Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղոււթեամբ շարք մը միջոցառումներու կը ձեռնարկուին՝ իրականացնելով թուային շուկայականութեան (մարքեթինկ) եւ ձեւաւորելով զբօսաշրջային արդիւնք։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդիպում մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հրաւէրով Պոլիս այցելած մասնագէտը Երեւան վերադարձին իր տպաւորութիւնները բաժնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ:
Յակոբ Չոլաքեան. «Ես զգացի, որ պոլսահայ կրթական մշակը պատասխանատուութեան առջեւ կը զգայ ինքզինքը ու միեւնոյն ատեն կը զինուի այդ մէկով»:

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան անդրանիկ ժողովը կարեւոր նշանակութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Կազմուած է դիւանը ու որդեգրուած՝ ճանապարհային քարտէս մը, գոնէ մօտաւոր կամ տեսանելի ապագային համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ա­ռա­ւօտ է:
Քու­նէս կ՚արթն­նամ… ու հանգս­տեան կո­չուած ըլ­լա­լով, ան­ցած օ­րե­րու ա­ճա­պա­րան­քով մը գոր­ծի եր­թա­լու տաղ­տու­կը գրե­թէ մոռ­ցած, օ­րուան մէջ ը­նե­լիք­նե­րուս հա­մար տար­բեր ձեւ ու ըն­թացք որ­դեգ­րելով, այն­քա՛ն հան­գիստ, նախ դէ­պի տան պար­տէ­զը նա­յող ա­պա­կեայ մեծ դուռն է, որ կը բա­նամ: 

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

ՅԱԿՈԲ ՔԷԼԷՇԵԱՆ

Մենք կ՚ապրինք այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, ուր երեւոյթները կը զարգանան կայծակնային արագութեամբ եւ լրատուական դաշտը նոյնպէս անոր մէկ մասն է։ Մարդկութեան պատմութեան մէջ եղած են տեղեկատուութիւն ստանալու եւ փոխանցելու ամենատարբեր միջոցներ, որոնք տարիներու ընթացքին չկատարելագործուելով՝ դուրս եկած են գործածութենէ, իրենց տեղը զիջելով աւելի մատչելի եւ ժամանակակից միջոցներուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մոլորած եւ դժբախտ աշխարհի մը վրայ, ամէն մարդ իր անիմաստ ու աննպատակ երազներէն տարուած՝ անորոշ կեանք մը կ՚ապրի։ Երջանկութեան կեղծ երեւոյթին տակ, ցանկասիրութիւնը իր ետեւէն կը քաշէ բազմաթիւ խաբուած ու մոլորած մահկանացուներ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շարականներու երգեցիկ խումբը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լեւատա-կեդրոն» ռուսական հետազօտական կազմակերպութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, Ռուսաստանի 5 բնակիչներէն մէկը (21 առ հարիւրը) կը կարծէ, որ վերջին շրջանին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քուէներ կը կորսնցնէ, երբ Անկելա Մերքէլի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը եւ նոյնիսկ կրնայ Ազատ-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն ակնկալել:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիշնեւ՝ մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ հանդիպման։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Գլխաւոր ընդդիմութեան կուսակցապետը երէկ հոծ բազմութեան խօսք ուղղեց՝ ներկայացնելով 10 պահանջ:
Քըլըչտարօղլու Մալթեփէի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքին ընթացքին արձակեց սպիտակ աղաւնիներ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Հանրապետութեան նախագահը տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Էրտողան-Թիլըրսըն երէկուան հանդիպումը զուգադիպեցաւ Մուսուլի ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներէն ազատագրման օրուան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Երեւանի մէջ աւանդական փառատօնի երէկուան հանդիսաւոր բացումը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ զետեղուեցան Ֆրունզէ Տովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սէրկէյ Իսրայէլեանի աստղերը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Եւ ոս­կե­փայլ պա­տի­ւը ա­նար­ժա­նին զուր տրուած». Շէյքս­փիր։
Ար­դա­րու­թեան սի­րա­հար­նե­րը ան­պայ­ման պի­տի յու­սա­խա­փուին այս աշ­խար­հի մէջ: Ի սկզբա­նէ այդ­պէս է. միշտ ալ ու­ժե­ղը  «ար­դար» է: Այլ խօս­քով՝ «մեծ ձու­կը կը կլլէ պզտիկ ձու­կը»: Դա­րուս վեր­ջին «ձուկ»ե­րէն է ՄԵ­ՏԻԱն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Է­փը­լ-ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Սթիվ Ճոպս ա­ռա­ջին այ­Ֆո­նը հրա­պա­րա­կեց Սան Ֆրան­սիս­քո­յի մէջ, 2007-ին:
Տա­սը տա­րի ա­ռաջ Յու­նի­սի վեր­ջին շա­բա­թը այ­Ֆոն-ը տա­րա­ծուե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու վա­ճա­ռա­տու­նե­րուն մէջ

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Նելսոն Փալոյեանը ծնած է Սանթիակօ, Չիլի: Ան երկրաչափ է եւ մասնագիտացած՝ համակարգիչներու մէջ: Ան մեծ եղեռնէն ճողոպրած երրորդ սերունդի հայ է: Կը խօսի եւ կը կարդայ հայերէն եւ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն՝ իր հայ ծնողքէն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեանի կարծիքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը վախնան «Սասնայ ծռեր»էն: Ազգագրագէտը այս կարծիքը յայտնած է Երեւանի մէջ գործող լրատուական ծառայութեան մը՝ նշելով նաեւ, որ հակառակ անոր, որ ինք ամբողջապէս համաձայն չէ «Սասնայ ծռեր»ու տարի մը առաջ կատարած գործողութիւններուն, որոշ դրական վերաբերում մը ունի զինեալներու գաղափարական մօտեցումին վերաբերեալ:

Էջեր