Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 12, 2019

Հայաստանի վարչապետը ելոյթ մը ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանի լիագումար նիստին ժամանակ։
Փաշինեան. «Հարեւաններու հետ մեր յարաբերութիւնները կը պատկերացնենք խաղաղութեան օրակարգի շրջանակին մէջ»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Ռուսաստանի «Համակարգչային եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու ընկերակցութեան» եւ «Հայաստանի իրաւազօրութիւն» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ սկսաւ «IT-SUMMIT 2019» համաժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան եկած են տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ղեկավարներ, մասնագէտներ եւ պետական կառոյցներու պաշտօնեաներ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Համացանցի անվտանգութեան 2018-ի համաշխարհային վարկանշային աղիւսակին վրայ Հայաստան յայտնուած է 79-րդ հորիզոնականին՝ անցած տարուան ցուցանիշին համեմատած 32 հորիզոնականով բարելաւելով իր դիրքը:
Վարկանշային աղիւսակը կազմած ատեն նկատի կ՚առնուի տուեալ երկրի հակուածութիւնը համացանցի անվտանգութեան, որուն ծիրին մէջ կը գնահատուին՝ օրէնսդրական դաշտը, թեքնիկ տուեալները, որակի բարձրացումը եւ գործակցութիւնը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Ճաբոնական երկարատեւ արշաւային ուղիներէն մինչեւ արժանթինեան ջրառատ անտառային շրջաններ՝ «Սի. Էն. Էն. Թրեւըլ»ը կազմած է արշաւային զբօսաշրջութեան լաւագոյն երթուղիներու ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են 23 վայր՝ հետիոտն զբօսանքներու համար: Ցանկին մէջ է նաեւ Հայաստանը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի BREXIT-ը յետաձգուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք տեղեկացուց, որ միութեան անդամ 27 երկիրներուն եւ Անգլիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի BREXIT-ը յետաձգուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը եւ այս կապակցութեամբ նախատեսուած է ճկուն յետաձգում մը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս։
Բանախօսներու ճառերէն վերջ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրը արժանացաւ բարձր գնահատանքի։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհաւորեց Ժան-Ֆրանսուա Իւշէի նշանակումը եւ մաղթեց յաջողութիւններ։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի գիտական ու կրթական հաստատութիւններու համագործակցութեան շուրջ զրոյց։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Իտալիոյ խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որով որոշեց 1915-ի դէպքերը որակել որպէս ցեղասպանութիւն:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ՝ պատմութեան քաղաքականացման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն դէմ եւ ընդգծեց, որ այս որոշումը ոչինչ կը համարուի Թուրքիոյ տեսակէտէ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ողջախոհութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ զգաստութիւն, պարկեշտութիւն։ Ողջախոհ՝ ողջամիտ մարդը խոհեմ է, գիտակից, լուրջ, բանական, եւ իր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ չափաւոր՝ ժուժկալ, անկեղծ, մաքրամի՛տ։ Եւ այս իմաստով ողջախոհութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է եւ ուղիղ նկարագրի մը արտայայտութի՛ւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մարդը իր կեանքի ընթացքին, ինքզինք սիրցնելու եւ կամ սիրելու մարմաջէն թելադրուած, միշտ ուզած է լաւագոյն ձեւով արտայայտուիլ: Ու նկատած է, որ երգն ու երաժշտութիւնը ամենէն ազդեցիկ, կախարդական եւ իմաստալից որդեգրումն