Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ե­րի­տա­սար­դը կը պրպտէ տան գզրոց­նե­րը, պրպտում­նե­րուն մի­ջո­ցին ա­մէն ինչ դուրս կը թա­փէ, ներք­նազ­գեստ­ներ, հա­գուե­լիք­ներ, թուղ­թեր կը լե­ցուին սե­նեա­կին ա­մէն կող­մը: Խառ­նաշ­փոթ վի­ճակ մը ու­նի ան: Ի՞նչ է փնտռա­ծը ար­դեօք: Ձեռ­քին մէջ դրա­մա­պա­նակ­ներ կան, մէ­կիկ-մէ­կիկ կը զննէ զա­նոնք, կը շրջէ ու կը թօ­թուէ, թե­րեւս կո­պեկ մը իյ­նայ, յոյ­սի նշոյ­լի մը պէս լու­սա­ւո­րէ զինք: Սա­կայն ի զուր, դրա­մա­պա­նակ­նե­րուն մէջ ոչ կո­պեկ­ներ կան, ոչ ալ թղթադ­րամ­ներ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան անցեալ դիւանագիտական տարին ամփոփելով՝ քննադատութիւններ հասցէագրեց Պաքուին:
«Հայաստան պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները, որոնք այլընտրանք չունին»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Փիւ­նիկ» մար­դու­ժի զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մին մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ յու­շա­գիր մը, որ կը վե­րա­բե­րի «Մշա­կու­թա­յին կան­գառ» ծրագ­րին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, սոյն նա­խա­գի­ծը կ՚են­թադ­րէ ներ­կայ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան երկ­րի զա­նա­զան մար­զե­րէն ներս 426 մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Այս աշ­խար­հիկ կեան­քին մէջ ի՞նչն է կա­րե­լին եւ ի՞ն­չը՝ ոչ։ Ան­հա­սա­նե­լի, ան­գի­տա­կից, հա­րե­ւան կամ թշնա­մի սահ­ման­ներ թե­ւա­կո­խե­լու ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը ո­րո՞նք են որ կրնան ան­հա­տա­կան, ըն­տա­նե­կան կամ ըն­կե­րա­յին մար­զե­րու մէջ յայտ­նա­բե­րուիլ։ Թէ­կուզ ե­թէ հզօր ես միտ­քով, ֆի­զի­քա­պէս կամ նիւ­թով (ոչ բո­լո­րը միա­տեղ), այն ժա­մա­նակ թե­րեւս քե­զի կա­րե­լի թուի ա­մէն ա­րարք, ի­րենց պայ­ման­նե­րով եւ պա­րա­գա­նե­րով. եւ սա­կայն՝ ո՛չ միշտ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­գոյն աս­տուա­ծա­բան հայ­րե­րէն մին է Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիոս։ Օր մը իր ա­շա­կերտ­նե­րէն մին կը մօ­տե­նայ ի­րեն եւ կը հարց­նէ. «Ի՞նչ է քրիս­տո­նէա­կան ա­ռաջ­նա­կարգ ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը»։ Եւ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս կը պա­տաս­խա­նէ. «Խո­նար­հու­թի՛ւն»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

Լի­բա­նա­նա­հայ ներդ­րող­նե­րը կը ցան­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ տնա­յին հիւ­սուած­քի (home textile)՝ սր­բիչ­նե­րու, ան­ձե­ռո­ցի ար­տադ­րու­թիւն հիմ­նել: Հա­յաս­տա­նի Տն­­տե­սութեան զար­գաց­ման եւ ներդ­րում­նե­րու նա­խա­րար Սու­րէն Կա­րա­յեան, Յու­նուարի 27-ին, հան­դի­պած է լի­բա­նա­նա­հայ Նա­զա­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին հետ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

Պէյ­րու­թի «Թէ­քէեան» կեդ­րո­նին մէջ սկիզբ ա­ռաւ «Զար­թօնք»ի 80-ա­մեա­կին նուի­րուած ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ­-ի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ օ­րա­թեր­թի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, խմբա­գիր­ներուն, աշ­խա­տա­կից­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մտա­ւո­րա­կան ընտ­րա­նիի մը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

