Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 16, 2018

Եւրոասիական զարգացման դրամատան նախագահը տեսակցեցաւ Փաշինեանի հետ:
Հայաստանի վարչապետը հանդիպեցաւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»ի ընդհանուր տնօրէնին հետ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին պե­տա­կան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նը օ­գոս­տո­սի 5-ին ազ­դա­րա­րեց թա­տե­րաշր­ջա­նի մեկ­նար­կը:
Կիւմ­րիի  Ստե­փան  Ա­լի­խա­նեա­նի ա­նո­ւան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նին մէջ «Բա­րե­կեն­դան»ով ազ­դա­րա­րո­ւե­ցաւ  83-րդ ­թա­տե­րաշր­ջա­նին մեկ­նար­կը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Կասպից ծովու վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոր կարգավիճակին շուրջ եզերակից հինգ երկիրներուն միջեւ վերջերս ստորագրուած համաձայնագրին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան բանտէն դուրս գալէ վերջ երէկ Երեւանի մէջ պիտի սարքէր մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Քոչարեանի պաշտօնական գրասենեակը կը գործէ «Էրեբունի փլազա» համալիրէն ներս, ուր եւս նախատեսուած էր մամլոյ ասուլիսը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

Անգարայի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակով հիւրընկալեց Հայտար էլ Իպատին եւ Սերկէյ Լաւրովը:
Թուրքիա Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ ներկայիս ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի ներքինքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած «անսպասելի» փոփոխութիւններէն ետք յստակ է, որ նոր իշխանութիւններուն համար ալ կարեւագոյն օրակարգերէն մին պիտի հանդիսանայ Արցախի հիմնահարցը։ Բաւականին յստակ է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դիմաց ցցուած հիմնական հարցերը առընչուած են երկրի ընկերային-տնտեսական բարդ խնդիրներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Մեծամտութիւնը եւ անսխալականութեան մտայնութիւնը երբեմն քեզ ոլորապտոյտ ճամբաներէ, սաղարթախիտ տափաստաններէ, ելեւէջներէ ու խոչընդոտներէ կ՚առաջնորդեն՝ անուղղայ եւ մութ ճամբէքի մէջ ձգելով բանաւոր արարածդ։ Իսկ դուն, որպէս անփորձառու էակ, նմանակելով շատերու օրինակը, ինքնակամօրէն կը փորձես քալել այդ դարձդարձիկ ու վերջնակայան չունեցող ուղիներէն, փաստել դուն քեզ՝ ցոյց տալով ջանադրութիւնդ ու «քաջութիւն»դ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ «ա­րեւ»ն է միշտ յաղ­թա­կա­նը եւ յա­ւի­տե­նա­կա­նը՝ ճշմար­տու­թեան լոյ­սը եւ ար­դա­րու­թիւ­նը, եւ սէ­րը, եւ Ա­ւե­տարա­նը, եւ Աս­տուած, իր նկա­րագ­րին, իր բնու­թեան, իր ի­մաս­տու­թեան լիա­կա­տար յայտ­նու­թիւ­նո­վը յան­ձին Յի­սուս Քրիս­տո­սի։
Աս­տուած՝ ան­տե­սա­նե­լին Ինք­զինք կը յայտ­նէ տե­սա­նե­լի լոյ­սով, լոյ­սին աղ­բիւ­րով՝ ո­րուն մէջ կայ սէր եւ ի­մաս­տու­թիւն, եւ բո­լոր աս­տուա­ծա­յին մշտնջե­նա­ւոր եւ ա­նայ­լայ­լե­լի նկա­րա­գի­րը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018

ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութենէն ներս նորանշանակ դիւանագէտ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Արսէն Աւագեանն ու Նաղաշ Յակոբեանը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Թուրքիա բուռն ձեւով կը հակազդէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն եւ քայլերուն:
Տնտեսական համատարած զօրակոչ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը այսօր կ՚ընդունի Հայտար էլ Իպատիի եւ Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնները:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ոգեկոչեց հոգելոյս մարզիկներէն Մատթէոս Ժամկոչեանը։ Այս վերջինը պասքեթպոլի մէջ լուրջ ծառայութիւն մատուցած էր Շիշլի մարզակումբին ու մահացած՝ 1999 թուականին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ուղեկցութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի, 10 օգոստոս, ուրբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Անտիոք, ուր օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եւ շրջակայից հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկէնտէրունի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ Վաքըֆլըգիւղի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Լեզուի կոմիտէի նորանշանակ նախագահը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Դաւիթ Գիւրճինեան. «Մեր մտածելակերպին մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։ Արեւմտահայերէնը պէտք է ըլլայ բնական ներկայութիւն մը Հայաստանէ ներս»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Երրորդ պատուիրանը կ՚արգիլէ Աստուծոյ անունը ամէն ինչի մէջ գործածելէ, ինչ որ դէմ է այն խոր յարգանքին, որով պէտք է մեր սիրտը լեցուն ըլլայ: Այս պատուիրանը կ՚արգիլէ երդումի ժամանակ Աստուծոյ անունը գործածել՝ ստութեան համար, որովհետեւ երդուիլ, կը նշանակէ՝ վկայակոչել զԱստուած մեր խոստացած բանին համար:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան դիմատետրի միջոցաւ փոխանցեց այս տեղեկութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմանի ռազմաքաղաքական, ռազմական եւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը երէկ որոշեց ազատ արձակել Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ միջոցէ մը ի վեր կալանաւորուած էր։ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով մեղադրանք հասցէագրուած էր Ռոպերթ Քոչարեանին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Աքթաուի մէջ ստորագրուած համաձայնութիւնը կը բանայ նոր հորիզոններ:
«Կասպեան հնգեակ»ի ղեկավարներուն գագաթաժողովը դրական արդիւնքով եզրափակուած:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Մհեր Մարգարեան։ Այս նշանակումը երէկ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Չորս տարիներ առաջ այս օրերուն, ԻՇԻՊ («Իրաքի-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) կը յայտարարէր իր «խալիֆայութեան» հիմնադրման մասին։ Վերլուծաբաններուն համար «անծանօթ» համարուած այս խմբաւորումը, թէկուզ նորութիւն մը չէր, սակայն իր գործելաոճով «կը գերազանցէր» իրմէ առաջ ստեղծուած արմատական մօտեցումներով գործող բոլոր խմբաւորումները։

Էջեր