է եղած իր այս նպատակին հասնելու համար:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի սրտին վրայ գտնուող եւ շատերուն յայտնի «Մեղեդի» սրճարանը հալէպահայերուն երեւանեան գլխաւոր հանդիսավայրն է։ Ամառ թէ ձմեռ, սուրիահայեր, յատկապէս հալէպահայեր «Մեղեդի» կը փութան զիրար տեսնելու, իրարու հետ զրուցելու, Հալէպի իրավիճակին մասին լուրեր ստանալու եւ մէկ խօսքով՝ հալէպեան վերյուշով ապրելու։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Եթէ կեանքը ընդունինք անզուգական դաշնամուր մը, ուրեմն ամէն մարդ կը նուագէ իր դաշնամուրին վրայ։ Զանազան են կեանքի մեղեդիները։ Երբեմն մարդիկ կը փոխեն դաշնամուրը, բայց արդիւնք չ՚ունենար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ բացուած ուշագրաւ ցուցահանդէսը այս օրերու հայաստանեան գողտրիկ ձեռնարկներէն է: Հակառակ Երեւանի կեդրոնէն հեռու ըլլալուն, արգելոց-թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը տեսնելու կը շտապեն արուեստի, գրականութեան սիրահարներ, արուեստասէրներ, քանի որ առաջին անգամն է, որ մէկ վայրի մէջ հաւաքուած եւ ցուցադրուած են այնքան բազմազան ցուցանմոյշներ, որոնք հայ մտաւորականութեան՝ ֆրանսախօս մշակոյթին մէջ ունեցած դերը ցոյց կու տան:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հին դարերէ ի վեր եւ այսօր ալ մարդիկ այնպիսի նախապաշարումներու հագուստներ դրած են կրօնական ճշմարտութիւններու վրայ, որ խորհող, դատող, դատելէ առաջ քննող, խորը թափանցող միտքերու համար առարկելի եւ անընդունելի եղած են։ Սա բացայայտ է, որ գիտնականները թշնամի չեն կրօնքի. անոնց հակառակութիւնը  նախապաշարումներու դէմ է։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Պոյաճեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ յօդուածով գրած էի այն մասին, թէ Պոլսոյ մէջ հայերէն լեզուն, թէեւ գրեթէ լքեալ, օգտագործուելու պարագային ընդհանրապէս սահմանափակուած է ներհայկական միջավայրէ ներս. համայնքի հայախօս փոքրամասնութեան մօտ սովորութիւն դարձած է օտար շրջանակներու ու հանրային տարածքի մէջ մայրենին չօգտագործելը։ Պատճառն այն է, որ հայախօսութիւնը հայութիւն մատնող ամենէն անմիջական հանգամանքն է, իսկ հայ ինքնութիւն կրելը՝ մարդս հաւանական խտրականութեան թիրախ դարձնող կացութիւն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հայ մեծանուն բանաստեղծներու աստղաբոյլ մը, իրենց հրաշակերտ ստեղծագործութիւններուն մէջ բազմիցս տուած են հայու բնութագիրը։ Այդ ստեղծագործութիւններէն ինծի հոգեհարազատ է Գէորգ Էմինի «Զարմանալի հայ» բանաստեղծութիւնը, թերեւս անոր համար, որ ես եւս՝ ներկայիս «Զարմանալի հայ»ու մը ապրելակերպ կը վարեմ՝ ծնած՝ Արցախ, Երեւան ուսանած, միտքս ու հոգիս բանտարկած հայրենեայց հողին մէջ՝ այժմ կը բնակիմ Պոլիս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպանը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը եւ Լին Թրէյսի ընդգծեցին ամերիկահայ համայնքին նպաստը՝ բարեկամութեան եւ գործակցութեան:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019

Իրլանտացիները Եւրոպական Միութեան բոլոր բնակիչներէն աւելի առողջ կը զգան իրենք զիրենք։ Այսպէս, Իրլանտայի բնակիչներու ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 83 տոկոսը, իր առողջութիւնը կը գնահատէ լաւ կամ շատ լաւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019

Ճաբոնի մէջ հնագոյն բանտը կը վերածուի շքեղ հիւրանոցի մը։ Այսպէս, Ճաբոնի հնագոյն բանտը շուտով կը վերակառուցուի ու կը վերածուի բարձրակարգ հիւրանոցի մը: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է News On Japan թերթը: Նարա պատմական բանտի վերակառուցման համար նախատեսուած է ծախսել շուրջ 136 միլիոն տոլար:

Էջեր