Արխիւ
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ան երէկ յետմիջօրէին Իսթանպուլ հասաւ Երեւանէն ուղիղ թռիչքով, իր օգնականին՝ Անի Մինասեանի հետ։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, որու մահը խոր ցաւ ստեղծեց վերջին օրերուն, այսօր կը յուղարկաւորուի՝ առարկայ դառնալով բիւր յարգանքի։ Մեծանուն վարպետը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ պատշաճ շուքով՝ իր վաստակին ու համբաւին վայել ձեւով։ Այս առաւօտ իրեն համար Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը, որու աւարտին կարգը եկաւ յուղարկաւորութեան արարողութեան՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուրկէ ալ իր մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը՝ ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն, նաեւ երախտաշատ բարերարներէն Պետրի Եալըն։ Իր կորուստը խոր յուզում պատճառած է համայնքային շրջանակներուն՝ հաշուի առնելով, որ Պետրի Եալըն երկար տասնամեակներ եղած էր մեր հաստատութիւնները կանգուն պահելու նպատակաւ ուղղուած պայքարի առանցքային դէմքերէն մին։
Գրաբարէ աշխարհաբարի վերածեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Արդեօք ճշմարի՞տ է այն ինչ որ մեզի պատահեցաւ, իսկապէս կատարուա՞ծ է սա, խաբկանքի մէջ չե՞նք, գիշեր չէ՞, եւ պատահածները երազ չե՞ն, ցերեկ է, եւ բոլորս արթո՞ւն ենք։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Միլանօ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, հովուապետական այցելութիինը տեղի կ՚ունենայ՝ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեայ յոբելեանին առթիւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու եզրագծին նոր եւ բաւական կարեւոր զարգացումի մը կը սպասուի։ Խօսքը ոչ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար նոր դեսպանի մը նշանակման մասին է, այլեւ՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան տալիք այցի մասին է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Քանի մը տարի առաջ Պատրիարքարանի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր քեզի համար։ Հերթական պարգեւներէդ մին պիտի ստանայիր։ Տրամադրութիւնդ բարձր էր։
Ալիաղայի մէջ, Իզմիր, այսօր տեղի կ՚ունենայ «Սթար» զտարանի պաշտօնական բացումը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կը մասնակցին արարողութեան։ Այս զտարանը կառուցուած է Թուրքիոյ կողմէ եւ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի մասնակցութեամբ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արա Կիւլէրը առաջին անգամ տեսայ 2011 թուականին Իսթանպուլի մէջ: Այցելութեան նպատակը պէյրութահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնին մասնակցութիւնն էր: Անակնկալներով «պատրաստուած» հանդիպումներ էին ժապաւէնին դրուագները, որոնց մէջ էր «Արա քաֆէ» այցելութիւնը եւ տաղանդաւոր լուսանկարիչին՝ Արա Կիւլէրի հետ հանդիպումը:
Աշխարհահռչակ լուսանկարչի վաղուան յուղարկաւորութեան ընդառաջ՝ համատարած զօրակոչ պատշաճ շուքով հրաժեշտ մը կազմակերպելու նպատակով:
Մեծանուն արուեստագէտի վաստակին ու ժառանգութեան առջեւ բիւր յարգանքով խոնարհում - Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կ՚ընեն յատուկ թողարկումներ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աշուն է:
Կը սիրեմ աշունը: Առտուան թեթեւ խոնաւութիւնը ցօղի պէս կը հանգչի ամէնուր ու անզուգական մաքրութիւն մը կը փռէ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս ոգեւոր հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Ձեռնարկի ընթացքին ոգեկոչուեցան հայ գիրերու գիւտարարները՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւը եւ Վռամշապուհ թագաւորը, ինչպէս նաեւ առաջին թարգմանիչները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիրը դպրութեան, պերճախօսութեան, գիտութիւններու եւ արուեստներու աստուածն է հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։
Տիր եղած է Հայկ Աղեղնաւորի ուստրը, այսինքն մանչ զաւակը, եւ համարուած է Արամազդ աստուածահօր ատենադպիրը եւ սուրհանդակը, համայն մարդկութեան ճակատագրի գուշակը եւ նաեւ՝ երազներու մեկնիչ, անոնց բոլոր չար եւ բարի գործերուն գրանցողը՝ գրողը եւ արձանագրո՛ղը։
Ծանր օր մըն է դարձեալ, բօթը հասաւ երէկ գիշեր, կը սգանք, խորապէս կը սգանք Արա Կիւլէրի մահը։ Կաղնի մը տապալեցաւ՝ բառին բուն իմաստով։ Իր կորուստով քիչ մը եւս կը գունատի պոլսահայ կեանքը։ Մեր իրականութեան իմաստը բնորոշող մեծութիւն մը կը մեկնի այս աշխարհէն։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին դպրոց կամաւոր խնամակալ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արուշ Թաշը եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները երէկ կէսօրուան ճաշի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան Սամաթիոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի նոր եղանակի սկիզբին մեր հաստատութիւններու տիկնանց կազմերը նման հաւաք մը կ՚իրականացնեն՝ հնարաւորինս համապատասխանեցնելու համար իրենց աշխատանքային ժամանակացոյցը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան պատճառով յետաձգեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, նորին սրբազնութիւնը այսօր Լոս Անճելըս պիտի մեկնէր՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջ։