Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով Կարէն Միրզոյեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։ Այս նշանակումը արդէն հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ դրական կեցուածք:
Հայաստան եւ Ատրպէյճեան փոխանակեցին քաղաքացիներ, որոնք հատած էին սահմանը եւ չէին գործած ծանր յանցանք մը:

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն համար ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի երեկոյթ մը, դպրոցի պարտէզին մէջ։ Ներկայ էին ատենապետ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան անդամները, սանուց միութեան ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, Դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Միջմիութենական պասքեթպոլի աւանդական մրցաշարքը, որ տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի ի յիշատակ Ռուբէն Սէմէրճեանի, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ մեր մարզասէր շրջանակներէն ներս։ Մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Լեւոն-Վարդուհեան սանուց միութեան խումբին առջեւ։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու խորագիրն է՝ Değabah Seçim Tarihi Üzerine Bir Açıklama։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նորին սրբազնութեան յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, երէկ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ օրակարգով խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ քըն-նարկուեցաւ «Կովկասեան ելեկտրահաղորդման ցանց» ծրագրի իրականացման ընթացքը։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու խորագիրն է՝ Episkopos Sahak Maşalyan’ın Talihsiz Açıklaması Ve Tenezzül Eşiği։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նորին սրբազնութեան յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը թէեւ միայն մէկ շաբաթով յետաձգուած է, սակայն այդ պատճառով այնպիսի ահաւոր կացութիւն մը ծագած է, որ հետեւանքներու յաղթահարման համար ամիսներն ալ կրնան բաւարար չըլլալ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած վէճը իսկապէս աներեւակայելի համեմատութիւններու հասած է։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Պետական իշխանութիւններու պահանջով տեղապահի ընտրութեան շաբաթ մը յետաձգուիլը հերթական փոթորիկի մը ծնունդ տուաւ թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկան սուր յայտարարութիւններով:

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Խաչեր Քհնյ. Յարութիւնեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան ստանալով Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը եւ հաղորդ դառնալով անոր պատգամին։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Առաքինութիւն»ը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնը իր անձին։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի վերջերս լոյս տեսած անգլերէն նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը՝ վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» ստացած է յատուկ մրցանակ՝ որպէս լաւագոյն «Ծրագիր-յայտագիր»ի հրատարակութիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Պատկերին մէջ ի՞նչ կը տեսնէք, ի՞նչ կ՚երեւակայէք: Կ՚ուզեմ, որ գրէք թուղթի մը վրայ:
Կը թելադրէ ուսուցիչը մեծ պատկեր մը տեղաւորելով գրատախտակին վրայ:

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019

Եշիլգիւղի վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019

Էսաեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի փայլուն արարողութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսութիւնը անցաւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019

Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան երէկ անակնկալօրէն յետաձգման կապակցութեամբ շօշափեցինք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ տեղապահի ընտրութեան յետաձգումը թէեւ անակնկալ մըն է, սակայն սա ընդհանուր առմամբ չի նշանակեր, որ տագնապ մը ծագած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ.

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է մեղքը։
Պատասխան. Մեղք բառը՝ յանցանք, անհնազանդութիւն եւ վնաս կը նշանակէ. աւելի՛ն, մեղքը՝ ճշմարտութեան դէմ, սահմանուած օրէնքներու դէմ, որոշ թելադրութիւններու եւ պատուիրաններու նկատմամբ ցուցաբերուած անհնազանդութիւն եւ անտարբերութիւն է։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կոմիտասի 150-ամեակը առիթ է հայեացք մը եւս նետելու անցեալին եւ տեսնելու, թէ անոր նախորդ յոբելեանները, մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ, ինչ ձեւով նշուած են: Անշուշտ, Կոմիտասի գործունէութեան գնահատման կարեւոր հանգրուան մը եղած է անոր 100-ամեակը, որ մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի մէջ՝ 1969 թուականին:

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը, որ կը գլխաւորէ «Իմ Քայլը» եւ «City of Smile - Ժպիտներու քաղաքը» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդները։ Կը հաղորդուի, որ Աննա Յակոբեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցած է իր ղեկավարած երկու հիմնադրամներու գործունէութիւնը, ծրագրերն ու արդէն ձեռնարկուած աշխատանքները։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019

Մալթայի Արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելա այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

Էջեր