Արխիւ
Իրան եւ Ատրպէյճան կը պատրաստուին հիմնել քարիւղի համատեղ ընկերութիւն մը։ Կը հաղորդուի, որ այս ընկերութեան նպատակը պիտի ըլլայ արժեւորել Կասպից ծովու շարք մը քարիւղի եւ բնական կազի պաշարները։
«Մխիթարը եւ մխիթարեանները. Քրիստոնէական լուսաւորութեան դպրանոցը» միջազգային հաւաքոյթ:
Մայր Աթոռէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան հանդէս եկան զեկուցումներով:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, սանուց միութեան պատուոյ նախագահ Թագուհի Մաթաթեան, ինչպէս նաեւ տիկնանց կազմէն Անի Քարաքելլէ եւ Մանիշակ Ույկունօղլու։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները վերջին օրերուն այցելեցին Այվալըք եւ Ճունտա կղզի։ Խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, որու կողքին էին ուսուցչական կազմէն Երանուհի Պալճը եւ Անիլտա Մենեքշէ։
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցեցան իւրաքանչիւր համայնքային դպրոցէ երեքական սաներ։
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Գահիրէի մէջ մասնագէտներու կողմէ խոշորացոյցի տակ առնուեցան Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեք շաբաթ Հայաստանը լարումի մէջ պահած քաղաքական-քաղաքացիական շարժումը ուշադրութեան կեդրոն կը դառնար նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներուն:
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կոչուած է նաեւ Սրբոյն Գրիգորի ժողով, Դուինի Ս. Գրիգորի Կաթողիկէին մէջ գումարուած ըլլալուն համար։ Գումարուած է 554 թուին Մարտ 29-ին, Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի Կաթողիկոսի օրով, «ընդդէմ քաղկեդոնականներու», ինչպէս նաեւ նեստորականներու գտած համարձակութեան առաջքը առնելու համար
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն «հին էջեր» թղթատել, անբացատրելի գոհունակութեան պատճառ կը դառնայ՝ նախ մարդ կրնայ բաղդատել հինը եւ նորը, անցեալը եւ ներկան, յետոյ կերպով մը ինքզինք կը ճանչնայ եւ ամենէն կարեւորը՝ իր երախտապարտութեան տուրքը կը վճարէ մասամբ, իր անցեալի երախտաւորներուն հանդէպ։ Այս իմաստով օգտակար է, նոյնիսկ անհրաժե՛շտ յիշել՝ անցեալը, անցեալի իրադարձութիւնները, դէմքերը եւ հաստատութիւնները։
Երէկ, մեր համայնքէն ներս տեղի ունեցան երկու եզակի համերգներ։ Մեծն Կոմիտաս վարդապետին ձօնուած նուագահանդէսները արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Պատգամաւորական ժողովը երէկ նոր թեմակալ առաջնորդ ընտրեց Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆինտիքեանը, որ պիտի յաջորդէ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ:
Պատրիարքարանը հետամուտ է գործնական լուծումներ գտնել՝ ընտրացուցակներու կատարելագործման համար:
Մխիթարեան վարժարանի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Վիեննա։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ այս պտոյտը, որմէ խորապէս տպաւորուեցան աշակերտները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ, բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ», (ՅՈՎՀ. Ժ 7-9)։
Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքը այս շրջանին ցնցումի մէջ է խառն ամուսնութեան մը հետեւանքով։ Tert.am կայքէջի հաղորդումներով, Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Աղատատաշ Քերիմովի դուստրը ամուսնացած է ազգութեամբ հայ երիտասարդ գործարարի մը հետ։
Թուրք զինեալ ուժերը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս կը շարունակեն աշխատանք ծաւալել Աֆրինի մէջ։ Անոնք մասնաւորապէս կ՚իրականացնեն խուզարկման աշխատանքներ։
Հայկական մարզական աշխարհը այս օրերուն կը տօնախմբէ Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութեան ծիրէն ներս հայ մարզիկներու ապահոված փայլուն արդիւնքը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին օրերուն ոսկէ մետայլներ նուաճեցին Արթուր Ալեքսանեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան։
Անգլիական BBC-ն ուշագրաւ եւ իսկապէս հետաքրքրական նիւթ մը ներկայացուց Հայաստանի մասին։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ BBC-ի նիւթին, ուր ներկայացուեցաւ Հայաստանի մասին վեց առանձնայատկութիւն։
Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի աւելի քան մէկ երրորդը ստորագրութիւն տուաւ Նիկոլ Փաշինեանի համար:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան միշտ շփման մէջ է օտարերկրեայ շրջանակներու հետ: Քրեմլին յոյս յայտնեց Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դաշնակցային բնոյթով յարաբերութիւններու տեւականացման ուղղութեամբ: Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով հերթական անգամ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ:
Պողազիչի համալսարանի Գրականութեան ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ:
Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած YANYANA ծրագրին զուգահեռ տեղի ունեցած ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Արա Գօչունեան, Իվօ Մոլինաս եւ Միխայիլ Վասիլիատիս: Հաւաքոյթը վարեց յայտնի լրագրող Պուրճու Քարաքաշ: