Արխիւ
Երեւանի մէջ աւանդական փառատօնի երէկուան հանդիսաւոր բացումը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ զետեղուեցան Ֆրունզէ Տովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սէրկէյ Իսրայէլեանի աստղերը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Եւ ոսկեփայլ պատիւը անարժանին զուր տրուած». Շէյքսփիր։
Արդարութեան սիրահարները անպայման պիտի յուսախափուին այս աշխարհի մէջ: Ի սկզբանէ այդպէս է. միշտ ալ ուժեղը «արդար» է: Այլ խօսքով՝ «մեծ ձուկը կը կլլէ պզտիկ ձուկը»: Դարուս վերջին «ձուկ»երէն է ՄԵՏԻԱն:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Էփըլ-ի հիմնադիրներէն Սթիվ Ճոպս առաջին այՖոնը հրապարակեց Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 2007-ին:
Տասը տարի առաջ Յունիսի վերջին շաբաթը այՖոն-ը տարածուեցաւ Միացեալ Նահանգներու վաճառատուներուն մէջ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նելսոն Փալոյեանը ծնած է Սանթիակօ, Չիլի: Ան երկրաչափ է եւ մասնագիտացած՝ համակարգիչներու մէջ: Ան մեծ եղեռնէն ճողոպրած երրորդ սերունդի հայ է: Կը խօսի եւ կը կարդայ հայերէն եւ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն՝ իր հայ ծնողքէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեանի կարծիքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը վախնան «Սասնայ ծռեր»էն: Ազգագրագէտը այս կարծիքը յայտնած է Երեւանի մէջ գործող լրատուական ծառայութեան մը՝ նշելով նաեւ, որ հակառակ անոր, որ ինք ամբողջապէս համաձայն չէ «Սասնայ ծռեր»ու տարի մը առաջ կատարած գործողութիւններուն, որոշ դրական վերաբերում մը ունի զինեալներու գաղափարական մօտեցումին վերաբերեալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ստիպուի ապրիլ զանազան դժբախտութիւններ՝ ցաւեր, վիշտեր, տառապանքներ. բնական երեւոյթ մըն է ասիկա, քանի որ սովորական եւ ընդհանուր է եւ չկայ մէկը, որ այդ ապրումները ապրած չըլլայ իր կեանքին մէջ՝ կարճ ժամանակ մը եւ կամ տեւապէս։
Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լեւատա-կեդրոն» ռուսական հետազօտական կազմակերպութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, Ռուսաստանի 5 բնակիչներէն մէկը (21 առ հարիւրը) կը կարծէ, որ վերջին շրջանին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են:
Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քուէներ կը կորսնցնէ, երբ Անկելա Մերքէլի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը եւ նոյնիսկ կրնայ Ազատ-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն ակնկալել:
Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիշնեւ՝ մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ հանդիպման։
Մայրիկէն նուէր ստացած ջութակին հետ, արդէն ութ տարիէ ի վեր, 20-ամեայ Շուշանիկ Մուրատխանեան անբաժան է։ Ջութակը իր հետ միասին շրջած է Հայաստանով եւ աշխարհով մէկ՝ մասնակցելով տարբեր մրցոյթներու եւ փառատօններու:
«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն ներս բացուած է «Ծնաւ մահկանացու, իր մասին թողեց անմահ յիշատակ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին։ Ներկայացուած են ծովանկարիչի յայտնի կտաւներու, լուսանկարներու արտատպումները՝ «Իններորդ ալիք», «Սեւ ծովը», «Նաւաբեկութիւն», «Ծովափ» եւ այլն։
Ատրպէյճան դիտումնաւոր ձեւով լարուածութիւնները կը հրահրէ Արցախի հետ շփման գծին վրայ:
Երէկ եւս շարունակուեցան հրադադարի խախտումները, որոնց հետեւանքով վիրաւորուեցան երեք հայ զինուորներ:
«G-20»ի գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ աննախընթաց բողոքի ցոյցերու մթնոլորտին մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Համպուրկի ծրագրի կարեւոր փուլերէն մին էր Տանըլտ Թրամփի հետ երէկուան կարճատեւ զրոյցը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
30 Յունիսի երեկոյեան, լիբանանեան բանակի յատուկ ստորաբաժանումներ նախայարձակ գործողութիւն մը կը կատարէին Արսէլ աւանի սուրիական գաղթականներուն ուղղութեամբ: Գործողութեան արդիւնքով կը ձերբակալուին 300-է աւելի սուրիացիներ, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կը մեղադրուէր ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) եւ «Ալ Նուսրա ճակատ»ի անդամակցութեամբ:
Գնալը կղզիի մէջ սկսան Թաքսիմ մարզակումբի 2017 թուականի ամրան դասընթացքները։ Կղզիի մարզադաշտին վրայ այս առթիւ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան դասընթացքի շուրջ քառասուն սաները։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան անցեալ շաբաթավերջին նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ Զէքիեան Գերապայծառ մատոյց հանդիսաւոր Ս. Պատարագը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքին համաձայն, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին, 6 Յուլիս, Հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Օտարին ջրաղացին մէջ ջուր լեցնելու եւ այդ օտար ջրաղացէն յագենալու երեւոյթը հայուն «հաւատարմագրուած» սովորոյթն է դարձած։ Սակայն այդ ջուրէն օգտուող-զոհը երբեք գիտա՞կցած է եւ ինքնիրեն հարց տուա՞ծ է, թէ այդ «քաղցրահամ» ջուրը զուլա՞լ է, ո՞ւր է անոր ակնաղբիւրը եւ որո՞ւ կը ծառայէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստութիւն է չգիտցածը գիտնալ, առաքինութիւն է՝ իր թերութիւնը ընդունիլ։ Արդարեւ, երբ մէկը կը կարծէ գիտնալ ամէն ինչ, գիտութեան մէջ քայլ մը չի կրնար յառաջանալ, քանի որ «սորվելիք ո՛չինչ ունի» կը կարծէ։