Արխիւ
Թէքէեանը մեր այն մեծերէն է, որ կարելի է անպատրաստից ըսել գնահատական խօսքեր, մարդու մը մասին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է իր ժողովուրդին, հայ գրականութեան, իր կուսակցութեան, մամուլին եւ հայ որբերուն:
Թէքէեանի կեանքը եղած է բազմաբովանդակ, տեղէ-տեղ, երկրէ-երկիր եւ անընդհատ պայքարներու մէջ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։
Յոյսը մարդուն մէջ ի վերուստ դրուած գործօն մըն է, որուն միջոցաւ մարդ ինքզինք կը վերականգնէ, տեղի չի տար դոյզն դժուարութիւններու դիմաց եւ անկոտրում կամքով կը պայքարի՝ իր նպատակին հասնելու համար։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պարտաւորութիւնն է յաճախ, որ կը մղէ մարդս ասպարէզի մը մէջ աշխատանք մը ծաւալելու: Երբեմն միայն կեանքի պահանջքը: Ապրուստի ու գոյատեւելու դրդումով է, որ կ՚աշխատի մարդ արարածը, ինչպէս օրինակ՝ սովորական բանուոր մը:
Ազգիս Հայրապետի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը կը փոխանցենք այս գեղեցիկ, հոգեպարար շնորհանդէսի կազմակերպիչներուն, մանաւանդ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրակազմին, ի դէմս Արա Գօչունեանին: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն 110 տարեկան է: Ուրախ ենք նշելու, որ տակաւին 2014 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնուեցաւ 100-ամեակի միջոցառումներու փակման ցերեկոյթը, որու ընթացքին նոյնպէս, ինչպէս այժմ, վերարժեւորուեցաւ, գնահատուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այն նպաստները, որոնք ան ունեցած է մեր մշակութային, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կեանքէն ներս:
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աստուած Աբրահամի ըսաւ, թէ իր սերունդը Քանաանի երկիրը պիտի ժառանգէ։ Աստուած Դաւիթով այդ խոստումը վերահաստատեց՝ ըսելով. «Իմ Ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի ու ալ չշարժի» (Բ. Թգ 7.10)։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Մարդիկ, որոնք շատ կը կարդան, մարդիկ, որոնք լաւ պաշար ունին եւ խօսելու կարողութիւն, միշտ զիրենք լսողներ կը փնտռեն: Իրենց ամբարած գիտելիքներն ու կեանքի փորձառութիւնները կ՚ուզեն բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ, թէ՛ այդ ձեւով լիցքաթափուելու եւ թէ՛ դիմացինին ալ օգտակար դառնալու հաճոյքը ունենալու:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս իրական կեանքէ առնուած պատմութիւնը մեզի կու գայ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Նայթստէյլ քաղաքէն, ուր բը-նակութիւն հաստատած է Փրէտլ ընտանիքը։
Այդ ընտանիքին Քէյթի անունով դուստրը որդեգրութեան տրուած էր, երբ ան տակաւին երեխայ էր։
Անցնող օրերուն միջազգային լրահոսին համար ամենէն «փայլուն» աստղը դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Ամերիկայի նախագահը մասնաւորապէս կը գրառէր՝ «Ռուսաստան կը խոստանայ վնասազերծել այն հրթիռները, որոնք պիտի արձակուին Սուրիոյ ուղղութեամբ, իսկ ես կ՚ըսեմ, պատրաստուեցէ՛ք, որովհետեւ հրթիռները պիտի գան եւ պիտի ըլլան գեղեցիկ ու խելացի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց 3-րդ Կիրակին կը կոչուի «Աշխարհամատրան Կիրակի» կամ «Կանաչ Կիրակի»՝ որ այս տարի կը հանդիպի 15 Ապրիլ Կիրակիի, ըստ եկեղեցական օրացոյցի։
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կը ներկայացնէ «Աշխարհամատրան Կիրակի»ն, բացատրելով անոր իմաստը եւ բնոյթը.
Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած համաձայնութիւնները:
Փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան. «Պրիւքսել կը նախատեսէ աւելցնել Երեւանի ի նպաստ ելմտական աջակցութիւնները»:
Էրտողան բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի եւ Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն մասին:
Թուրքիա շատ խիստ դիրքորոշում ունի քիմիական զէնքերու դէմ ու կ՚ակնկալէ ողբերգութեան վերջ գտնելը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ Ֆրանսան երէկ երեկոյեան ռմբակոծեցին Սուրիան։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի արիւնալի ու բարդ իրավիճակին մէջ վերջին օրերուն խնդրայարոյց երեւոյթները գագաթնակէտին հասած էին՝ արեւելեան Կութայի եւ Տումայի մէջ՝ երկրի բանակին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման պնդումներով։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այդ կէտէն սկսեալ շարժման անցած էր՝ արտայայտելով մտադրութիւն միջամտելու համար Սուրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքին։ Ծանօթ է, որ այս բոլորը միջազգային բեմահարթակի վրայ լարուածութեան բարձրացման պատճառ դարձաւ։
Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մէջ։ Այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային սոյն մրցաշարքը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտուհիներէն Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Քապաթաշի լիսէին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ գրող Էօմէր Սէյֆետտինի յիշատակին ձօնուած գրական մրցոյթի մը։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցոյթին ան պատրաստուած էր վարժարանի թրքերէնի ուսուցչուհի Զիւպէյտէ Տիզտարի հսկողութեան ներքեւ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ բարերար հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանը՝ մահուան 106-րդ տարելիցին առթիւ։
Այս առթիւ երախտաշատ բարերարի Շիշլիի գերեզմանատան դամբարանին մօտ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ գլխաւորութեամբ Տ. Մինաս Աւագ Քահանայ Ճիհանկիւլեանի։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի շէնքի տանիքը կը վերականգնուի՝ Գէորգ Էօզգարակէօզի հսկողութեան տակ:
Երէկ ուշ երեկոյեան բախումներ տեղի ունեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը այս անգամ հրադադարը խախտեցին Հայաստանի սահմանի հատուածէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմի դէմքերը հետզհետէ յայտնի կը դառնան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն ստորագրեց հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ նշանակուեցան իր աշխատակազմէն շարք մը դէմքեր։
Հրատապ օրակարգի մթնոլորտին մէջ Էրտողան իրերայաջորդ կը զրուցէ Փութինի եւ Թրամփի հետ:
«Պիտի չհրաժարինք Միացեալ Նահանգներու հետ դաշնակից մնալէ, նաեւ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ համատեղ աշխատանքէ»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջերս ստացաւ բացառիկ նուէր մը։ Այսպէս, ռուսահայ ոսկերիչ ու գործարար Գարուն Քոչարեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նուիրեց 5 քիլօկրամ ծանրութեամբ հայրապետական ոսկէ ասա մը։