Հռո­մի մէջ իր ա­ւար­տին հա­սաւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ եւ Կա­թո­լիկ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան երկ­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին աս­տուա­ծա­բա­նա­կան միա­ցեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վին նստաշր­ջա­նը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, իր տե­սա­կին մէջ 14-րդ այս ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած էր նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէկ գու­մա­րեց 2017 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կուե­ցան Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Պեշ­թե­փէի հա­մա­լի­րէն ներս ժո­ղո­վը տե­ւեց շուրջ ութ ժամ, ո­րու ա­ւար­տին հրա­պա­րա­կուած պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցին մէջ հա­կազ­դե­ցու­թիւն հաս­ցէագ­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն՝ ա­ռանց ա­նուն տա­լու։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս պայմանագրերու ստորագրման արարողութիւն:
Ուսումնասիրութիւնները առաջնահերթ են՝ պետական քաղաքականութեան նոր մօտեցումներու համար:

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական այց մը տուաւ Թիֆլիզ:
Ըստ Եակլանտի, Վրաստանի բարեփոխումները կը պաշտպանուին Եւրոպական կառոյցներուն կողմէ:

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ յայ­տա­րա­րեց, որ Թեհ­րա­նի եւ Մոս­կուա­յի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը հան­դի­սա­նան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան կա­րե­ւոր գոր­ծօն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Թեհ­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն յղած պատ­գա­մին մէջ Ճե­ւատ Զա­րիֆ մատ­նան­շեց կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ւե­լի քան հինգ­դա­րեայ պատ­մու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Ատր­պէյ­ճան։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն նո­րոգ վախ­ճա­նեալ Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնն ու թա­ղու­մը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։ Վախ­ճա­նեալ սրբա­զան հօր մար­մի­նը ամ­փո­փուե­ցաւ Մայր Ա­թո­ռի միա­բա­նա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի անունով հանդիպում՝ ամերիկացի դիւանագէտներու հետ:
Դեսպան Ճոն Պեսսի եւ Աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիսի զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ Թորոս Ալճան:

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Ռեքս Թիլըրսըն կը նախատեսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ աշխատիլ՝ խաղաղութեան ու կայունութեան համար:

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի պաս­քեթ­պո­լի կազ­մը այս ե­ղա­նա­կին կ՚ար­ձա­նագ­րէ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Շիշ­լի­ցի­նե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րեք յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­ված են եւ ա­ռանց պար­տու­թեան կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ճա­նա­պար­հը։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

Յա­րու­թիւն Թո­րո­սեան ա­նու­նը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ա­րուես­տա­սէ­րը կը կամր­ջէ հայ­կա­կան ար­դի գե­ղան­կար­չու­թեան հետ: Լի­բա­նա­նէն մին­չեւ եւ­րո­պա­կան ոս­տան­ներ, Հա­յաս­տան եւ ով­կիա­նո­սէն ան­դին՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ա­նոր հռչա­կը ան­ցեալ դա­րու ուշ 50-ա­կան տա­րի­նե­րէն սկսեալ տա­րա­ծուած է նկար­չու­թեան աշ­խար­հին մէջ, ոչ միայն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաս­տա­կին շնոր­հիւ, այլ նաեւ իբ­րեւ ա­րուես­տի ու գե­ղան­կար­չու­թեան դա­սա­խօս-ա­րուես­տա­բան:

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

National Geographic-ի եւ Time ամ­սա­գիր­նե­րու աշ­խա­տա­կից, World Press Photo եւ Ռո­պերթ Կա­պա­յի ա­նուան հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ՝ Ճոն Շթէյն­մա­յէր, ան­ցեալ տա­րի Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով: Ան ան­ցեալ տա­րուան Մար­տին Կիւմ­րի քա­ղա­քին մէջ աշ­խա­տա­նոց մը վա­րած է զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ի­տա­լիա­յէն, Փոր­թու­գա­լէն, Լե­հաս­տա­նէն եւ այլ եր­կիր­նե­րէն ընտ­րուած խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար, ո­րոնք հե­տաքրք­րուած էին լու­սան­կար­չու­թեամբ:

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու՝ գլխա­ւոր, ա­մուր, կե­ցուածք մըն է՝ կա­յուն տրա­մադ­րու­թի՛ւն մը։ Ան սո­վո­րա­կան կա­տա­րե­լու­թիւն մը կ՚են­թադ­րէ, որ կը կա­նո­նա­ւո­րէ մար­դուս ա­րարք­նե­րը, կը կար­գա­ւո­րէ մարդ­կա­յին կիր­քե­րը եւ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ վար­քը ըստ բա­նա­կա­նու­թեան եւ հա­ւա­տա­լիք­նե­րու, ան­շեղ սկզբունք­նե­րու։

Էջեր