Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017

Պատրիարքարանի մէջ այս Չորեքշաբթի դարձեալ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի գործունէութեան նոր հունը որոշելու համար:
Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն՝ հաշուի առնելով, որ անոնք պիտի առընչուին Պէյքոզի միջոցներու արժեւորման հեռանկարներուն հետ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017

Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս Հինգշաբթի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամենարիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ այս երկկողմանի կարեւոր տեսակցութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւար տօնն է Խաչվերացը։ Տարուայ այս վերջին տաղաւար տօնը նուիրուած է Խաչին եւ կոչուած՝ Խաչվերաց։ Ինչպէս միւս տաղաւարներուն եւ տօներուն, այս տօնն ալ յիշատակն է պատմական եղելութեան մը՝ որուն վրայ հիմնուած է ան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Պէյրութի մէջ, 2017-ին լոյս տեսաւ Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. աղօթեցէք ինծի համար» հատորը, բաղկացած՝ 138 էջերէ: Գիրքը կը բացուի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի սրտի խօսքով:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, շատ հզօր մրրիկ մը պատահեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսին եւ Քարայիպեան ծովուն միջեւ: Իրմա անուանուած այս մրրիկը սկիզբը պարզ փոթորիկ մըն էր, ապա ան հասաւ վտանգաւորութեան 5-րդ աստիճանին, Սաֆիր-Սիմսընի սանդղակին վրայ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Մոսկուայի Յեղափոխութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ապրանքներու «Ոսկէ նուռ» փառատօնի բացման արարողութիւնը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ամենամեայ այս միջոցառումը կազմակերպուած է Մոսկուայի մէջ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Մոսկուայի Արտաքին տնտեսական ու միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի օժանդակութեամբ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ կրթական կեանքի պատմութեան վերաբերեալ գիրքի մը շնորհանդէսը։ «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ գիրքի հեղինակն է նախկին լրագրող Գէորգ Պիւյիւքյակոբեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Սուրիոյ ներքին պատերազմի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն վեցերորդ փուլը տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ հանդէս եկան կարեւոր յայտարարութիւններով, ըստ որոնց Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը պատրաստուին գործնական դերակատարութիւններով հանդէս գալ Սուրիոյ մէջ՝ դաշտի վրայ զարգացնելով կամ ընդլայնելով իրենց պատասխանատուութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Երեւանի եւ Ուաշինկթընի առեւտրական գործակցութեան զարգացման նպատակով նոր մտադրութիւն:
Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կ՚ընթանան յառաջիկային կրկնակի հարկումները ջնջելու ճանապարհով:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Լոնտոնի մեթրոյէն ներս երէկ տեղի ունեցած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ահաբեկչական այս դէպքը տեղի ունեցած էր Անգլիոյ մայրաքաղաքի հարաւ-արեւմուտքի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Խաչվերաց է այսօր։ Հասած ենք տարւոյն վերջին տաղաւարին։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը իր բառերով առ Քրիստոս կ՚աղօթէ ըսելով. «Որդի Աստուծոյ Աստուած ճշմարիտ, որ Հայրական ծոցէն խոնարհեցար եւ մարմին առիր Սուրբ Կոյսէն մեր փրկութեան համար. խաչուեցար, թաղ-ւեցար եւ յարութիւն առիր մեռելներէն, երկնքի եւ քու առջեւդ մեղանչեցի. երբ որ կու գաս արքայութեամբդ յիշէ զիս ինչպէս աւազակը»։ Այս բառերը իմաստ կը ներկայացնեն բոլոր անոնց, որոնք Քրիստոսը ճշմարտապէս ընդունած են որպէս Փրկիչ աշխարհի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կրթական մշակներու հաւաք՝ 2017-18 կրթական շրջանի վերամուտի սեմին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Գիտելիքն ու ուսումը միշտ ալ առաջնահերթութիւն եղած են մեր ժողովուրդին համար»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հակառակ անոր, որ Սուրիոյ պատերազմը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, միջազգային լրատուական աղբիւրներ սկսած են լուրեր տարածել այդ երկրի վերաշինութեան մասին: Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւող լրագրողներուն համար ալ բաւական աշխոյժ քննարկման նիւթ սկսած է դառնալ, թէ ո՛ր պետութիւնները կարեւոր բաժին պիտի ունենան այդ ծանրօրէն «վիրաւոր» երկրի վերակառուցման գործըթացին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

«Ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.14-15)։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017

Աշխարհահռչակ ծովանկարչի գործերով մեծագոյն ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի մէջ:
Այս յատկանշական ձեռնարկը ձօնուած է՝ մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան 200-ամեայ յոբելեանին:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017

Երեւանի Մատենադարանը հրատարակեց՝ իր հաւաքածոյէն ներս ի պահ դրուած ձեռագիրներու վերաբերեալ 9-րդ հատորը։ Այս գործը կ՚ընդգրկէ 11-19-րդ դարերու շուրջ 300 ձեռագրեր։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017

Թուրքիոյ հրեաներու «500-ամեակի» հիմնարկէն ներս ներկայիս տեղի կ՚ունենայ ցուցահանդէս մը։ «Komşu Kapısı Can Kapısı» անուանեալ այս խառն լուսանկարչական ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են նաեւ մեր համայնքէն երկու յայտնի անուններու գործերը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017

Պատրիարքական Տեղապատ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Գումգաբու տուած այցելութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառին ընկերացան Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հին աշխարհի իմաստասիրական տիտաններէն Պիսակոր կ՚ըսէ, թէ՝ աշխարհ հաստատուած է հակադիր ուժերու հրաշալի՜ ներդաշնակութեանը վրայ։ Արդարեւ, ո՛չ միայն անցեալին, այսօր, մեր ներկայ կեանքին մէջ ալ կը գտնուին այնպիսի հակադիր ուժեր, որոնք ներդաշնակ կերպով կը գոյապահպանեն ու կ՚ապահովեն կեանքի տեւականութիւնը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Ահմէտ Հաքան այսօր հանդէս եկած է ուշագրաւ խորհրդածութիւններով։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ օրակարգին վրայ բաւական աղմկայարոյց եւ զգայացունց իրադարձութիւն մը կայ։

Էջեր