Արխիւ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ֆէրիւգիղի մէջ ահազանգ հնչեցուց համայնքէ ներս առկայ անտարբերութեան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ցաւ յայտնեց Թորոս Ալճանի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ, «Արփի» թատերախումբը շաբաթավերջին ներկայացուց «Չարշըլը Արթին աղա» հայերէն խաղը։ Խումբը, որ զանազան առիթներով բեմ բարձրացած ու հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին արժանացած էր, այս անգամ Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեամբ, հիւրընկալուեցաւ Գատըգիւղի մէջ։
Գանատայի վարչապետը շաբաթավերջին ջերմ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ Ճասթին Թրիւտօ ապագայի իր տեսլականով մեծ նպաստ մը կը բերէ խաղաղ աշխարհի կառուցման՝ որպէս երիտասարդ ու եռանդուն առաջնորդ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յաճախ ծայրայեղական, երբեմն տրամաբանական՝ բայց անվաւեր, մերթ վիրաւորական՝ բայց առհասարակ բարի…
Վերոյիշեալ տողերը ամերիկահայ վաւերագրող Ստեփան Փարթամեանի մասին է, որ եւրոպական մի քանի երկիրներ այցելելէ ետք արդէն հասած է Հայաստան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կռիւ»ը իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ դիմադրել, հակառակիլ, փոխադարձել։ Կռիւը կրնայ ըլլալ մտային պայքար՝ վէճ, բանավէճ, ինչ որ գաղափարներու, տեսակէտներու ընդհարումն է՝ ուրկէ կը ծագի ճշմարտութիւնը։
Իզմիրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պատուելի Էնտրու Պրանսընի դատավարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է։ Իր ձերբակալութիւնը վերջին շրջանին Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ծը-նունդ տուած էր լուրջ տագնապի մը։
Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան դարձած է արդէն 90 տարեկան։ Ան հայկական երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մին է ներկայիս։
Հայաստան կը նախագահէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հրաժեշտ առաւ: Երեւանի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ Գանատայի վարչապետ Թրիւտոն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է այսօր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով կը նշէ այս մէկը։ Թէեւ կրօնական տօն մըն է, բայց սա տարբեր է, որովհետեւ ունի ազգային երեսակ, տարբեր է համաքրիստոնէական միւս տօներէն։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Որո՞նք էին իմ սխալներս: Ձայնս, հասակս, ձեւերս, մշակոյթի եւ կրթութեան բացակայութիւնը, իմ անկեղծութիւնս կամ իմ անհատականութեանս բացակայութիւնը», գրած է Ազնաւուր իր ինքնակեսագրականին մէջ: «Ձա՞յնս, չեմ կրնար փոխել: Այն ուսուցիչներուն մօտ, որ գացած եմ, բոլորն ալ համաձայնած են, որ ես պէտք չէ երգեմ, բայց ես շարունակեցի երգել, մինչեւ որ կոկորդս կարծրանայ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ արագ հայեացք մը նետենք Ճեմալ Քաշըքճըի լրագրական «կենսագրութեան» վրայ, պիտի յանգինք այն համոզման, թէ ան Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի ամենէն «հաւատարիմ ձայներէն» մին էր։ Մինչեւ վերջերը լրագրողը կը համարուէր թագաւորութեան «բանբեր»ը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Alfred Louis Charles de Musset (1810-1857) ֆրանսացի բանաստեղծ, թատերագիր եւ վիպագիրը իր քերթուածներէն մէկուն մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ խմել իմ բաժակէս»։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ամենահին թատերաբեմը մարդո՛ւն միտքն է, ուր ներկայացուած ու խաղացուած են բազմաթիւ «թատրոն»ներ եւ «արար»ներ։ Անոր «հնութիւն»ը կ՚երկարի մինչեւ մարդու ստեղծագործութիւն։
Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, երէկ Գարակէօզեան Տան մէջ հիւրընկալուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցչաց կազմին հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը։ Ան մտերմիկ ոճով խօսեցաւ նիւթ ունենալով շարականները՝ երեք անջատ նիստերով:
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Առաջին անգամ նախակրթարանի տարիներուն լսած էի տոհմիկ բառը։ Այդ օրերուն կարծեմ հայերէն բառեր աւելի կը հնչէին մեր ականջներուն։ Տոհմիկ բառը կը գործած-ւէր հետեւեալ նախադասութեան մէջ «Տոհմիկ հայկական կրթութիւն»։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի:
Հանրապետութեան հրապարակի փառաշուք համերգի եզրափակիչ փուլը ձօնուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան տարածքաշրջանային այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկաս։ Հոկտեմբերի 20-ին պիտի սկսի Ճոն Պոլթընի ուղեւորութիւնը, որու ծիրէն ներս ան շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի մէջ։
Գալֆաեան Տան աշակերտները նախընթաց օր հաճելի նաւապտոյտ մը կատարեցին Վոսփորի մէջ։ Սարըեէրի «Ռոթարաքթ» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս նաւապտոյտը։
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Համաշխարհային երգարուեստի պատմութիւնը իր զարթօնքը ապրեցաւ, երբ 1950-ական թուականներուն երաժշտական նոր ոճ մը տարածուեցաւ՝ համաշխարհային տարողութեամբ, որ կոչուեցաւ էսդրատային երգ, որ խորքին մէջ արդի երաժշտութեան տեսակ մըն է, ուր կը գործածուին ելեկտրական կիթառ, երգեհոն, տրամզ, սաքսոֆոն, թրոմփեթ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ»։ Աւետարանական այս խօսքը սահմանը կ՚որոշէ աշխարհայինին եւ աստուածայինին, ուրիշ խօսքով՝ նիւթական-աշխարհային աշխարհի եւ բարոյական-հոգեւոր աշխարհի։