Արխիւ
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ ընդունեց սփիւռքահայ մշակներ:
Դաստիարակչական փորձագիտութիւններու միջոցաւ մինչեւ Հոկտեմբեր պիտի ստեղծուի առցնց բաց հարթակ մը:
Ֆրանսայի մեծագոյն քաղաքներէն Լիոնի քաղաքապետ ընտրուեցաւ հայազգի 68-ամեայ Ժորժ Քեփենեքեան։ Այս որոշումը առնուեցաւ Լիոնի քաղաքապետարանի քաղաքային խորհուրդին կողմէ։
Միջնորդներու ջանքերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հաւանական է, որ նոր տեսակցութիւն մը ունենան յառաջիկայ աշնան:
Սերժ Սարգսեան. «Մասնաւոր ակնկալութիւններ չունինք այդպիսի հանդիպումներէն, բայց այդուհանդերձ մենք դէմ չենք որեւէ հանդիպման ու պատրաստ ենք մշտապէս»:
Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու ժողովներ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով։ Այս կապակցութեամբ տեղապահ սրբազան հայրը մեզի յայտնեց, որ քննարկուած են ընթացիկ հարցեր եւ Կրօնական ժողովի դիւանը պիտի հրապարակէ համապատասխան հաղորդագրութիւն մը։
Իսթանպուլի մէջ այս առտուան տեղատարափը տակնուվրայ ըրաւ կեանքը։ Քաղաքի բնակիչները յորդառատ անձրեւի հետեւանքով մեծ դժուարութիւններ ապրեցան առօրեայի տեսանկիւնէն։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ կառոյցի ծրագրերուն առընչութեամբ:
«Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը կ՚ընդգրկէ՝ բացի բուն եկեղեցական շինութիւններէն, հողամասեր, հիւրատուներ, խանութներ, դպրոցներ…
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» տասնչորրորդ միջազգային շարժանկարի փառատօնը հասաւ իր աւարտին:
Զանազան անուանակարգերու մրցանակները շնորհուեցան՝ հեղինակաւոր դատակազմերու որոշման հիման վրայ:
Թուրքիոյ մէջ Յուլիսի 15-ը այլեւս վերահաստատուած է՝ որպէս ժողովրդավարութեան գրաւական:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ծովածաւալ բազմութեան մը խօսք ուղղեց Իսթանպուլի մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կիներու իրաւունքներու համար պայքարող փաքիստանուհի Մալալա Եուսուֆզայ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում նուաճած է հայրենիքին մէջ յանուն կիներու կրթութեան իրաւունքի եւ այլ անարդարութիւններու դէմ պայքարելով, տեղեկացուց, որ աւարտած է դպրոցը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքը զինքը ուղղել»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արման Ջիլաւեան «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործադիր տնօրէնն է: Ինչպէս նաեւ «Ռուբէն Վարդանեան» հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդի եւ UWC Dilijan գոլէճի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, իսկ MEDIACRAT ընկերութեան համահիմնադիրն է:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր բոլորին ամէնօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը պատահին կասկածներ, որոնք կը դժուարացնեն կեանքը, եւ եթէ կասկածը ծայրայեղութեան աստիճանին հասնի՝ կեանքը մինչեւ իսկ անտանելի կը դառնայ։
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Ազգային տարազներու ցուցադրութեան մրցոյթ-փառատօն, որու նպատակն է նպաստել ազգային արժէքներու պահպանման: Այս մասին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչ, հասարակական գործիչ Էմիլ Մարկոսեան:
«Ռէօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Գանատա կ՚ուզեն իրենց միացեալ թեկնածութիւնը առաջադրել՝ հիւրընկալելու համար 2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը:
Այսուհետեւ ամէն Շաբաթ օր Հայաստանի քաղաքացիներն ու երկիր այցելած օտարերկրացի հիւրերը «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքէն ներս՝ մեծ պաստառի վրայ կրնան շարժապատկերներ դիտել: Այս մասին «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուցին Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրու պահպանութեան ծառայութենէն (ՊՈԱԿ), որու հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.
Աշխարհի մէջ խոշորագոյն ծրագրաւորման ուսուցման հայ-ամերիկեան SoloLearn բջիջային հարթակը յաղթած է Facebook ընկերութեան կողմէ տրուող FbStart Apps of the Year (FbStart-ի տարուան յաւելուածները) գլխաաւոր մրցանակին:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ամենամեայ եռօրեայ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018 թուականի Յունիսի 8-10 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի մէջ:
Եգիպտոսի Խուրկատա քաղաքին մէջ երէկ պատահեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, անծանօթ մը զբօսաշրջիկներու վրայ յարձակում մը գործեց պանդոկի մը համալիրէն ներս։
Մտաւորական ու բառարանագիր Սեւան Նշանեան երէկ խոյս տուաւ Ֆոչայի բանտէն։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկ առաւօտ ան Ֆոչայի բանտէն դուրս եկաւ արտօնեալ ձեւով։