Արխիւ
Երէկ, Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակութեան օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու տօնն էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի մէջ ծնած ու մեծցած Շահնուր Մինասեան 1999 թուականէն ի վեր հաստատուած է Պելժիա: Աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի եւ ներգրաւուած է տեղւոյն հայկական համայնքի կեանքէն ներս: Վերջին շրջանին Մինասեան քանիցս այցելեց Երեւան:
Երկրին կը մօտենայ 700 մեթր տրամագիծով երկնաքար մը, որ կը նմանի մարդկային գանկի: Այս մասին կը հաղորդէ «Սայընստէյլի» կայքը՝ մանրամասնելով, որ երկնաքարը մեր մոլորակին քովէն պիտի անցնի Նոյեմբեր 2018-ին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին դէպի Ֆրանսա այցի արձագանգները:
Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը՝ դիւանագիտական անձնակազմի մասին:
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Ամանորի ձօնուած երկու հաւաքոյթներով։ Այսպէս, Ուրբաթ երեկոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար նոր տարուան խրախճանք մը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին թաղի վարժարանը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան:
Պատրիարքական տեղապահը պատասխանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերջին յայտարարութիւններուն:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընտրութեան գործընթացին շուրջ տեսակէտները ներկայացուց news.am կայքէջին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածային ստեղծագործութիւնը մշտնջենաւոր «ծրագիր» մըն է, որ հետզհետէ կը շարունակուի եւ կը յառաջանայ դէպի կատարելագործութիւն։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը դատապարտող բանաձեւը որդեգրած 128 երկիրները շառաչուն ապտակ մը հասցուցին Թրամփին՝ մերժելով ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելու անոր սպառնալիքը, զոր քուէարկութեան նախօրեակին վերահաստատած էր՝ նշելով. «Թող մեզի դէմ քուէարկեն, եւ մենք մեծ գումարներ պիտի խնայենք, մեր հոգը չէ»:
Ֆրանսահայ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա վերջերս համագումարի մը մասնակցութիւն բերաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնակայանէն ներս։
«Արարատ» գիտութիւններու միջազգային ակադեմիոյ նախագահ Փրոֆ. Յակոբ Քըրքեաշարեանի կազմակերպութեամբ՝ Ասլիվա մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս կազմակերպուած Համաշխարհային գիտական 8-րդ համաժողովին։
«Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի գործունէութեան պաշտօնական մեկնարկը՝ Սիւնիքի մարզէն ներս:
Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որ ունի տարածքաշրջանային նշանակութիւն:
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջերս անդրադարձած է սփիւռքահայ երախտաշատ թատերական գործիչ, բեմարուեստի վարպետ Սեդի Գօչունեանին։ Յիշեալ թերթի համապատասխան համարը թէեւ մեզի հասաւ որոշ յապաղումով մը, սակայն հաշուի առնելով, որ Սեդի Գօչունեան թատերական աշխարհի տաղանդաւոր, սակայն անտեսուած նուիրեալ մըն էր՝ ստորեւ կ՚արտատպենք իրեն ձօնուած գրութիւնը, որու հեղինակն է Տքթ. Աւետիս Եափուճեան։ Հարկ է նշել, որ Սեդի Գօչունեան եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նուիրեալներէն։ Ապրած եւ ստեղծագործած է՝ նախ Եգիպտոսի, ապա Աւստրալիոյ մէջ։
Գալֆաեան Տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Ամանորի խրախճանք մը՝ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին կողմէ խումբ մը։ Կամաւոր հոգաբարձուներ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած խումբին մաս կազմեցին տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան, քանի մը աշակերտներ եւ կրթական մշակներուն կողմէ ներկայացուցիչներ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ թատերական երեկոյթ մը։ Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ թատերական ներկայացումը, որու ընթացքին հանդէս եկան յայտնի դերասաններ Սեւինչ Էրպուլաք եւ Ֆրատ Թանըշ։
Գումգաբուի մէջ արդէն ստեղծուած է Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն բնորոշ աւանդական մթնոլորտ։ Պատրիարքարանի տօնածառը վերջին օրերուն յարդարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Հայաստանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի ու պարի պետական համոյթը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 80-ամեայ յոբելեանը։ Արտասահմանի մէջ այս յոբելեանի շարժառիթով առաջին ձեռնարկը նախատեսուած է Իսթանպուլի մէջ՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթին նախաձեռնութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի Պարի պետական համոյթի եւ «Մարալ» համոյթի միջեւ կը շարունակուի համագործակցութիւն, որ կ՚ունենայ դրական պտուղներ, մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեք կարճ բառերով ամրացուած է FLY կազմակերպութեան անունը, որ բացի մարդասիրական աշխատանքներ իրականացնելէ, մարդկային առաքելութեան հաւատացող խումբ մը մարդոց մէկտեղումով սկիզբ առած նախաձեռնութիւն մըն է: FLY-ը, որ բառացիօրէն՝ Freedom Loving Youth նախադասութեան առաջին սկզբնատառերու ամփոփումն է, հիմնադրուած է ամերիկահայ Գարոլին Գուզուեան-Սամուէլեանի ճիգերով:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աստուածաշունչ մատեանը կը հաստատէ. որ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուեցան եւ Աստուծոյ կողմէ այս երկրի վրայ հաւասարապէս, միասնաբար բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուեցան (Հմմտ. Ծն 1,27-28): Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած: