Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի հերթական այցելութիւն մը տալ Պաքու։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողան սեպտեմբերի 15-ին պիտի մեկնի Ատրպէյճան պաշտօնական այցելութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հանդիպում մըն է այս մէկը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագէտներ՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան (պարիթոն) եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած է անոնց համերգը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը յայտարարութիւններ ըրաւ «Անատոլու» գործակալութեան:
«Ունինք պետութիւն մը, կառավարութիւն մը, որ թէ՛ զօրաւոր է եւ թէ կու տայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն լոյսին տակ, այս օրերուն կարեւոր տեղ կը տրամդրուի Իտլիպին։
Նահանգը, որուն մասին գուցէ առաջին անգամ միայն վերջերս լսած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ստացած է բաւականին մեծ կարեւորութիւն, եթէ յատկապէս հաշուի առնենք, որ Իտլիպի ազատագրումէն ետք Սուրիոյ եօթ տարիներէ ի վեր ընթացող «հակամարտութիւն»ը նոր կարեւոր շրջափուլ մը պիտի թեւակոխէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ռումանահայ խումբ մը ուխտաւորներ։ Քոստանցա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Օշական Քհնյ. Խաչատրեանի կողմէ առաջնորդուեցաւ ուխտաւորներու խումբը։
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կ՚արժէ համառօտ կերպով անդրադառնալ նաեւ Մարկոս աւետարանիչի գրութեան լեզուին։ Կ՚ըսուի, թէ բնագիրը յունարէն եղած է, սակայն ուրիշներ կը կարծեն, թէ արամերէն եղած ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխումէն ետք 5-րդ կիրակի օր, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը կը վկայէ Յիսուսի կատարած բժշկութիւններէն մէկուն, (ՄԱՐԿ. Է 31-37)։ Վերափոխումէն ետք 5-րդ կիրակին, այս տարի կը հանդիպի 9 սեպտեմբերին։
Սուրիոյ նախագահին հրամանով հալէպի մէջ վարժարան մը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուորին անուամբ։ Այսպէս, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ:
Մկրտչեաններու բազմանդամ ընտանիքը կ՚ապրի Արագածոտնի մարզի Արտենի լերան հարաւ-արեւելեան ստորոտը գտնուող Թաթուլ գիւղին մէջ: Մօտաւորապէս տասը տարի ընտանիքը ապրած է խարխլած տանիքով ու բնակարանային տարրական պայմաններէն զուրկ, կիսակառոյց տան մէջ, որուն պատերը ցուրտէն եւ խոնաւութենէն բորբոսած ու սեւցած են:
Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։
Օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեան Չիլիի մայրաքաղաքի «Թէաթրօ միւնիսիփալ տէ Սանթիակօ» հեղինակաւոր օփերային թատրոնին մէջ երեք ներկայացումներով հանդէս եկաւ «Թոսքա»ի դերերգով:
Իտալացի երաժիշտ Ճաքոմօ Փուչինիի «Թոսքա»ն օփերային թատրոնի մէջ ներկայացուեցաւ բոլորովին նոր եւ թարմ բեմադրութեամբ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութիւնը հաշուի կ՚առնէ, թէ ապագային ի պատուի պիտի դառնան ասպարէզներ, որոնց անունները այսօր ծանօթ չեն:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան. «Մենք պէտք է փրկուինք առկայ մարսուած անճարութեան զգացումէն։ Ներկայ միջոցներով չենք կրնար աւելի լաւ կրթութիւն մը կազմակերպել։ Մեր համայնքը աղբիւրի խնդիր չունի, մեր խնդիրը աղբիւրները կառավարելն է։ Նպատակը նուազ միջոցներու բաժնուիլը չէ, այլեւ՝ միջոցներու աւելցուիլը»:
Իտլիպի վերաբերեալ լարուած իրադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այսօր Իրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ եռակողմանի գագաթաժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապն ու մասնաւորապէս Իտլիպի կացութիւնը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիխթէյնշթայնի հաւաքականը։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու աւարտին հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց 2-1 արդիւնքով։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Հայաստանէն «Նարեկացի» նուագախումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր յայտնի մշակութային գործիչ Սեզար Աւետիքեանի ջանքերով։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Ես իմ հայ ժողովուրդիս համար կ՚ուզեմ երգել»:
Օգոստոս 2018, Սիտնի, Աւստրալիա: Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ կը շրջագայիմ՝ վայելելով անոր ու բնութեան արտասովոր գեղեցկութիւնը: Բայց այդ գեղեցկութեանը մէջ կար նշանաւոր երաժիշտ-յօրինող Վերտիի «Այտա» օփերայի ներկայացումին նկար-յայտարարութիւնը, որ ողողած էր ամբողջ փողոցները:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մա՛մ, ասո՞նք են շատրուանները, որոնց մասին յաճախ կը պատմէիր ինծի:
-Այո՛, տղաս: Քիչ ետք բոլորը կը ցայտեն ու, պատմածիս պէս, կը տեսնես անոնց երաժշտութեան համեմատ գունաւոր պարը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եսասիրութիւն» եւ «նախանձ», դժբախտաբար զգացումներ են, որ դարերէ՜ ի վեր մեծ ծաւալ է գտած մարդկութեան մէջ։ Ուստի, այս երկու զգացումները կարելի է համարել մարդկութեան սեփական ախտերէն՝ որ ա՜յնքան աւերներ են գործած անցեալին մէջ եւ կը շարունակեն գործել։