Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներէն Նարեկ Պալ վերջերս Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի համահայկական խաղերուն, որոնք կազմակերպուեցան 12-րդ անգամ։ Ճատրակի մրցաշարքի ծիրէն ներս, մինչեւ 15 տարեկաններու դասաւորման մէջ ան հանդիսացաւ երկրորդ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Էմիրկեան։ Միջնակարգի աշակերտներէն բաղկացեալ այս խումբը Էմիրկեանի ընդարձակ պարտէզին մէջ ունեցաւ հաճելի ժամանց։
ՀԱՅՃԱՐ վերջերս իրականացուց իր ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Սա ՀԱՅՃԱՐ-ի վեցերորդ շրջանի վարչութիւնն է, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ, Ս. Զատկի տօնին առթիւ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Իսկական սիրոյ սեղանի մը մթնոլորտին մէջ անցաւ հաւաքոյթը։
Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապալի վիճակին մէջ յայտարարութիւնները իրերու կը յաջորդեն:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան տեղեկցուց, որ ճնշումի տակ կը գտնուին մեր հոգեւորականաց դասուն անդամները: Համայնքի վարիչներուն դիրքորոշումը ընտրեալ-տեղապահի ակնկալութիւնները չէ արդարացուցած եւ պատճառ յառաջացած՝ յուսախաբութեան: Նորին Սրբազնութիւնը յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի մեկնի Գերմանիա:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Չկայ գոյակ մը այս երկնակամարին վրայ, որ «ճշմարտութեան» եւ «անաչառութեան» կողմնակիցը չէ։ Երբ հարց տաս շրջապատի մարդոցդ, որ ճշմարտութեա՞ն կամ ստախօսութեան կողմնակից են, ընդհանուր յայտարար-պատասխան մը կը ստանաս։ Բոլորն ալ «ճշմարտախօս» եւ «ճշմարտութեան» պաշտպաններն ու ջատագովներն են, որոնք ոգի ի բռին կը փորձեն կեղծամտութեան եւ կեղծպարիշտութեան քօղին տակ սուտը՝ ճշմարիտ, տգեղը՝ գեղեցիկ, յիմարը՝ իմաստուն, անյաջողակը՝ յաջողակ, ապիկարը՝ կարող, անուսը՝ ուսեալ, մեղաւորը՝ անմեղ, անգոյնը՝ երփներանգ ներկայացնել հանրութեան աչքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պուրճ Համուտի աղբանոցին «ծննդոց»ը
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Պէյրութը կը կիսուէր երկուքի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկու հազար տարուայ ցան մը՝ արմա՛տ մըն է քրիստոնէական հաւատքը, որ փոխեց մարդկութեան ամբողջ ընթացքը եւ էութիւնը։ Երկու հազար տարի առաջ Քրիստոս իր վարդապետութեամբ հին մարդը վերածեց նոր մարդու եւ նոր հոգիով, նոր միտքով օժտեց ու բարեփոխեց մարդկութիւնը։
Մարսէյլի մէջ վերջերս նշուեցաւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Խմբավար Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ այս երգչախումբը կը գործէ չորս տասնամեակէ ի վեր եւ իր նմաններու շարքին սփիւռքեան իրականութեան մէջ ունի շատ յաւակնոտ դիրք մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, իր ստեղծումէն ի վեր կը ջանայ հասնիլ կատարելութեան, աւելի եւս զօրանալ եւ աւելի անթերի ըլլալ ամէն տեսակէտով։ Արդարեւ, մարդ ստեղծուած է կատարելագործուելու՝ ինչպէս բնութիւնը տեւապէս բարշրջման ընթացքով կը բարեփոխուի, կը կատարելագործուի։
Երէկ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աղքատախնամ տիկնանց կազմը հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Աթագիւղի մէջ։ «Նոսսա-Քոսթա» ճաշարանին մէջ համախմբուեցան թէ՛ թաղեցի եւ թէ այլ զանազան թաղերէ փութացած համակիր տիկիններ։
«Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը, ի դէմս Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մէջ «Մայքրոսոֆթ»ի տարածաշրջանային գրասենեակի ղեկավար Ռոլանտ Պինքոֆսքիի եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, ի դէմս նախարար Լեւոն Մկրտչեանի, ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր:
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած է Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր համայնքի առանձնատուն մը եւս: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր ծրագրի մը եւս, որով նախատեսուած է վերանորոգել հաշմանդամներու տուները:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ սկսած է հենտպոլի (ձեռքի գնդակ) մարզահրապարակի կառուցման:
Երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ իր ընկերակիցները։ Ողջունելով հիւրերը՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց համահայկական այս կարեւոր կազմակերպութեան ազգանպաստ, ազգանուէր դարաւոր գործունէութիւնը։
«Հայաստան քայլերու պէտք է ձեռնարկէ իր անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար»:
Նախարար Վիգէն Սարգսեանի խօսքերով, տարածքաշրջանը չի կրնար ունենալ այլ ապագայ:
Հնդկաստանի փոխ-նախագահ Համիտ Անսար կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան կը պատրաստուի ձեռնարկել դէպի Հայաստան եւ Լեհաստան շրջագայութեան մը, որուն առաջին փուլը պիտի հադիսանայ Երեւան։ Հնգօրեայ այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Համիտ Անսար Ապրիլի 24-ին պիտի գտնուի Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, 16 Ապրիլի հանրաքուէի արդիւնքները կը վիճարկուին երկրի ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ։
Շաբաթավերջի նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ֆրանսայի մէջ դարձեալ ահաբեկչութիւն:
Շան զ՚Էլիզէի աշխարհահռչակ պողոտային վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն ոստիկան մը սպաննուեցաւ, երկու ալ վիրաւոր:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին յառաջիկայ շրջանին նոր թափ մը տալ իրենց բազմակողմանի համագործակցութեան:
16-17 Մայիսին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի այցելէ Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան երդիքին տակ պիտի տեսակցի Տանըլտ Թրամփի հետ: