Արխիւ
Երեւանի Մոսկովեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին վերջերս զետեղուեցաւ հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանը:
Այս արձանը հոլանտահայերու նուէրն է Երեւանի հիմնադրութեան 2500-ամեակին առիթով:
«Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն» գիրքը դրուած է ընթերցողներու սեղանին։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները ամփոփուած են գիրքի մը մէջ:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ տեսակցելէ, Մաաս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարին հետ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Մուրատ Քուրում քննարկեցին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պետութեան միջոցներով վերանորոգման հարցը: Նախարարութիւնը կը նախատեսէ փութով կարգադրութիւններ ընել՝ գործնական աշխատանքին սկիզբ տալու համար: Նորին սրբազնութիւնը երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ:
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) հովանոցին տակ ստեղծուած «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ աշխատանքները կը հասուննան՝ Յարութիւն Շանլըի եւ Փրոֆ. Թորոս Ալճանի առաջնորդութեամբ եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի զօրակցութեամբ:
Պաքըրգիւղի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մասնագիտական աշխատաժողով մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին: տատեան վարժարանէն ներս համախմբուեցան մեր կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուները, որոնք հասարակաց ապագայ մը որոնելու ձեռնամուխ եղած են:
«Կրթական բարեփոխումներու նախաձեռնութիւն»էն Պաթուհան Այտակիւլի զեկուցումը ընկալուեցաւ հետաքրքրութեամբ:
«Համայնքը փորձաքարի մը առջեւ կանգնած է՝ հաւաքաբար գործելու ընդունակութիւնը վերաձեռքբերելու եւ այդպէսով առկայ խնդիրները աւելի դիւրութեամբ յաղթահարելու առումով»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
6 սեպտեմբեր 1831-ին ծնած բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն Խորէն Գալֆայեան նաեւ հոգեւոր հովիւ, կղերական, հայ մամուլի մշակ էր: Հայ մշակութային անդաստանին մէջ ան յայտնի է նաեւ Նար-Պէյ Լուսինեան անունով եւ իր ունեցած գնահատելի աւանդին հետ եղած է նաեւ հակասական կերպար մը, որուն անդրադարձած են իր ժամանակակիցները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախորդ գրութիւնով անդրադարձանք մեր Տիրոջ սորվեցուցած աղօթքի երրորդ նախադասութեան Աստուածաշնչական հասկացողութեան մասին: Այս գրութեամբ, պիտի տեսնենք, թէ Ընդհանրական եւ մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը ինչպէս մեկնած են այս խնդրանքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ Աստուծոյ կը մօտենանք, պէտք է Անոր մօտենանք իբրեւ Հայր՝ հօր մտերմութեան, անկեղծութեան մէջ։ Այս մտերմութեամբ պէտք է հայցենք Իրմէ շնորհք եւ օրհնութիւն եւ պարտինք սիրոյ եւ ներողամտութեան ոգի ունենալ մեր սրտին մէջ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն 31 օգոստոսին ընդունեց Փարիզի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Էլիզէի պալատին մէջ կայացած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ յաջորդ ամիս տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ Երեւան ունի առաջնահերթութիւններ:
Ռուսաստանի ռազմաօդային զօրքերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը. Սուրիոյ բանակին կողմէ ալ թնդանօթներ կ՚արձակուին :
Չավուշօղլու-Փոմփէօ հեռախօսազրոյց, Անգարա կը հիւրընկալէ Մաասը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի վերահասու դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ թրքական կողմի մօտեցումներուն:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը կը հիւրընկալուի Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով լուրջ վնասի ենթարկուած Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնման հարցերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբման» 75 անդամուհիները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս։
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Արամ Կիւլեիւզի թաղման կարգին:
Մշակոյթի փոխ-նախարարը ներկայ եղաւ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտի յուղարկաւորութեան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ գրող Ժուլէթ Պետրոսեան Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակած է արձակ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մը։ «Արեւանա՜լ, երկինքոտուե՜լ» խորագրեալ այս ժողովածոն վերջին ամիսներուն արժանացած է գրասէրներու հետաքրքրութեան։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Արձակուրդով Ալասքա երթալու ժամանակ, շաբաթ մը ծովու վրայ հաճելի օրեր անցուցինք ընտանիքս ու ես: Այդ շաբթուան ընթացքին, դիտումնաւոր, աշխարհէն կտրուած էի: Չէի ուզեր ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել: Շքեղ զբօսանաւուն վրայ, տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ մեր մոլորակին վրայ:
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Մեր նախորդ գրութեան մէջ ըսած էինք, որ մեզի կը ներկայանան երկու կարծիքներ, սակայն եւ այնպէս ի վերջոյ պէտք չէ տարակուսիլ, թէ Աւետարանը գրուած է Մարկոսի կողմէ։
Պէտք է նկատի առնել սակայն Մարկոսի աւետարանին վերջին տասներկու համարներուն վերաբերեալ խնդիր յառաջացած հարազատութեան հարցը (16.9-20), որ սուր վիճաբանութեանց խնդրոյ առարկայ եղած է Նոր կտակարանի մասնագէտներուն միջեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առաքինութիւն»ը՝ մարդկային այն ընդհանուր տրամադրութիւնը կամ յատկութիւնն է, որ միշտ կը ջանայ բարի գործել եւ չարէն խորշիլ։ Առաքինութիւնը հոգիին այնպիսի տրամադրութիւնն է, որ ամբողջ կեանքին ընթացք կու տայ, վարմունքներ կը ձեւաւորէ եւ մարդուս նկարագիրը կը բացայայտէ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Թարօ Քոնօ երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի հարցերը:
Հայաստան եւ Ճաբոն կը նախատեսեն յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը բարձրացնել:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Խրղըզիստանի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Թրքական խորհուրդի 6-րդ գագաթաժողովին:
Թուրքիա օրակարգի վրայ բերաւ առաջարկ մը՝ որպէսզի թրքախօս երկիրներու միջեւ առեւտուրը յառաջիկայ շրջանին կատարուի տեղական արժոյթներով: