անցումին աստիճաններուն անմիջապէս վարի անկիւնը եւ քամանչան ձեռքին կը նուագէ յուզառատ մեղեդայնութեամբ. քամանչային պատեանը դէմը դրած, անցորդներուն սրտաբուխ կոպեկները նուէր ստանալով:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Շիրակի թեմէն մեկնած ուխտաւորներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Կիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարուժան Քհնյ. Տէրտէրեանի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Baruch Spinoza (1632-1677), Աստուծոյ երկրի վրայ ըլլալու մասին իր տեսակէտով աննախընթաց գաղափար մը յայտնած է։ Մինչդեռ կրօններու մեծամասնութիւնը Աստուած նկատած եւ նկարագրած են գերբնական եւ գերաշխարհիկ Էակ մը՝ Անձ մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր արձագանգ կը հանդիսանայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէնի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան միջոց մը առաջ Կարսի շրջանէն խախտած էր Հայաստանի սահմանը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա երէկ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու նախարարները ստորագրեցին հռչակագիր մը՝ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս կողմերու համագործակցութեան ամրապնդման շուրջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս քրիստոնեաներու տեսակէտէ կարեւոր ժողով մը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ հանդիպման մասնակցեցան դիւանապետն ու կալուածոց տեսուչը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստ:
Նախագահ Էրտողան. «ՖԵԹԷՕ կազմակերպութիւնը սպառնալիք մըն է այն բոլոր երկիրներուն համար, ուր կը գործէ»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ուիսքանսըն նահանգի Մարքըսմըն քաղաքի երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն մին՝ 15 տարեկան Մեթիու Շունեքըր, իր տնօրէնին դէմ դատ բացած է, որովհետեւ իրեն արգիլած է զէնքերով զարդարուած (տեսնել նկարը) իր սիրած շապիկը հագնիլ։ Երբ Մեթիու չէ հնազանդած տնօրէնին հրահանգին, ան պատժուած է երկու օրուան մեկուսացումով, յատուկ խցիկի մը (cubicle) մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ այցելեց Հրէից խախամապետարան:
Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան շնորհաւորութիւններ փոխանցեց րաբունապետ Հալեւային:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018

Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը ժողով մը գումարեց՝ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ:
Գումգաբուի երէկուան բազմակողմանի քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ հրատապ խնդիրները:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018

Ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանի յիշատակը յաւերժացուեցաւ յուշաքարի տեղադրմամբ։ Այսպէս, Հաաստանի Մատենադարանի հանգուցեալ տնօրէն, ակադեմիկոս, ականաւոր հայագէտ, հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մեծ գիտակ Սեն Արեւշատեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարը տեղադրուեցաւ սեպտեմբերի 7-ին Երեւանի Աւագ Պետրոսեան 2 հասցէին վրայ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2018-19 ուսումնական տարուան բացման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ կատարուեցաւ ուսանողներու օրհնութեան կարգ։ Հնչեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ճեմարանի օրհներգները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018

Ազգային լրաքաղութեան կազմակերպութիւնը (ՄԻԹ) երէկ շատ կարեւոր գործողութիւն մը իրականացուց Սուրիոյ Լազքիէ քաղաքին մէջ։ ՄԻԹ-ի կողմէ իրականացուած գործողութիւնով ձերբակալուեցաւ Եուսուֆ Նազիք, որ 2013 թուականին Ռէյհանլըի մէջ պատահած եւ 53 կեանք խլած ահաւոր պայթումը ծրագրաւորողներէն մին էր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018

Ֆրանսախօս հասարակական կազմակերպութիւններու 11-րդ ֆորումը՝ Երեւանի մէջ:
«Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը պիտի դառնայ անմոռանալի»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018

Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը, որ երրորդն է իր տեսակին մէջ։ Այս հաւաքը կը գլխաւորեն երկու երկիրներու նախագահները՝ Րէճէպ Թայիպ Էրտողան եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Քրեմլինի պալատի աղբիւրները այս տուեալը հաղորդեցին «Իզվեստիա» յայտնի ռուսական թերթին։

Էջեր