Արխիւ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախընթաց օր կատարեց իր առաջին փորձը՝ հսկողութեամբ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ընդհանրապէս քաղաքականութեամբ զբաղողը չեմ: Ո՛չ թէ, որովհետեւ չեմ սիրեր, այլ անկեղծօրէն չեմ հասկնար: Եւ ամէն անգամ, երբ ընտանեկան կամ ընկերային մեր հաւաքներուն, իբրեւ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ, սա քաղաքականութիւն ըսուած ճիւաղին «գնդակը» մէջտեղ նետուի, եւ խօսակիցներս սկսին մեծ ու լայն ախորժակով բարձրաձայն, նոյնիսկ պոռալով, ձեռքով եւ ոտքով արտայայտուիլ ու վիճիլ, կարծես իրենք ըլլային աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու նախագահներու քաղաքականութիւնը գծողն ու ճշդողը. այսպիսի պահերու ես կը մնամ լուռ:
Ֆրանսայի հարաւի Օտ շրջանի Թրէպ գիւղաքաղաքին մէջ պատահեցաւ արիւնալի դէպք. երեք զոհ:
Յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԻՇԻՊ, 26-ամեայ ահաբեկիչ Ռետուան Լաքտիմ սպաննուեցաւ:
Ս. Զատկի սեմին օրինակելի նախաձեռնութիւն մը՝ Յարութիւն Շանլըի եւ իր ընկերներուն կողմէ:
Կէտիկփաշայի թայաղին խորհուրդը երէկ Պատրիարքարան այցելեց հոգեւոր հովիւի պաշտօնավարութեան վայրի շուրջ ծագած տագնապի լուծման համար՝ պահանջելով ընդհանուր փոխանորդի հայրական ներողամտութիւնը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ընդառաջեց խնդրանքին՝ ընդգծելով Աթոռին նկատմամբ յարգանքի կարեւորութիւնը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ 21-ին մահացած է հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Վահան Միրաքեան (1866-1942), որ յատկապէս իր «Լալուարի որսը» երկարաշունչ ու հանրածանօթ բանաստեղծութեամբ՝ մնայուն իր տեղը գրաւած է հայոց անմահներու պանթէոնին մէջ։
ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Ծաղկազարդը յատուկ տօն մըն է: Մեր Տէրը Քրիստոս Երուսաղէմի մէջ մեծ բազմութեան կողմէ կը դիմաւորուի: Հանդիսաւոր ընդունելութիւն տեղի կ՚ունենայ: Երկու կարեւոր տուեալներ կան, որոնք կը պարզեն, թէ ի՞նչն էր այս յաղթական մթնոլորտին, ուրախալի եւ ճոխ ընդունելութեան պատճառը:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Արման Մանուկեանի յիշատակին։
Սուրբ Զատկի տօնական օրերուն ընդառաջ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լրագրող ու բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլուի «Աչք» գիրքին շնորհանդէսը։ Սա հեղինակի չորրորդ հայերէն գիրքն է։
Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբը շնորհաւորեց իր կազմի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի մէջ տարուան լաւագոյն ֆութպոլէօրի կոչման պարգեւը ստանալու կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ տարածքաշրջանային հարցերու քննարկում:
Էրտողան եւ Թրամփ համաձայն գտնուեցան՝ ռազմավարական փորձութիւններու առջեւ աւելի սերտ համագործակցութեան ուղղեալ քայլերու տեւականացման համար: Երկու ղեկավարները համակարծիք են նաեւ վերացնելու համար այն զգայնութիւնները, որոնք ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն վրայ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան այս տարի կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը։ Յառաջիկայ ամիս ան հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
ՃՀՓ-ական Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու առկայ խնդիրները։ Երեսփոխանը այդ խնդիրներու ստուգման եւ լուծման հեռանկարներու որոնման համար առաջարկեց մասնաւոր յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը։
«Աւանդական արժէքներ, արդի մարտահրաւէրներ» խորագրեալ հետաքրքրական հաւաք:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընտանեկան յիշողութեան մասին ցուցահանդէս մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի «Մեծ խնջոյք»ին առակը, Աստուծոյ կարգաւորութեան հանդէպ մարդոց տարբեր դիրքորոշումները կը յայտնէ։ Ուստի, իւրաքանչիւր մարդ տարբեր կերպով կը դիմաւորէ, տարբեր կերպով կը հասկնայ եւ տարբեր կերպով կը պատասխանէ «հրաւէր»ի մը։
Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հրաւէրով։ Լուքաշենքօ հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ Մարկվելաշվիլիի եւ թէ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը:
Զարզավաթճեան ամոլի հեղինակած ծաւալուն գիրքը ներկայացուեցաւ՝ Ֆրանսախօսութեան օրերու ծիրէն ներս:
ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին կողմէ հրատարակուող «UN Special» ամսագրի Մարտ ամսուան թիւին մէջ լոյս տեսաւ Շարլ Ազնաւուրի հետ ընդարձակ հարցազրոյց մը։ Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը այս հարցազրոյցը տուած է՝ որպէս ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան։
Երեւանի մէջ երէկ պատրաստեցին, ցուցադրեցին ու համտեսեցին աշխարհի ամենաերկար գաթան:
Տարբեր չիրերով համեմուած թխուածքը ունէր 4 մեթր երկարութիւն եւ 40 սմ. լայնութիւն:
Իտալահայ նկարչուհի, քանդակագործ Նուարդ Զարեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած է 18 քանդակ, Մինաս Աւետիսեանի վրձինին պատկանող Կոստան Զարեանի դիմանկարը, 11 գեղարուեստական աշխատանք, որոնցմէ տասն հատը տրամադրուած է Նուարդ Զարեանի եղբօրորդւոյն՝ Արա Զարեանի կողմէ։ Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, հոլովակով ներկայացուեցաւ նաեւ նկարչուհիի մասին պատմող հարուստ արխիւային նիւթ։