Արխիւ
Անգլիական BBC-ն հեռարձակեց հաղորդում մը՝ ձօնուած ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակին։ Ձայնասփիւռի միջոցաւ այս ծրագրին հեռարձակումը համընկնեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։

«Ան գիտէր իր խաչին զօրութիւնը եւ այդ մէկը միշտ ծառայեցուցած էր իր երկրին ու ժողովուրդին համար»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեան ոգեկոչուեցաւ ծննդեան 60-ամեակին առթիւ:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Թրէյսին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շնորհաւորելով դեսպանը նոր առաքելութեան կապակցութեամբ՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ բարեկամութիւնն ու ընկերութիւնը՝ ընդհանուր արժէքներու, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը իրաւատէր է կղզիի մերձակայքի բնական հարստութիւններու պարագային։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը բաժնետէրն է այդ հարստութիւններուն եւ բոլորը պէտք է վարուին ըստ այդմ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան կողմէ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, յառաջիկայ հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նուիրուած պիտի ըլլայ նաեւ բանակցային ձեւաչափի շուրջ քննարկումներու:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատրեանի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան որպէս նախագահ պաշտօնավարման ողջ տեւողութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Կիւմրի քաղաքը, Շիրակի մարզը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ նախագահը յայտնեց, որ իր նպատակն է՝ փոքր, մեծ ամէն տեսակ քայլով օգտակար ըլլալ եւ աջակցիլ Կիւմրիին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ յորդորով մը հանդէս եկաւ Մեծ պահոց սկիզբին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին մէջ կը կարդանք հետեւեալը։
Փաշինեան մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին:
«Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը մեծ նշանակութիւն ունի մեր բարեփոխումներուն համար»:
31 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընդառաջ ծանօթացման հաւաքոյթ:
Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ կ՚առանձնանայ թէ՛ իր վայելած ժողովրդականութեամբ եւ թէ ծրագրերով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանը կը բովանդակէ վեց կիրակի։ Կիրակին որքան հանգիստի օր, նաեւ օրհնութեան օր է քրիստոնեաներու համար։ Կիրակի օրը հոգւով եւ մտքով պէտք է նուիրուի Աստուծոյ, քանի որ Յակոբոս Տեառնեղբայր իր Ընդհանրական Նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի», (ՅԱԿՈԲ. Դ 8)։
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Բնականաբար յուղարկաւորութիւնները տխուր երեւոյթներ են: Յուղարկաւորուող անձին ընտանեկան պարագաներուն համար շատ ծանր է մանաւանդ եկեղեցւոյ արարողութիւնն ու ապա թաղման կարգը:
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անձնասպանութիւը նմանապէս յանցանք է հասարակութեան դէմ, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր կեանքով պարտաւոր է իր գերդաստանին եւ հայրենիքին [հանդէպ]. պարտաւոր է համբերութեան բարի օրինակ ըլլալ եւ քաջալերող՝ իր աշխատանքով: Եթէ կարծէինք, որ անձնասպանութիւնը արտօնուած է մարդուն, մենք բոլորովին անգութ կ՚ըլլայինք տառապեալներուն հանդէպ եւ առանց կարեկցանքի կը նայէինք, եթէ անոնք անձնասպան ըլլային:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Քասքատ համալիրէն ներս գործող Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը, իր հիմնադրման 10-ամեակին առթիւ, բացած է «Քասքատի պատմութիւնը» վաւերական ցուցադրութիւնը, որ կեդրոնի 10-ամեակին համար նախատեսուած ձեռնարկներուն առաջինն էր: Այդ առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հարցազրոյց մը ունեցաւ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահագն Մարաբեանի հետ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը:
Վահագն Աթաբեկեան տեսակցեցաւ Փոլ Հայտոսթեանի եւ դասախօսական կազմի անդամներուն հետ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած են իրենց առաջարկը՝ հանդիպում մը ունենալու վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջնորդները վերջերս այցելութիւն մը կատարած էին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այս շրջանին սերտ շփումներ տեղի կ՚ունենան Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին վրայ աւելցած է նաեւ «Ս-400» ռուսական հրթիռներու Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերման հարցը։
Բոլոր հայ գրողները սիրելի են մեր ժողովուրդին համար, մանաւանդ անոնք՝ որոնք ունեցած են եղերական վախճան: Սակայն բոլորը չէ որ մեզի կանգնիլ կու տան խոհի մը դիմաց՝ մղելու մեզ ոգեկոչման ու հանդիսութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ականատես կ՚ըլլանք մեծ եւ արագ փոփոխութիւններու։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեր տուները «ներխուժած» համացանցը հազար ձեւ ու մարմին կը փոխէ, անշուշտ, նպատակ ունենալով դառնալ աւելի վստահելի եւ «միահեծան» տեղեկութեան աղբիւր։ Խորքին մէջ ընթացողը լուռ պատերազմ մըն է, որուն կը մասնակցին լրատուական, քաղաքական, գաղափարական, կրօնական, ընկերային եւ տնտեսական կառոյցներ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ մեկնեցաւ Պելժիա եւ այսօր կը ձեռնարկէ Պրիւքսելի իր ծրագիրը։